Ո՞ւր Պիտի Հասցնեն Ցեղասպանութեան «Ճանաչում»ները


Յ. Պալեան


«Ֆեթիշ» թուական. «ԱՊՐԻԼ 24»: Եկաւ եւ անցաւ, ինչպէս ամէն տարի:

Մեր եւ մեր «բարեկամ»ներուն հոգեպարար ճառերը: Ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ի՞նչ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է իրաւունքի վերականգնման ճամբուն վրայ:

Այդ իրաւունքի վերականգնումը աշխատանքային օրակա՞րգ է:

Նոյնիսկ եթէ միայն մազի հաստութեամբ թելով մը կապուած ենք ազգին, պահ մը կը մտածե՞նք մեզի պարտադրուած մեծ ոճիրին եւ անոր հետեւանքներուն մասին, երբեմն այլ կ’ընդվզի՞նք տեւող եւ տիրող անտարբերութեան դէմ:

Ընդվզիլ, այո՛: Բայց ինչպէ՞ս արմատական ձեւով կը հակազդենք «հետեւանքներ»ուն:

Կ’երջանկանանք, երբ «քաղաքական» դէմք մը, յանկարծ յիշեցում կ’ընէ «ցեղասպանութեան» մասին: Օտարը երբեք հայոց խլուած իրաւունքներու մասին չի խօսիր, մնալով ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյամխիթարական ալիքներուն վրայ: Այդ «յիշեցման» եւ «ճանաչման» համար կը պայքարինք, բարձրագոյն մակարդակներէն մինչեւ թաղապետութիւններ:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) կը կայացուին խորհրդաժողովներ, կը տեղադրուին խաչքարեր, կը գումարենք ցոյց-տողանցքները, հրատարակութիւնները, ասդին-անդին եղած «ճանաչումներ»ը, պետութիւններէն վերջ քաղաքապետութիւնները, եւ անոնց առթած գոհունակութեան գինովութեամբ, կարծէք մարդիկ հետզհետէ կը հաշտուին «կատարուած իրողութեան» հետ:

Կարծէք յիշեցումները կը սահմանափակուին «ցուցադրական»ի մէջ, Հայաստան կ’ըսեն «շաու», որ մեր գիտցած show-ն է:

Այս բոլորը խորքային քաղաքական զբաղո՞ւմ է, թէ «համայնքային երեւելիութեան» որոնում, դեռ հայրենահանուած համայնքներու պարագային հասկնալի, «հայրենալքածներու համայնքներ»ու պարագային ի՞նչ ազգային քաղաքական հեռանկար կարելի է ենթադրել:

Հայաստան առեւտրական, տնտեսական աճման եւ բարօրութեան հեռանկարներով, միտուած եղած է, եւ է, «բարի դրացիական» յարաբերութիւններու մշակման, ակնկալելով որ վերջ կը տրուի շրջափակման:

Սփիւռք(ներ)ը ինքնահաստատման համար ցեղասպանութեան «ճանաչում»ներ կը հետապնդէ, ներազգային եւ միջազգային հրապարակի վրայ: Ազգային իրաւ յանձնառութիւններէ,- ինքնութեան պահպանում եւ հայրենատիրութիւն,- խուսափումի եղանակ մը, կրկնութեան վարժութիւն, տեղքայլ, ինքնախաբէութեան համար կը խօսուի «հզօր սփիւռք»ի մասին:

Հզօրութիւն՝ ի՞նչ ընելու, ո՞ր ծրագրի իրականացման եւ ո՞ւր հասնելու համար:

Աղմուկի խորքի պաստառը պաշտօնապէս չյայտարարուող «յաւերժական սփիւռք»ն է: Յանձնառութեամբ չենք խօսիր «հայրենահանում-ցեղասպանութեան» տրուելիք ազգային-քաղաքական պատասխանի մասին, որ կախում չունի արտաքին ուժերէն, այլ՝ մեզմէ, ըլլանք անհատներ թէ կազմակերպութիւններ:

Այդ պատասխանը հայրենատիրութիւնն է, զոր պէտք չէ շփոթել բարեսիրութիւն-օգնութեան կամ հայրենասիրական-զբօսաշրջութեան հետ:

Այնքա՜ն հեռացած ենք հայրենատիրական վերաբերումէ:

Խորհրդաժողովի մը ընթացքին, կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչը, սփիւռք(ներ)ի  երիտասարդներու  Հայաստան վերադարձը եւ հոն նախաձեռնութիւններ ունենալու կարելիութիւնը դիւրացնելու համար, առաջարկեց, որ անոնք զերծ կացուցուին զինուորական ծառայութենէ:

Առաջարկը մեզ պէտք է մղէ մտածելու, նոյնիսկ լաւագոյններու պարագային, ազգային-քաղաքական խորքի եւ որակի մասին, առանց որոնց հայրենիքը  կը վերածուի «սիւփերմարքէթ»ի կամ «սիլիքոն վէլլի»ի:

Ինչ որ լսեցի այդ խորհրդաժողովին, սփիւռքներու հոգեկան նահանջի արտայայտութիւնն է: Միակը չէ:

Այդ նահանջի արտայայտութիւնն է հայկական վարժարաններու փակումը: Հաստատումին պէտք է ընկերացնել «հզօր սփիւռք»ի անկարողութիւնը իր դպրոցներուն տէր կանգնելու: Յաճախ կը կրկնեմ, որ նորհաս սերունդի չնչին տոկոսը միայն կը գտնուի հայկական վարժարանի մէջ: Այս վիճակագրութիւնը պէտք է ընել յուզիչ «հզօր սփիւռք»ի մասին երբ կը խօսինք:

Քաղաքական դէմքեր, նախարարներ եւ նախագահներ, երբ ներկայ կ’ըլլան ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու, կը պատահի՞ որ անոնցմէ նահանջուի «հայկական հարց»ին միջազգայնացումը, այնպէս ինչպէս որ ան կար ԺԹ դարուն եւ Ի դարուն սկիզբը:

Հայաստանի պետութիւնը եւս, իր կարգին, մշակուած քաղաքականութիւն ունի՞ «հայկական հարց»ի միջազգայնացման համար:

Այդ միջազգայնացումն է որ պիտի բանայ դուռը բանակցութիւններու, պատմական սխալներու սրբագրութեան համար:

Պատմական սխալներ՝ որոնցմէ տուժողը միայն հայութիւնը չէ եղած: Իսկ կը պատահի՞ որ նախաձեռնութիւններ ըլլան տուժողներու միացեալ ճակատ կազմելու:

«Ոգեկոչում»ներու եւ «ճանաչում»ներու ծէսերը դեռ յիշողներուն մխիթարական պարգեւ են, բայց ոչ իրաւունքի վերականգնում:

Այդ ծէսերը կը ծառայեն ներքին սպառման եւ հզօրութեան խաբկանք կը ստեղծեն:

Եթէ ուժերու լարումով չմիջազգայնացուի «հայկական հարց»ը, նոյն ծէսերը պիտի շարունակուին գումարուող ամեակներու ընթացքին:

Ինչպէ՞ս:

Խորհրդաժողով մը ինչո՞ւ օրակարգ պիտի չդարձնէ «հայկական հարց»ի եւ բախտակից «տուժածներ»ու հարցը:

Ապրիլ  24ին, հանդիսաւոր ոգեկոչման մը ընթացքին, բանախօսներու քառեակի մը ունկնդիրն էի:

Ես ինծի հարց տուի, թէ օտար եւ հայ խօսողները ի՞նչ ըսին որ ըսուած չըլլար: Աստ եւ անդ: Կարծէք «հոլակրամ»ներով հանդէսներ էին:

Ի վերջոյ «հայկական հարց»ը շարական կամ «նէյնիմ» չէ: Ան քաղաքական ներկայութեամբ եւ արձանագրուած յաջողութեամբ կամ ձախողութեամբ ինքզինք պէտք է հաստատէ, հաստատէր:

Ծէսերը ոչ յաջողութիւն են եւ ոչ ձախողութիւն: