«Ոտք Պիտի Չդնեմ Հայաստան»


Պօղոս Շահմելիքեան


«Անգամ մըն ալ ոտք պիտի չդնեմ Հայաստան, որ դադրած է հայրենիք կոչուելէ»:

Բարեկամներէս մէկն է խօսողը, որ վերանկախացումէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Հայաստան, եւ զարմանքով կը լսեմ, որ յուսախաբ վերադարձած է:

Նման անհաւատալի արտայայտութեան մը համար որքա՞ն գէշ դէպքի մը կամ դէպքերու հանդիպած ըլլալու է, կը մտածեմ իւրովի:

Նոյն օրը չեմ ուզեր տեղեկանալ իր ընդվզումին պատճառը: Տակաւին նոր վերադարձած է, եւ շատ թարմ են տպաւորութիւնները: Կը սպասեմ, որ ժամանակ անցնի ու հանդարտի:

Շաբաթ մը անցած է: Դարձեալ միասին ենք: «Հանդարտած» է, սակայն իր որոշումին վրայ մնացած է հաստատ:

«Վերջացաւ: Առաջին եւ վերջին այցելութիւնս էր Հայաստան»:

* * *

«Առաւօտեան ժամը երեքի մօտ էր, երբ օդանաւը էջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը: Թուղթերս օրինաւոր են: Լոս Անճելըսի դեսպանատունէն ապահոված եմ կեցութեան վիզա, անցագիրս` նորոգուած, սակայն օդակայանի պաշտօնեան իր անքնութեան վրէ՞ժը կ՛ուզէ լուծել ինձմէ, թէ՞ այլ պատճառ ունի, տեղեակ չեմ: Բերանը լայն բացած յօրանջելով` հարցումներ կ՛ուղղէ ինծի, որմէ բան չեմ հասկնար: Յօրանջել եւ միաժամանակ խօսի՞լ, բնականաբար անհասկնալի բառեր դուրս պիտի գան:

«Ներողութի՛ւն, հարցումը կրնա՞ք կրկնել», կը խնդրեմ:

«Ա՛յ մարդ, հայերէն եմ խօսում» եւ կը զարմանայ հայերէն չհասկնալուս: Նախադասութիւններ, որոնց կէսէն աւելին ռուսերէն են:

Կը փորձէ աւելի «հայերէն» խօսիլ հետս եւ` անտեղի հարցումներու տարափ մը: Հասկցածներուս կը պատասխանեմ կարճ ու կտրուկ:

Վերջապէս կը բարեհաճի անցագրիս մէջ կնքել ու ապա`

«Անցի՛ր»:

Երբ մայր հայրենիք կամ որեւէ երկիր այցելես, կ՛ակնկալես ժպտուն դէմքով «Բարի եկաք» մը, իսկ իմ չար բախտէս դէմս նստած պաշտօնեան անժպիտ դէմքով կարճ ու կտրուկ` «Անցի՛ր»:

«Շնորհակա՛լ եմ»:

Կը հնազանդիմ ու… «կ՛անցնիմ»:

Օդակայանէն հազիւ դուրս ելած` վրաս «կը յարձակին» թաքսիի քանի մը վարորդներ, որ կը յիշեցնէ աւելի քան 100 տարիներ առաջ Պոլսոյ բեռնակիրներուն «յարձակումը» Աբիսողոմ աղային վրայ, եւ առանց իսկ հետաքրքրուելու երթալիք վայրիս հասցէով` իւրաքանչիւրը կը վերցնէ ճամպրուկներէս մէկը եւ կ՛ուղղուի դէպի իր ինքնաշարժը: Շուարած եմ: Պայուսակներէս իւրաքանչիւրը տարբեր անձերու մօտ է:

Թաքսիի վարորդները իրարու հետ վիճաբանելով եւ անարգական խօսքեր փոխանակելով` վերջապէս կը համաձայնին եւ, ըստ երեւոյթին, ամենայանդուգն շարժավարը կը տիրանայ ճամպրուկներուս, ու տեղաւորելէ ետք իր ինքնաշարժին մէջ, կ՛ուղղուինք դէպի պանդոկ:

Առտուան կանուխ ժամերն են եւ երեւանցիները կը վայելեն իրենց առտուան անուշ քունը, իսկ գործի բերումով այդ ժամերուն ակամայ արթուն մնացածները, սկսելով օդակայանի եւ պանդոկի հիւրընկալող պաշտօնեաներէն, այնքան ալ գոհ չեն ներկայութենէս, եւ հաւանաբար մտովի կ՛ըսեն` «Էս մէկը որտեղի՞ց բուսաւ»:

* * *

«Երկու շաբաթ անցած է եւ դարձեալ «Զուարթնոց» օդակայանն եմ: Ուրախ եմ, որ կը վերադառնամ տուն:

Իգական պաշտօնեայ մը կը ստուգէ անցագիրս: Առտուան կանուխ ժամերը չեն, որ յօրանջելով խօսի հետս: Անքնութենէ չի տառապիր, սակայն այդ մէկը պատճառ մը չէ, որ նախորդ գործընկերոջը կոշտութիւնն ու անքաղաքավարութիւնը ժառանգած չըլլայ:

«Երկու «չամատան» (պայուսակ) տանելու իրաւունք չունես: Երկրորդին համար պարտաւոր ես փող մուծել»:

Կը հակաճառեմ` ըսելով, որ երկու պայուսակով մուտք գործած եմ Երեւան, իսկ այժմ նոյն երկու պայուսակներովս է, որ կը վերադառնամ քաղաքս: Ո՛չ մէկ աւելորդ ծանրութիւն:

Կը պնդէ, որ կարող եմ մէկէ աւելի «չամատան»-ով մուտք գործել, սակայն մեկնելու ժամանակ միայն մէկ պայուսակ հետս տանելու իրաւունք ունիմ:

Կը նախընտրեմ չվիճաբանիլ հետը եւ կ՛ուզեմ վճարել քովս գտնուող ամերիկեան տոլարով:

«Տոլար չենք ընդունի: Պարտաւոր էք մուծել դրամով»:

«Տոլարն ալ դրամ է», կը փորձեմ կատակել, սակայն չհասկնալ կը ձեւացնէ ու կ՛առաջարկէ երթալ օդակայանի մէկ անկիւնը գտնուող լումայափոխի մը քով` ամերիկեան դրամը փոխելու հայաստանեան դրամի:

Մեծ դժուարութեամբ կը յաջողիմ օդակայանին մէջ գտնել լումայափոխ մը, ու երբ կը վերադառնամ պաշտօնեային մօտ, զարմանքով կը նկատեմ, որ պայուսակներս չկան:

«Չամատաններդ արդէն իսկ սամալիոթում (օդանաւ) են, եւ առանց որեւէ ստացագրի, գրպանելով երկարած դրամներս, նախորդ պաշտօնեային նման չոր ու ցամաք`

«Անցի՛ր»:

«Որոշումիս վրայ հաստատ կը մնամ: Անգամ մըն ալ ոտք պիտի չդնեմ Հայաստան»:

* * *

Լուռ մտիկ ըրի զինք: Չընդմիջեցի ու չհակաճառեցի: Վստահաբար պատմածները իրականութիւններ են եւ հաւանաբար չափազանցուած ալ չեն:

Խօսելու կարգը իմս է: Խնդրեցի, որ ինքն ալ իր կարգին առանց ընդմիջումի ու հակաճառելու մտիկ ընէ հայրենիք այցելութեան ի՛մ ունեցած փորձառութիւնս:

2000 թուականին էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով ընտանիքովս այցելեցի մայր հայրենիք:

Օդանաւը շուտով էջք պիտի կատարէր: Կինս, որ պատուհանին մօտ նստած էր, նշմարած էր Արարատ լեռը, եւ այնքա՜ն խանդավառ բացագանչեց` «Արարա՛տը», որ մեր շուրջինները հետաքրքրուած դարձան իր կողմը:

Անկարելի է, որ մոռնամ Արարատ լերան հետ առաջին հանդիպումս: Արարատը լոկ լեռ մը չէ, թէկուզ իր փէշերը փռած` «Թուրքիոյ» տարածքին, ան եղած է, ու տակաւին կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան խորհրդանիշը:

«Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ` ես իմ Մասիս սառն եմ սիրում» (Եղիշէ Չարենց)

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ որեւէ անբնական դէպքի չհանդիպեցայ, այլապէս վստահաբար պիտի դրոշմուէր յիշողութեանս մէջ, մանաւանդ որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէի մայր հայրենիք:

Ընտանիքովս երկու շաբաթ անհաւատալի օրեր անցուցի Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ, սկսելով Երեւանի մայր հրապարակէն, Արամ Մանուկեանի բնակարանէն, հասնելով` Հայաստանի անդրանիկ անկախութեան խորհրդարանի շէնքին, որուն տանիքին վրայ 1918-ին առաջին անգամ ըլլալով ծածանեցաւ եռագոյն դրօշը:

Նախորդող օրերուն այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդ ու ապա Էջմիածին: Այնպիսի հաւատքով մոմ վառելով ու «Հայր Մեր»-ով վերացայ Աստուծոյ այն տաճարին մէջ, ուր, ըստ մեր աւանդութեան, Աստուծոյ Միածին Որդին երկինքէն իջած ու գծած էր յատակագիծը այդ հանճարեղ կառոյցին, եւ այդ պատճառով է, որ կը կոչուի Էջմիածին (Էջ Միածին):

Այցելեցինք Հռիփսիմէ ու Գայեանէ կոյսերու դամբարանները: Անցանք Փարաքարէն, որու անունին ծանօթ էի «Զարթօնք» վէպին միջոցով, ուր իր մահկանացուն կնքեց վէպին հերոսը` Լեւոն:

Այցելեցինք Գառնիի` հեթանոսական շրջանէն մնացած մեհեանը: Շարունակեցինք ժայռոտ լեռներու ճամբաներով ու հասանք Գեղարդ, ուր մեզ դիմաւորեցին  հայկական տհոլ զուռնայով, երգով ու երաժշտութեամբ:

Յաջորդող օրերուն այցելեցինք մեծ թիւով եկեղեցիներ ու վանքեր ու ապա հասանք մինչեւ Իրանի սահմանի Մեղրի սիրուն քաղաքը, տեսանք Արաքս գետը, որուն վրայէն մեր աննման ֆետայիները մուտք կը գործէին «Երկիր»:

Արարատ լեռն ու Արաքս գետը միասնաբար կը խորհրդանշեն մեր հայրենիքը:

«Մայր Արաքսի ափերով
Քայլամոլոր գնում եմ,
Հին հին դարուց յիշատակ
Ալեաց մէջը պտրում եմ» (Ռաֆայէլ Պատկանեան)

Արագած լեռը կը բարձրանայինք, երբ մեր վարորդին ինքնաշարժը անակնկալ խանգարում մը ունեցաւ: Տղեկ մը մեզ ծանօթացուց ինքնաշարժ նորոգող անձի մը, որ իր տան հողամասին մէկ անկիւնը արհեստանոցի վերածած էր:

Շատ չանցած` ինքնաշարժը նորոգուած էր, եւ երբ պատրաստուեցանք վճարելու իր արդար աշխատանքին համար, մերժեց մեզ ճամբու դնել, մինչեւ որ իր տան մէջ միասին «հաց չուտենք»:

Շնորհակալութեամբ վայելեցինք իր լաւաշ հացն ու պանիրը, իր տան պարտէզի թարմ պտուղը, ու հազար օրհնանքով ճամբանիս շարունակեցինք դէպի Արագած լեռ:

Զանգեզուրէն անցնելով` ուղղուեցանք դէպի Արցախ:

Ղարաբաղի «սահմանը», ժպտուն դէմքով դիմաւորուեցանք արցախցի պաշտօնեային կողմէ:

«Բարի՛ եկաք ազատ ու անկախ Արցախ»:

Երեք օր մնացինք Ղարաբաղ, ուր աննկարագրելի պահեր ապրեցանք: Ծանօթացանք շատ մը ազնուասիրտ արցախցիներու: Վայելեցինք յատկապէս մեզի համար տեղի ունեցած Շուշիի մեր կեցութեան տանտիրուհիին երիտասարդ աղջկան մանկապատանեկան պարախումբին ելոյթը Շուշիի բերդին մէջ:

17 տարի անցած է արդէն եւ անկարելի է, որ յիշեմ ամէն մանրամասնութիւն: Միայն մէկ բան անկարելի է, որ մոռնամ: Հայրենիքի եւ Արցախի հայերուն սիրալիր ընդունելութիւնը, ժպտուն դէմքերը, ինչ որ դժբախտաբար բնաւ չի համապատասխաներ քու պատմած քանի մը անհաճոյ դէպքերուդ:

Կ՛ընդունիմ, որ դուն մեզի նման բախտաւոր չես եղած: Մենք եւս, Եւրոպայի կարգ մը  երկիրներու մէջ, հանդիպած ենք ոչ բարեհամբոյր պաշտօնեաներու:

Վիեննայի նման քաղաքակիրթ քաղաքի մը մէջ, ճաշարանի բաղնիքի պահակ կինը,  օտար ըլլալնուս պատճառով, մանաւանդ երբ իմացաւ, որ «ամերիկացի» զբօսաշրջիկներ ենք, մերժեց բաղնիքին դուռը բանալ` առանց որեւէ պատճառաբանութեան:

Կը յիշեմ` երբ առաջին անգամ ըլլալով ոտք դրի Լոս Անճելըսի օդակայանը: Միջինարեւելքցի ըլլալու «յանցանքիս» համար օդակայանի ստուգող պաշտօնեան, պայուսակներս տակն ու վրայ ըրաւ, սակայն այդ միջադէպերուն պատճառով չըսի, որ  անգամ մըն ալ Ամերիկա կամ Եւրոպա չեմ այցելեր, ինչպէս դուն կ՛արտայայտուիս քո՛ւ հայրենիքիդ հանդէպ` քանի մը պաշտօնեաներու անվայել վերաբերմունքին պատճառով:

Իսկ հիմա` անկեղծ հարցում մը: Հայրենիքիդ մէջ յուզումնալից պահեր բնաւ չապրեցա՞ր: Արարատ լեռը չյուզե՞ց քեզ: Սարդարապատի զանգերը եկեղեցական զանգերու ղօղանջիւնի համազօր չէի՞ն:

Փոխանակ յիշելու Եռաբլուրը, ուր կը հանգչին մեր անկախութիւնը կերտողներէն շատերուն աճիւնները, կ՛անդրադառնաս օդակայանի պաշտօնեաներուն ու թաքսիի վարորդներուն, որոնք ոչ մէկ կապ ունին հայրենիքիդ հետ:

Կը ցաւիմ ըսելու, որ տեսած ես միայն հայրենիքիդ ժխտական կողմերը: Քանի մը անձերու հետ ունեցած գէշ փորձառութիւնդ մի՛ ընդհանրացներ եւ հայրենիքիդ դէմ ոխ մի՛ պահեր:

Ինչո՞ւ չտեսնել իրականութիւնը: Վատի կողքին պէտք է տեսնել լաւը, բարին ու գեղեցիկը: Կրնայիր ըսել` «հիանալի է մեր հայրենիքը` հակառակ իր կարգ մը թերութիւններուն, սակայն որքան ալ թերութիւններ ունենայ, վերջապէս մեր հայրենիքն է»:

Սիրէ՛ հայրենիքդ մասունքի մը պէս: Իսկական մասունք մըն է մեր հայրենիքը:

Մեզմէ շատերը ծնած ու հասակ առած են մեր հայրենիքէն հեռու: Երախտապարտ ենք մեր հիւրընկալ երկիրներուն: Կը սիրենք մեր ծննդավայրը, սակայն ծննդավայրը հայրենիք չէ: Հայրենիքի օդն ու ջուրը, երկինքը, հողը, արեւը, տաքն ու պաղը տարբեր են: Մե՛րն են:

«Քեզմով ենք միայն ուրախ երջանիկ,
Անուշ հայրենիք, քնքուշ հայրենիք» (Ժող. երգ)

Լոս Անճելըս, 2017