Շատ Միրգ Կերէք, Խնձոր եւ Սալոր. Խորհուրդ Կու տայ Արցախցի 110 Տարեկան Տատիկը


«Նիուզ»․- Ղարաբաղեան հողը հռչակաւոր է ո՛չ միայն իր սքանչելի բնութեամբ, հնադարեան յուշարձաններով, բարեբեր հողով, այլ նաեւ՝ երկարակեացներով:

2018ի Փետրուարի տուեալներով` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՝ապրի 100 տարեկանը անց 16 մարդ։ Ամենատարեցը` 110ամեայ Արեւհատ Սարգսեանը, կը բնակի Թաղավարդ գիւղին մէջ: Անոր այցելած են լրատուամիջոցի թղթակիցները եւ գրած.-

«Մեր այցելութեան պահուն Արեւհատ տատիկը տունը չէր: Չծրագրած հիւրերը դիմաւորեցին տնեցիները` հարսերն ու ծոռները: Շուտով յայտնուեցաւ նաեւ ինքը` այցելութեան «մեղաւորը»: Սեւ գլխաշորով ու գոգնոցով փխրուն կին է: Դժուար կեանքի երկար տարիները իրենց հետքը ձգած են, սակայն չեն փոխած լուսաշող, մանկականօրէն ուրախ ժպիտը:

«Արեւհատ տատիկի հետ զրուցելը հաճելի է, բայց դիւրին չէ: Ղարաբաղեան բարբառը, որ շատ դժուարահասկնալի է, շռայլօրէն համեմուած է տեղական բառերով եւ արտայայտութիւններով: Կը փորձեմ տատիկէն նրբանկատօրէն իր մասին հարցուփորձ ընել, սակայն 10 վայրկեանէն ընդմիջում կը խնդրեմ եւ՝ «թարգմանիչ»:

«Հարսի` Սթելլայի միջոցով կը պարզուի, որ Արեւհատ տատիկի 110 տարեկանը լրացած է Յուլիս 1ին: Մէկ դարէն երկար տեւած կեանքը եղած է դժուար, ծանր, ձեռքբերումներով եւ կորուստներով լի: 17ամեայ Արեւհատը ամուսնացած է հինգ զաւակներու հայր՝ այրի Ղազարի հետ: Պատանի Արեւհատը իր առաջնեկը ունեցած է, սակայն որոշ ժամանակ անց՝ Ղազարը մահացած է: Արեւհատը չէ ձգած հարազատ դարձած օտար զաւակները: Քանի մը տարի ետք՝ Արեւհատը ամուսնացած է երկրորդ անգամ: Եւ դարձեալ այրիի հետ, որ ունէր վեց զաւակ: Զոյգը ունեցած է երեք զաւակ: Երկրորդ ամուսինի մահանալէն ետք՝ Արեւհատը մեծցուցած է 15 զաւակ` իմս եւ քուկդ տարբերութիւն չդնելով: Արեւհատը երկար տարիներ հիւանդանոցի մէջ աշխատած է: Ընդհանրապէս վերապրած կեանքի մասին տատիկին հարցուփորձ ընելը վէրքերու փորփրում է: Այս կամ այն բանի մասին պատմելու ընթացքին՝ Արեւհատ տատիկը պարբերաբար կը կրկնէ` «չեմ ապրած, այլ տանջուած եմ», եւ աչքերը արտասուքով կը լեցուին: Հարցը, թէ տատիկը, այնուամենայնիւ, քանի՞ թոռ ու ծոռ ունի, անպատասխան մնաց: «Հարիւրէն աւելի», ամփոփեց Սթելլան:

«Եւ, այնուամենայնիւ, աչքերու խորամանկ փայլն ու ժպիտը կը մատնեն շրջապատի հանդէպ աշխոյժ հետաքրքրութեան մասին: «Միայն թէ վատ կը տեսնեմ ու կը լսեմ», կը բողոքէ տատիկը: Ան նրբագեղ մատներով փոքրիկ ձեռքով կը վերցնէ սուրճի գաւաթը: Պարզուեցաւ` տատիկը սուրճ եւ լաւ գինի կը սիրէ: «Իսկ ծխել փորձա՞ծ էք», կը կատակենք մենք: «Վայ, վայ», կը զայրանայ Արեւհատ տատիկը:

«Տնեցիներուն խօսքով` տատիկը սնունդի տեսակետէ ընդհանրապէս զուսպ է: Մեծ մասամբ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն կ՝ուտէ, միս չի սիրեր, իսկ երշիկ եւ նրբերիշկ բերանը չի դներ: «Շատ միրգ կերէք, խնձոր եւ սալոր, չիր, առողջութեան համար օգտակար է», խորհուրդ կու տայ Արեւհատ տատիկը: Վատթարացած տեսողութիւնը տատիկին թոյլ չի տար մանր աշխատանք կատարելու, գործելու կամ կարելու, սակայն աշխուժօրէն՝ իր ուժերու սահմաններուն մէջ՝ հնարաւոր ամէն ինչ կ՝ընէ տան եւ այգիին մէջ: Կը սիրէ մէկ-երկու բառ փոխանակել հարեւան ընկերուհիներու հետ:

«Արեւհատ տատիկը հիւրերը ճանապարհեց մուտքի սանդղահարթակին: Եւ մինչ մենք դէպի դարպասները կ՝երթայինք, կանգնած էր աստիճաններուն, կը ժպտէր եւ մեր հետքէն ձեռքը կը թափահարէր:

«Ստեփանակերտի ճանապարհին մեզմէ իւրաքանչիւրը մտքերու մէջ էր, որոնցմով համակուած էր Արեւհատ տատիկի հետ հանդիպումով: Համաշխարհային առաջին պատերազմ, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմ, մարդու կողմէ Տիեզերքի նուաճում, Արեւհատ տատիկը եղած է ամբողջ դարու մը իրադարձութիւններու ականատեսը:

«Արեւհատ տատիկ, առողջութիւն քեզ»: