Ուաշինկթընի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Գրադարան Բացուած է


«Ամերիկայի Ձայն»․- Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող պատմաբաններուն եւ հետազօտողներուն այսուհետեւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի օգտուիլ Ուաշինկթընի Հայոց ցեղասպանութեան գրադարանի մօտ 5000 հրատարակութենէն:

 Ուաշինկթընի մէջ Ապրիլ 5ին տեղի ունեցաւ Հայկական ազգային հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան գրադարանի բացումը: Ներկայացուած հայերէն եւ անգլերէն գիրքերը չեն արտացոլեր Հայոց պատմութիւնն ու ազգային նկարագիրը, սակայն ատոնք ծաւալուն տեղեկատուութիւն կը տրամադրեն Հայոց պատմութեան ամենացաւալի իրադարձութեան` Ցեղասպանութեան մասին:

Հայկական ազգային հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Ադալեան նշած է, որ գրադարանին մէջ ներկայացուած է 5000է աւելի հրատարակութիւն, յոյս ունին թիւը աւելցնելու:

«Հայոց ցեղասպանութեան գրադարանը ամբողջական հետազօտական կեդրոն ստեղծելու միայն մէկ մասն է, մենք կը ստեղծենք համակարգ մը, որուն միջոցով հետազօտողները պիտի կարենան օգտուիլ վերջին 40 տարիներու ընթացքին Ամերիկայի հայկական համագումարի եւ Հայկական ազգային հիմնարկի ձեռքբերած արժէքաւոր հաւաքածուէն», ըսած է ան:

Գրադարանի բացման ներկայ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

«Ուաշինկթընի մէջ գրադարանի բացումը կարեւոր իրադարձութիւն է. նախ այդպիսի կեդրոնը կը բացուի ԱՄՆ մայրաքաղաքին մէջ, որ արդէն լուրջ ձեռքբերում է, երկրորդ` այսպիսի կեդրոնը պիտի դառնայ հանդիպման, քննարկումներու վայր, համադրուած աշխատանք կազմակերպելու կեդրոն: Այս առումով աւելին է, քան գրադարան, տեղեկատու կեդրոն», ըսած է ան: