Նորընտիր Խորհրդարանին Մէջ Կին Պատգամաւորներուն Թիւը Աւելցած է


“Womennet”,- Յունուար 14ին, ժամը 10:00ին պիտի գումարուի եօթներորդ գումարման Ազգային Ժողովի անդրանիկ նիստը, յայտարարեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։ Ան նաեւ հաստատեց իրենց իրաւագիրէն հրաժարած պատգամաւորներու թեկնածուներու  դիմումները: Պատգամաւորի իրաւագիրէն հրաժարած են ընդհանուր 20 թեկնածու։ «Իմ Քայլը» դաշինքէն ինքնաբացարկ յայտնած են գործադիր մարմնի անդամներ: Օրէնսդիրի մաս  չեն կազմեր վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը, նախարարներ` Սուրէն Պապիկեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Յակոբ Արշակեանը, Էրիկ Գրիգորեան, Ֆելիքս Ցոլակեանը եւ այլք:

Յիշեցնենք, որ  նոր Ազգային ժողովը կ’ունենայ 132 պատգամաւոր:  «Իմ Քայլը»  դաշինքը կ’ունենայ 88, «Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն»ը՝ 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը` 18 պատգամաւոր:

 Նորընտիր Ազգային Ժողովի 132 պատգամաւորներէն 32ը կամ 24 տոկոսը  կանայք են: Համեմատութեան համար նշենք, որ նախորդ գումարման Ազգային Ժողովի 105 անդամներէն 19ը կամ 18 տոկոսը կանայք էին:

 «Իմ Քայլը» դաշինիքի 88 պատգամաւորներէն 23ը  կանայք են (26%),

 «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան 26 պատգամաւորներէն 5ը կամ 19 տոկոը կանայք են։

  «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան 18 պատգամաւորէն 4ը՝ կամ 22.2 տոկոսը։

Նկատենք նաեւ, որ այս ընտրութիւններուն համամասնական ցուցակներու ընդգրկուած 1444 թեկնածուներուն 32 տոկոսը եղած են կանայք: Յիշեցնենք, որ Ազգային Ժողովի տեղերուն կէսը կը յատկացուի տարածքային (ռեյտինգային) ցուցակներով առաջադրուած թեկնածուներու հաւաքած քուէներու համապատասխան, իսկ միւս կէսը համամասնական ցուցակներու հերթականութեամբ: Ընտրական օրէնսգիրքով սահմանաւած տեղերու չափով կանանց ներկայացուածութիւնը ապահոված է միայն «Իմ Քայլը» դաշինքը:   

Մինչեւ նորընտիր Ազգային Ժողովի առաջին նիստը, Յունուար 10ին Օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ նորընտիր պատգամաւորներու իրաւագիրներու յանձման արարողութիւնը։