Շնորհակալութիւն «Խոստում» Ֆիլմին․ Human Rights Watch


Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստում» ֆիլմը ստեղծողներուն:

«Շնորհակալութիւն Էրիկ Իսրայէլեանին եւ «Խոստումը» ֆիլմին` ամենասարսափելի յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ Human Rights Watchի աշխատանքներուն աջակցելու համար», ըսուած է կազմակերպութեան պլոկին մէջ:

Յիշեցնենք, որ «Խոստումը» ֆիլմը Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի սկսի ցուցադրուելու  Ապրիլ 21ին:

Ֆիլմին բեմադրիչը Թերրի Ճորճն է, որ նաեւ «Ռուանտա հիւրանոց» յայտնի ֆիլմին հեղինակն է: «Խոստում»ի արտադրողը Քըրք Քըրքորեանն է, իսկ երաժշտութիւնը գրած է Սերժ Թանգեան: Արտադրողներէն մէկն ալ Էրիկ Իսրայէլեանն է:

Ֆիլմի դերասաններն են՝ Քրիսթիան Պէյլ, Օսքար Այզեկ եւ Շարլոթ լը Պոն: