Նոր Տարուան եւ Ս․ Ծնունդի Տօնակատարութիւն՝ «Արարատ» Ծերանոցէն Ներս


“Արարատ” ծերանոցի ծերունիները՝ իրենց այցելութեան եկած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մանկական երգչախումբի անդամներուն եւ Տէր Տաթեւ Քհն.Միքայէլեանի հետ

ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբը, ինչպէս ընդունուած է ամէն Ամանորի նախօրեակին, այս տարի եւս առիթը ստեղծեց այցելելու “Արարատ” ծերանոցի մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք մասնակից դարձուց նոր տարուան եւ Ս Ծնունդի տօնակատարութեան։

Բոլորը, անխտիր, հաւաքուած էին սրահը եւ պատրաստ կը սպասէին ծրագրին։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի երեխաներու երգչախումբը, գլխաւորութեամբ` Տէր Տաթեւ Քհն.Միքայէլեանին։ Անոնք տօնական եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին՝ իրենց մատուցած ամանորի նուիրուած ճոխ երգերով։

Ներկաները յուզումի եւ ուրախութեան պահեր ապրեցան՝ վայելելով երեխաներուն հրաշալի մեկնաբանութիւնները։ Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Տէր Հայրը հաղորդութիւն բաժնեց ծերունիներուն՝ իր օրհնութիւնը տալով բոլորին, ապա ներկաները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը։

Աւարտին կաղանդ պապուկը այցելեց եւ բոլորին ուրախացուց պատշաճ նուէրներով։

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի երեխաներու երգչախումբը՝ Նոր Տարուան եւ Ս․ Ծնունդի երգեր կը կատարէ

 

Կաղանդ Պապան նուէրներով կ՛ուրախացնէ ծերունիները