Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքերը Յարձակած են Էրտողանի Այցին Դէմ Բողոքող Հայ, Քիւրտ եւ Եզիտի Ցուցարարներուն Վրայ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Մայիս 16ին, Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մասնակիցները թիրախ դարձան խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու վայրագ յարձակումներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ քանի մը ցուցարարներ վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան։

Էրտողանի պաշտօնական այցելութեան դէմ ցոյցը սկսած է Լաֆայէթ հրապարակէն, իսկ յարձակումը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի բնակարանին մօտակայքը։

Ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի Հելէնական խորհուրդին եւ շարք մը այլ քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութիւններու կողմէ։

«Նման յարձակումներ չենք ակնկալեր տեսնել Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ, հակառակ անոր որ անոնք սովորական են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ։ Թուրքիա կը փորձէ իր անհանդուրժողութիւնը Միացեալ Նահանգներ փոխադրել», այս առթիւ յայտարարած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

The Guardian թերթը կը հաղորդէ, որ հայկական համայնքին կազմակերպած խաղաղ ցոյցի մասնակցողներուն վրայ յարձակում գործողները  Էրտողանի թիկնապահները եղած են։

Պարբերականին հետ զրոյցի ընթացքին ականատեսներէն մէկը ըսած է, թէ Էրտողանի թիկնապահները ծեծկռտուք սկսած են այն ժամանակ, երբ ցոյցին մասնակցողներէն մէկը կը կրէր քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութեան (PYD) դրօշը:

Դէպքին անդրադարձած են նաեւ յայտնի շարք մը այլ լրատուամիջոցներ եւս: CNN յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրին դիմաց իրականացուած յարձակումին հետեւանքով տուժած է ինը մարդ:

 New York Post եւս գրած է, որ ցուցարարներուն վրայ յարձակած են Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: Տեղադրուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի նաեւ, թէ ինչպէս անոնք կը հայհոյեն խաղաղ ցուցարարներուն: Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ վիրաւորներէն երկուքին վիճակը ծանր է:

Ոստիկանական բաժնի խօսնակ Տասթին Սթերնպըք տեղեկացուցած է, որ երկու մարդ ձերբակալուած է: Անոնցմէ մէկը կը մեղադրուի բախումի ժամանակ ոստիկանի մը վրայ յարձակուելու մէջ: