Շնորհանդէս՝ «Թուղթ առ Երեւան»ի Անգլերէն Հրատարակութեան. Letter to Yerevan


Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրատարած յանձնախումբը Ռուբէն Ճանպազեանի հետ:

Պէթթի Փանոսեան Մինասեան

Սովետահայ բանաստեղծ Գէորգ Աբովի «Մենք չենք մոռացել» պարսաւագիր-բանաստեղծութեան որպէս պատասխան՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» գիրքի անգլերէնի թարգմանութեան շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 15 Մարտ, 2019ի երեկոյեան, Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս` հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։

1944 թուականին գրուած եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերն ու դէմքը նսեմացնելու միտում ունեցող կարճ բանաստեղծութեան մը յանդուգն ու իրապաշտ անդրադարձն էր Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» գրքոյկը, որուն անգլերէնով առաջին թարգմանութիւնն էր, որ կ՛իրագործէին գիրքի թարգմանիչներ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան եւ Ռուբէն Ճանպազեան։ Ուշագրաւ եւ եզակի թարգմանական այս աշխատանքի հեղինակները, առիթ ընծայեցին, որ գիրքի բովանդակութիւնը հասանելի ըլլայ յատկապէս նոր սերունդին համար, որոնք մայրենիին լաւ չեն տիրապետեր։

Ձեռնարկի հանդիսավար՝ Վարագ Պապեան, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքի թագմանիչներէն թորոնթոհայ նոր սերունդի ներկայացուցիչ՝ Ռուբէն Ճանպազեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, նշելով որ ան ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի պաշտօնաթերթ «Armenian Weekly» շաբաթաթերթի ընդհանուր խմբագիրի պաշտօնը վարած է։ Ան աւելցուց, որ Թորոնթօ ծնած  Ռուբէն՝ հասակ առած էր այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր ստացած էր հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւն եւ հայրենիքի հանդէպ սէր ու նուիրում, հետեւաբար զարմանալի չէր, որ ան համարձակութիւնը ունեցած էր պատասխանատու այս գործը կատարելու։

Թարգմանական այս աշխատանքին ներկայացումը վիճակուած էր Լիբանանի եւ Թորոնթոյի մէջ երկար տարիներու ուսուցչական վաստակ ունեցող Մուշեղ Գարագաշեանին, որ նոյնինքն Ռուբէնի աշակերտական օրերուն անոր մէջ հայենիքի հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն արթնցնող ու հայերէն լեզուի անդաստանին մէջ անոր յետագայ քայլերը առաջնորդող ուսուցիչն ու խորհրդատուն եղած էր։ Շեշտելով այս առթիւ  զգացած իր հպարտանքն ու ուրախութիւնը, Գարագաշեան ընդգծեց, որ տուեալ գործը եզակի ու յատկանշական աշխատանք է, որովհետեւ հակառակ թարգմանական աշխատանք ըլլալուն, այնտեղ առկայ է բնագրի ոգին՝ որ կը մարմնաւորուի հայրենիքի հանդէպ կարօտի գաղափարով, աւելցնելով  նաեւ, թէ հեղինակները յաջողած են պահել երկու լեզուներու առանձնայատկութիւնները առաւել եւս արժեւորելով զայն։ Ապա, Գարագաշեան ամփոփ սակայն յստակ մեկնաբանութեամբ ներկայացուց այդ շրջանի քաղաքական եւ գաղափարական իրավիճակը, յիշելով այդ օրերուն Դաշնակցութեան կրած հալածանքներն ու դաշնակցական ըլլալու մեղադրութեամբ՝ զոհուած տաղանդաւոր գրագէտները։

Ան «երախտաշատ եւ շնորհալի»  որակեց այս գործը, մանաւանդ նոր սերունդին համար. շնորհաւորեց թարգմանիչը, ՀՕՄի վարժարանը, Հայ Կեդրոնը եւ ձեռնարկը կազմակերպողները մատնանշելով, որ դարերու ընթացքին թարգմանական աշխատանքները եղած են հայ մշակոյթի հիմքը։

Տեսերիզով իր մասնակցութիւնը բերաւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան, փոխանցելով իր սրտի խօսքը եւ շնորհաւորելով Ռուբէն Ճանպազեանը, աւելցնելով, որ այս գիրքը կը ցոլացնէ Սփիւռք Հայաստան բաժանումի ցաւը, որմէ ծնունդ առած է պայքարի պահանջքը։

Յաջորդ բաժինով գիրքէն հատուածներ ընթերցեցին ՀՕՄի Լափոյեան երկրորդական վարժարանէն աշակերտներ եւ Ս. Զաւարեան մասնաճիւղէն պատանիներ՝ հայերէնով եւ անգլերէով։

Ռուբէն Ճանպազեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան այս գործին յաջողութեան համար, յաջորդաբար յիշելով գիրքի զոյգ խմբագիրները, գեղանկարիչը, կողքի ձեւաւորողը, Պրն. Գարագաշեանը, Վարագ Պապեանը, ՀՅԴ Ս. Թեհլիրեան Կոմիտէութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղը, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրատարած յանձնախումբը, ընտանիքի անդամները եւ գիրքէն հայերէնով եւ անգլերէնով մէջբերումներ ընթերցող պատանիները, յիշելով որ այս գիրքի հրատարակութեան գաղափարը յղացած է ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի «Հայրենիք» հրատարակչատունը։

Աւարտին, ան աւելցուց որ «Հայրենիք»ի 120ամեակին առթիւ, սոյն գիրքի վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի «Հայրենիք» հաստատութեան թերթերու ամբողջական արխիւի թուայնացման աշխատանքին։

 

Ռուբէն Ճանպազեան

 

Մուշեղ Գարագաշեան