Նոր Կեանք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին Խոնարհուած Ծաղիկներուն


Ս․Ս

Ապրիլ 24ին հարիւր հազարաւոր հայորդիներ կը բարձրանան Ծիծեռնակաբերդի բարձունք՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին։  Խոնարհուած ծաղիկները մէկ երկու օր ետք կը թոշնին ու ․․․կը մեռնին։  9 տարի առաջ՝ այդ ծաղիկներուն նոր կեանք տալու միտք յառաջացաւ. այդ թուականէն ի վեր ամէն տարի, Ապրիլ 24էն քանի մը օր ետք, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին տեղի կ՛ունենայ «Ծաղկահաւաք»ը։

Ծաղիկներու հաւաքելու աշխատանքը նախաձեռնած են ՀԲԸՄ Հայաստանի սկաուտական խումբը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համատեղ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկաւուտները արդէն այնտեղ են։ Անոնք նախապատրաստական աշխատանքները կը համակարգեն։ Կը բերուին կողովներ, դոյլեր, կը տեղադրեն սեղաններ, ուր պիտի հաւաքուին ծաղիկները՝ տեսակաւորուելու զանոնք ։ Կամաց-կամաց Ծիծեռնակաբերդի տարածքը կը դառնայ մարդաշատ՝ ուսուցիչներու եւ ծնողներու ուղեկցութեամբ դպրոցականներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, համալսարանականներ, կամաւորներ։ Մեծ մասամբ երիտասարդներ եւ փոքրիկներ։ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան եկած տարբեր ազգի զբօսաշրջիկներ ականատես կ՛ըլլան այս եռուզերին։

Միջոցառումը կը սկսի անմառ կրակին մօտ՝ Տէր Հօր աղօթքով եւ դպրաց դասի հոգեւոր երգերու կատարողութեամբ, որմէ ետք կ՛ազդարարուի աշխատանքին մեկնարկը։ Փոքրիկները աշխուժօրէն անմառ կրակին մօտէն բուռ-բուռ ծաղիկները գրկելով կը տանին դուրսը զետեղուած սեղաններուն վրայ։ Հազիւ 7ամեայ Արմէնին հարց կու տամ իր մասնակցութեան պատճառին մասին, կ՛ըսէ՝ «Եկել ենք մեծերին օգնելու։ Շատ հաւես գործ է»։ Այլ փոքրիկ մը կ՛ըսէ՝  այս ծաղիկները ցեղասպանութեան նահատակներուն համար են, մենք կ՛օգնենք զանոնք հաւաքելու։ Անմար կրակին մօտէն ծաղիկներ կը բարձրացնէ նաեւ փոքրիկ Լեւոնը։  «Կակաչների գլուխները պիտի պոկենք, յետոյ` լցնենք դոյլի մէջ: Դժուար աշխատանքն եմ ընտրել, որովհետեւ ես աշխատասէր եմ», կ՛ըսէ ան:

Կազմակերպուող ծաղկահաւաքը կարծես թէ դարձած է Ապրիլ 24ի ոգեկոչման բնականոն շարունակութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով խոնարուած ծաղիկները այս նախաձեռնութեամբ նոր կեանք կը ստանան՝ դառնալով պարարտանիւթ Ծիծեռնակաբերդի Յիշողութեան պուրակի հողին ու ծառերուն, իսկ ծաղկաթերթիկներէն կը պտրաստուին բացիկներ,  յուշագիրներ, շնորհակալագիրներ։

Այս նախաձեռնութիւնը կը մէկտեղէ պոկուած ծաղիկներուն երկրորդ կեանք հաղորդելու խորհուրդը եւ բնապահպանական` վերամշակման միջոցով կրկին օգտագործելու առաքելութիւնը:

Մէկ կողմէն տեղի կ՛ունենայ խոնարհուած ծաղիկները հաւաքելու գործողութիւնը, միս կողմէ նոր խումբ-խումբ մարդիկ՝ մեծ ու փոքր, իրենց ձեռքին ծաղիկներ կը մօտենան Անմառ կրակին՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու։

«Այս ծաղիկները նման են մեր ազգին: Անոնք պոկուած են հողէն, սակայն պիտի շարունակեն ապրիլ և յուշել, որ աշխարհը դատապարտէ անմարդկայինը: Վերամշակուած թուղթին վրայ երեւցող ծաղկաթերթիկները լուռ դեսպան պիտի ըլլան` պարտադրելով չլռել», քանի մը տարի առաջ ըսած էր այս նախաձեռնութեան հեղինակներէն Վիվասել-ՄԹՍի գլխավոր տնօրէն Ռալֆ Իրիկեանը: