Շրջանառութեան Մէջ Դրուած է Հենրիխ Մխիթարեանի Նուիրուած Դրոշմաթուղթը


Յունիս 4-ին  Արհեստագիտական կեդրոն-ֆութպոլային ակադեմիայի շէնքին մէջ, «Հայփոստ»ի կողմէ հրապարակուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած է դրոշմաթուղթ մը՝ նուիրուած «Սփորթ. Հայ անուանի ֆութպոլիստներ. Հենրիխ Մխիթարեան» անունով:

450 դրամ անուանական արժէքով դրոշմաթուղթը տպագրուած է Գանատայի “Lowe Martin Group” տպագրատան մէջ՝ 40,000 տպաքանակով: Դրոշմաթուղթը ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ»ի գլխաւոր ձեւաւորող Վահագն Մկրտչեան:

Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է անուանի ֆուպթոլիստ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի հաւաքականի մարզաշապիկով: Անոր դիմանկարը կատարուած է համակարգչային ձեւաւորումով:

Դրոշմաթուղթին հրապարակումը կատարած են Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան փոխնախարար Գեղամ Վարդանեան, Հենրիխ Մխիթարեան, «Հայփոստ»-ի Խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Կեչիճեան, ՀՀ Ֆիլատելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:

Ձախէն աջ՝ ՀՀ Ֆիլատելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան, Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան փոխնախարար Գեղամ Վարդանեան, Հենրիխ Մխիթարեան եւ «Հայփոստ»-ի Խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Կեչիճեան։