Շուշին Կը Բարեկարգուի


 «Արցախփրես»․-  «1992 թուականին, մենք ժառանգեցին աւերուած, ռմբակոծուած, յօշոտուած Շուշի, եւ պատերազմի ծանր փորձութիւններով անցած Արցախի առջեւ խնդիր դրուած էր վերականգնել ու նոր շունչ տալ բերդաքաղաքին», ըսած է Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան՝ նշելով, որ անցած 25 տարիներու ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կատարուած է:

Խօսելով քաղաքին մէջ հաստատուած բնակչութեան թիւին մասին՝ քաղաքապետը նշած է, որ այժմ Շուշիի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 5000 մարդ. ուրախալին այն է, որ տարիէ տարի բնակչութեան թիւը կ՛աճի:

«Շատերը կը ցանկան հաստատուիլ Շուշի, սակայն 2008էն բնակարաններ չունինք: Կան դատարկ տուներ, որոնց տէրերը շատոնց է՝ քաղաքի մէջ չեն ապրիր եւ, հնարաւորութեան պարագային, կարելի է այդ տուները ձեռք բերել ու տրամադրել այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին Շուշիի մէջ եւ բնակարանի կարիք ունին», աւելցուցած է քաղաքապետը եւ ընդգծած, որ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն բնակչութեան թիւի պահպանման:

«Անցեալ 4 տարիներուն ընթացքին Շուշիի բարձրայարկ շէնքերու տանիքները հիմնականօրէն վերանորոգուած են: Կը նախատեսուի նաեւ բազմաբնակարան շէնքերու, մուտքերու, բակերու բարեկարգում եւ երեխաներու համար նոր խաղահրապարակներու կառուցում: Նիկոլ Դուման փողոցէն մինչեւ յայտնի «Ջդրդուզ» կոչուող հատուածը պետական ֆինանսաւորումով կ՛իրականացուին ասֆալթապատման աշխատանքներ», մանրամասնած է քաղաքապետը եւ աւելցուցած, որ Շուշիի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու ժամանակ կ՛օգտագործուին միայն տեղական շինանիւթեր՝ պահպանելով Շուշիի ճարտարապետական հին տեսքն ու գոյնը:

Կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, ըստ քաղաքապետին, ամբողջովին պիտի փոխեն Շուշիի դիմագիծը՝ դարձնելով զայն ե՛ւ աւանդական, ե՛ւ ժամանակակից: