Ուսուցիչը` Հայ Գրականութեան Ընդմէջէն


Գրասէրներու խմբակի անդամներ կը նշեն խմբակի 8-րդ տարեշրջանը:

Թա­մար Տօ­նա­պե­տեան Գու­զո­ւեան


Երբ մեր գրա­կա­նու­թեան է­ջե­րը թեր­թենք, հոն կը հան­դի­պինք գրող­նե­րու,  ո­րոնք նաեւ իբր ու­սու­ցիչ ի­րենց ո­րո­շիչ դե­րը ու­նե­ցած են հայ լե­զո­ւի ու­սուց­ման մէջ յատ­կա­պէս եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ընդ­հան­րա­պէս։ Կի­րա­կի,  24 Մարտ 2019-ին, Հա­մազ­գա­յի­նի Գլա­ձոր մաս­նա­ճիւ­ղի Գրա­սէր­նե­րու խմբա­կի հա­ւաք­նե­րու շար­քը թե­ւա­կո­խեց իր ու­թե­րորդ տա­րեշր­ջա­նը․ ամ­սո­ւան լու­սար­ձա­կը եօ­թը գրող­նե­րու վրայ էր, եօ­թը իւ­րա­յա­տուկ դէմ­քեր, իւ­րա­քան­չիւ­րը ինք­նին ան­ծայ­րա­ծիր աշ­խարհ մը։

Սկսինք 1800-նե­րէն։ Ա­նուն մը, ո­րուն կը հան­դի­պի միայն հայ գրա­կա­նու­թեամբ հե­տաքրք­րո­ւո­ղը՝ Թլկա­տին­ցի (Յով­հան­նէս Յա­րու­թիւ­նեան, 1860-1915)։ Նշմա­րած կրնաք ըլ­լալ դէմ­քը, Ե­ղեռ­նի ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Ար­մի­նէ Թո­րի­կեան, սեղմ վայր­կեան­նե­րու մէջ կը ներ­կա­յաց­նէ զայն,  ծննդա­վայ­րէն՝ Թլկա­տին (Խար­բեր­դի շրջան), մինչ իր նա­հա­տա­կու­թիւ­նը՝ 1915։ Թլկա­տին­ցի ե­ղած է ման­կա­վարժ, ու­սու­ցիչ, տնօ­րէն․ հե­ղի­նակ է բազ­մա­թիւ պատ­մո­ւածք­նե­րու, վէ­պե­րու, թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց մէջ գլխա­ւոր տե­ղը կը գրա­ւէ գա­ւա­ռը․ գրած է Ե­ղեռ­նի շրջա­նին հայ գիւ­ղա­ցիին կրած տա­ռա­պան­քին մա­սին։ Եր­կար տա­րի­ներ վա­րած է Ս․ Յա­կոբ թա­ղի վար­ժա­րա­նը, 1887-ին հիմ­նադ­րած է Խար­բեր­դի կեդ­րո­նա­կան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը, ո­րուն տնօ­րէ­նը ե­ղած է մինչ իր նա­հա­տա­կու­թիւ­նը։ Թլկա­տին­ցիի ըն­տա­նե­կան ան­դամ­նե­րը եւս Ե­ղեռ­նի զո­հե­րէն են։ Իր գոր­ծե­րէն նշենք ՙԳլխուդ ջուր դիր՚, ՙԱյ­գիիս փշե­նին՚, ՙԿտա­կը՚, ՙԳա­ւաթ մը միայն՚, ՙՃշճղուկ­նե­րու դա­տաս­տա­նը՚, ՙԻմ բախտս՚, ՙԱխ Աս­տո­ւա՜ծ­ Աս­տո­ւա՜ծ՚․ գրած է նաեւ ՙՈ՞ր ­մէ­կուն ե­տե­ւէն՚ եւ ՙԷն­դի դէ­մէն՚ թա­տե­րա­խա­ղե­րը։ Թլկա­տին­ցիի ա­շա­կերտ­նե­րէն էր ա­պա­գայ գրող, ու­սու­ցիչ եւ խմբա­գիր Ռու­բէն Զար­դա­րեան, ինք եւս նա­հա­տակ գրող­նե­րու շար­քին։ Ար­մի­նէ կը ներ­կա­յաց­նէ Թլկա­տին­ցիի գոր­ծե­րէն մին, ուր ի յայտ կու գայ գրո­ղին ինք­նա­տիպ ո­ճը։   

Թլկա­տին­ցիի սերն­դա­կից­նե­րէն՝ Սի­պի­լի մա­սին կը լսենք Ար­տա Տէր Յա­կո­բեա­նէն։ Սկիւ­տա­րի ծնունդ Սի­պիլ (Զա­պէլ Ա­սա­տուր« 1863-1934) իբր ար­ձա­կա­գիր, բա­նաս­տեղծ, ման­կա­վարժ եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ իր գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած է։ Դա­սա­ւան­դած է նախ գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ա­պա Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ։ Հիմ­նա­դիր­նե­րէն ե­ղած է Ազ­գա­նո­ւէր հա­յու­հեաց ըն­կե­րու­թեան, ըն­կե­րու­թիւն մը, ո­րուն նպա­տակն էր Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ, մա­նա­ւանդ գա­ւառ­նե­րուն մէջ դպրոց­ներ բա­նալ աղ­ջիկ­նե­րու հա­մար։ Կի­նե­րու հան­րա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան աշ­խու­ժաց­ման ու հայ որ­բե­րու եւ կա­րի­քա­ւոր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ իր ո­րո­շիչ դե­րը ու­նե­ցած է։ Զա­պէլ Ա­սա­տուր կը տի­րա­պե­տէր հա­յե­րէ­նին ու ֆրան­սե­րէ­նին։ Ակ­նար­կե­լով իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաս­տա­կին, մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կան այս­պէս ար­տա­յայ­տո­ւած է  ՙՍի­պի­լի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը ան­թե­րի ձե­ւե­րու, մե­տաք­սէ ո­լորտ­նե­րու, ծի­րա­նի ու փրփրուտ ժա­նեակ­նե­րու, ոս­կի դա­նակ­նե­րու, թռչող բոյ­րե­րու եւ աչք առ­նող գոյ­նե­րու զար­մա­նա­լի խառ­նուրդ մըն է»։՚  Ար­տա տպա­ւո­րիչ կեր­պով կ­’ըն­թեր­ցէ անոր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն ՙՄե­նաս­տա­նին կոյ­սը՚, ուր ան­մի­ջա­պէս ի յայտ կու գայ Զա­պէլ Ա­սա­տու­րի վճիտ լե­զուն, գու­նա­գեղ ու նրբա­հիւս գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Իր ա­մէ­նէն նշա­նա­ւոր գոր­ծե­րէն կը հա­մա­րո­ւի ՙԱղջ­կան մը սիր­տը՚ վէ­պը, իսկ  ՙՑոլ­քեր՚ բա­նաս­տեղ­ծա­կան հա­տո­րով Զա­պէլ Ա­սա­տուր յա­ւե­լեալ ճա­նա­չում կը ստա­նայ։ ՙԹան­գա­րան՚ դա­սա­գիր­քե­րու շար­քը, որ իր եւ ա­մուս­նոյն՝ գրող Հրանդ Ա­սա­տու­րի միա­ցեալ ջան­քե­րուն ար­դիւնքն է, հա­յոց լե­զո­ւի ու­սուց­ման եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեա­ն աղ­բիւր­նե­րէն էր, այդ տա­րի­նե­րուն։ Իր ա­շա­կերտ­նե­րէն եւ ա­պա­գայ գոր­ծա­կից­նե­րէն է գրող եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Հայ­կա­նուշ Մառք։

Հայ ու­սու­ցի­չը հիմ­նա­կան տեղ գրա­ւած է սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րակ­ման մէջ։ ՀՕ­Մ-ի Ա­մէ­նօ­րեայ Վար­ժա­րա­նէն Նո­րա Պօ­ղո­սեան կը մե­ներ­գէ ՙՍի­րե­լի ու­սու­ցիչ՚ ը, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ծա­նօթ սոփ­րա­նօ, դաշ­նա­կա­հար եւ եր­գի ու­սուց­չու­հի Սո­նա Յով­սէ­փեա­նի։

ՙԱ­մե­նան­շա­նա­ւոր մար­դէն իսկ մա­հը ա­նուն մը կը ձգէ միայն, եր­կու խեղճ բա­ռե­րու մէջ ամ­փո­փո­ւած ա­նուն մը։ Ինչ որ կը մնայ ան­մահ եւ կը դի­մա­նայ դա­րե­րու ա­ւե­րին՝ ա­տի­կա մար­դուս գործն է։՚ Ա­նու­նը՝ եր­կու բառ, Լե­ւոն Շանթ․ գրա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ կրթա­կան մար­զե­րուն մէջ վաս­տա­կը՝ անգ­նա­հա­տե­լի։

Բուն ա­նու­նով Լե­ւոն Սեղ­բո­սեան․ 1869 թո­ւին, Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ ծնած, փոքր տա­րի­քին հայր ու մայր կորսն­ցու­ցած, Կո­մի­տա­սի հետ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը յա­ճա­խած, ա­պա Եւ­րո­պա ու­սա­նած, Պոլ­սոյ, Թիֆ­լի­սի Մար­սէյ­լի, Գա­հի­րէի ու Պէյ­րու­թի մէջ դա­սա­ւան­դած։ Դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ, եր­կար տա­րի­նե­րու ման­կա­վարժ, ու­սու­ցիչ, տնօ­րէն․ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի փոխնա­խա­գահ, հիմ­նա­դիր­նե­րէն Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան, գլխա­ւոր հիմ­նա­դի­րը եւ ա­ռա­ջին քսան տա­րի­նե­րու տե­սու­չը Հա­մազ­գա­յի­նի Ճե­մա­րա­նին, ուր միա­ժա­մա­նակ կը դա­սա­ւան­դէ ման­կա­վար­ժու­թիւն եւ հո­գե­բա­նու­թիւն: Պահ մը շունչ առ­նենք, փոր­ձենք ըմբռ­նել, թէ ինչ մե­ծու­թեան մա­սին կը խօ­սինք։ Զիս տպա­ւո­րած են իր միտ­քը, դէ­պի ա­պա­գայ ձգտե­լու ե­ռան­դը, կեան­քի հան­դէպ ու­նե­ցած իր տե­սա­կէտ­նե­րը, մարդ էա­կին հան­դէպ իր հա­մո­զում­նե­րը, կրթու­թեան նկատ­մամբ անդր­դո­ւե­լի կամ­քը։ Գա­լով գրա­կա­նու­թեան, Լե­ւոն Շան­թի կնի­քը՝ ըստ մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի՝ իր թատ­րեր­գու­թիւն­ներն են ա­ռա­ւե­լա­բար․ ՙՇղթա­յո­ւա­ծը՚, ՙՀին Աս­տո­ւած­նե­րը՚ եւայլն, թէեւ իր գոր­ծը Մխի­թա­րեան վար­դա­պե­տի մը նա­խան­ձը շար­ժե­լու չափ բազ­մա­զան է՚ կը գրէ Օ­շա­կան։ Շան­թի ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն, Ե­ղեռ­նէն հե­ռու մնա­ցած է գրի­չը․ իր ար­դա­րա­ցո՞ւմը՝ – Ա­ւե­լի բարձր մարդ­կու­թեան մը կեր­տու­մին իր հե­տապն­դում է։  Կը լսենք ՙԵս պատ­րան­քը սի­րե­ցի՚ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը ՀՕ­Մի Լա­փո­յեան երկ­րոր­դա­կա­նի ա­ւար­տա­կան կար­գի ա­շա­կերտ Ա­րիս Չուլ­ճեա­նի մեկ­նա­բա­նու­թեամբ։

Յա­կոբ Օ­շա­կան (1883-1948)․ այն­քան մեծ է իր համ­բա­ւը, որ եր­բեմն կ­’անճր­կինք․ ինչ­պէ՞ս ­խօ­սիլ մեր մե­ծա­գոյ­նը նկա­տո­ւած գրաքն­նա­դա­տին մա­սին, ա­ռանց մտա­ծե­լու թէ ար­դեօք ան­դի աշ­խար­հէն ի՞նչ կ’ու­նե­նայ ը­սե­լիք մեր գրա­ծին կամ խօ­սա­ծին մա­սին։ Ներ­կա­յաց­նո­ղը Տա­րօն Հա­լա­ճեանն է․ Ինք եւ Ա­րեն Մնա­ցա­կա­նեա­նը միաս­նա­բար աշ­խա­տած են իր մա­սին տե­ղե­կու­թիւ­նը հա­մադ­րե­լով։ Իր ա­շա­կերտ­նե­րէն Մու­շեղ Իշ­խան, ՙԻմ Ու­սու­ցիչ­ներս՚ գիր­քին մէջ հե­տե­ւեալ դէպ­քը կը նկա­րագ­րէ․ Մու­շեղ Իշ­խա­նի դա­սըն­կեր­նե­րէն մէ­կը գրա­սե­ղա­նին ե­տե­ւը մաք­սա­նեն­գու­թեամբ թո­ւա­բա­նու­թեան խնդիր կը լու­ծէ, երբ Օ­շա­կան, Վա­հան Թէ­քէեա­նի գոր­ծե­րէն մէ­կը վեր­լու­ծե­լու վրայ էր։

– Դուրս, շուտ դուրս դա­սա­րա­նէն։ Սատ­կե­լիք­ներ, ես հոս Թէ­քէեան վեր­լու­ծեմ, հայ լե­զո­ւի եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ար­ժէք­նե­րու մա­սին խօ­սիմ եւ դուք դի­մացս նստած ծռտի-մռտի բա­նե­րով զբա­ղիք։ Գետ­նին տա­կը անց­նին աշ­խար­հիս բո­լոր գի­տե­լիք­նե­րը։ Ա­սի­կա հայ գրա­կա­նու­թիւն է, հայ հո­գի, հայ շունչ,- եւ խօ­սո­ղը Օ­շա­կանն է, դուք պէտք է ա­կանջ կտրիք»։

Յա­կոբ Օ­շա­կան (Քիւ­ֆէ­ճեան) ծնած է Պուր­սա։ Ար­մա­շի դպրե­վան­քին մէջ սկսած ու­սու­մը ընդ­հա­տած է աղ­քա­տու­թեան պատ­ճա­ռով։ Ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ տի­րա­ցած է գրա­կա­նա­գի­տա­կան բարձր զար­գա­ցու­մի՝ դառ­նա­լով մե­ծա­համ­բաւ քննա­դատ, ու­սու­ցիչ, գրող, խմբա­գիր։  Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեա­նու Ե­րու­սա­ղէ­մի Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վան­քին մէջ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն կը վա­րէ։ Այդ տա­րի­նե­րուն է, որ կը հրա­տա­րա­կէ իր վէ­պե­րը․ ՙԾակ-Պտու­կը՚, ՙՀա­ճի Ապ­տուլ­լահ՚, ՙՄնա­ցոր­դա­ցը եւ այլ։ Ա­պա կը խմբագ­րէ տա­սը հա­տոր­նե­րէ բաղ­կա­ցած ՙՀա­մա­պատ­կեր Ա­րեւմ­տա­հայ Գրա­կա­նու­թիւն՚ը։ Ու­նի ան­հա­մար վեր­լու­ծա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, գրաքն­նա­դա­տա­կան գոր­ծեր։ Կը մա­հա­նայ Հա­լէպ, ուր հրա­ւի­րո­ւած էր իր յո­բե­լեա­նի նշու­մին ա­ռի­թով։ Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի մեծ շնորհ­նե­րէն մէ­կը կը նկա­տո­ւի իր ո­ճին խտու­թիւ­նը, ինք­նա­յա­տուկ հա­մը։ Մու­շեղ Իշ­խան կը գրէ․ՙԿը սի­րէր ու կը հաւ­նէր այն բո­լո­րը, ինչ որ հո­գիէն փրթած է, ա­րիւ­նով գրո­ւած, ինչ որ ՙի­րաւ՚ է եւ կեան­քով բա­բա­խուն։ Ուխ­տեալ պա­տե­րազմ կը մղէր ան­բո­վան­դակ կամ ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն ի­րա­րու հիւ­սո­ւած բա­ռե­րու հան­դէ­սին դէմ£։  Իր հե­րոս­նե­րը խո­նարհ գիւ­ղա­ցի­ներ են յա­ճախ»։

Տա­րօն կ­’ըն­թեր­ցէ ՙԽո­նարհ­նե­րը՚ հա­տո­րէն բա­ժին մը։

Լե­ւոն Շան­թի ա­շա­կերտ­նե­րէն, ա­պա գոր­ծա­կից­նե­րէն է Մու­շեղ Իշ­խան, ո­րուն ա­շա­կեր­տած են շա­տեր Հա­մազ­գա­յի­նի Նշան Փա­լան­ճեան ճե­մա­րա­նէն ներս, եւ ո­րուն գրա­կան վաս­տա­կը՝ թա­տե­րա­խա­ղեր, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, պատ­մո­ւածք­ներ, վէ­պեր, Ար­դի հայ գրա­կա­նու­թիւն դա­սա­գիր­քե­րու շար­քը, ամ­փո­փո­ւած է բազ­մա­թիւ հա­տոր­նե­րու մէջ։ Վա­րագ Պա­պեան, խիտ գի­ծե­րու մէջ կու տայ Մու­շեղ Իշ­խա­նի կեն­սագ­րա­կան եւ գրա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը։ Մու­շեղ Ճեն­տե­րէ­ճեան ծնած է 1914-ին, Սիվ­րի­հի­սար․ ծննդեան թո­ւա­կա­նը կը ճշդո­ւի, երբ ե­րեք տաս­նա­մեակ­ներ ետք կը վե­րա­միա­նայ մօ­րը, որ­մէ բաժ­նո­ւած էր աք­սո­րի տա­րի­նե­րուն։ Ան կը գրէ՝ ՙՄան­կու­թեանս վեր­ջին լա­ւա­գոյն տա­րի­նե­րը ան­ցած են Դա­մաս­կոս։ Վկա­յա­կան ստա­ցած եմ Հա­յոց ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նէն։ Ար­հեստ սոր­վե­լու ձա­խող փոր­ձե­րէն ետք յա­ջո­ղե­ցայ ինք­զինքս նե­տել Կիպ­րո­սի Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նը, ուր մնա­ցի դպրո­ցա­կան եր­կու տա­րեշր­ջան, ա­շա­կեր­տե­լով Յա­կոբ Օ­շա­կա­նին։՚ Օ­շա­կա­նի ազ­դե­ցու­թիւ­նը մեծ կ­’ըլ­լայ Մ․ Իշ­խա­նի վրայ», ՙԻմ ու­սու­ցիչ­նե­րը՚ գիր­քէն հա­տո­ւած մը կ­’ըն­թեր­ցէ Վա­րագ։

Մու­շեղ Իշ­խան ման­կա­վար­ժու­թեան կը հե­տե­ւի Պել­ճի­քա­յի մէջ եւ մինչ իր մա­հը՝ 1990-ը, կը մնայ ու­սու­ցի­չի իր պաշ­տօ­նին վրայ, Ճե­մա­րա­նէն ներս։ Իր նշա­նա­ւոր գոր­ծե­րէն են ՙՄնաս բա­րով, ման­կու­թիւն», ՙՀա­ցի եւ լոյ­սի հա­մար՚, ՙՀա­ցի եւ սի­րոյ հա­մար՚, ՙՍառ­նա­րա­նէն ե­լած մար­դը՚, ՙՏու­նե­րու եր­գը՚, ՙՈս­կի ա­շուն՚, ՙՏա­ռա­պանք՚, ՙԻմ ու­սու­ցիչ­ներս՚ եւ ու­րիշ­ներ։ Ե­ղած է նաեւ խմբա­գիր­նե­րէն ՙԱզ­դակ՚ օ­րա­թեր­թի։Վա­րա­գի սրտին մօտ է հօ­րը՝ լու­սա­հո­գի Գա­լուստ Պա­պեա­նի գրա­սե­ղա­նին դի­մաց, պա­տին վրայ կա­խո­ւած Քիփ­լին­կի ՙԵ­թէ՚ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ Մու­շեղ Իշ­խա­նի, զոր ապ­րու­մով կը ներ­կա­յաց­նէ Վա­րագ։ 

Մու­սա լե­րան ար­մատ­նե­րէն սե­րած, ա­զա­տա­տենչ հա­յու ան­վե­հեր ո­գիով սնած, Մաշ­տո­ցի կա­խար­դան­քով զօ­րա­ցած, հայ, հայ­րե­նիք, հա­յու­թիւն, հայ լե­զու իր ա­ւիւ­նը դար­ձու­ցած, ՙվար­պետ՚ին՝ Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի շուն­չով տո­գո­րո­ւած, ա­ւե­լի քան վեց տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ կու­տա­կո­ւող գրա­կան, գրաքն­նա­դա­տա­կան խմբագ­րա­կան ու կրթա­կան տի­տա­նա­կան վաս­տա­կի տէր Պօ­ղոս Սնա­պեան։ Բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած եմ անձ­նա­պէս իր շուն­չը զգա­լու ան­ցեա­լին, Ազ­դա­կի խմբագ­րա­տան մէջ, թուղ­թե­րու ու ձե­ռա­գիր­նե­րու ե­տին, իր տան՝ ան­ծայ­րա­ծիր ու ան­հա­մար գիր­քե­րով ո­ղո­ղուն աշ­խար­հին մէջ։ Իբ­րեւ ու­սու­ցիչ պաշ­տօ­նա­վա­րած է ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գրա­կան եւ գրաքն­նա­դա­տա­կան գոր­ծեր լոյս ըն­ծա­յած է։ ՙԲա­գին՚ գրա­կան հան­դէ­սի խմբա­գիր 42 տա­րի­ներ ա­նընդ­մէջ։ ՙԱզ­դակ՚ օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր, հայ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­խօս՝ Հա­մազ­գա­յի­նի ՙՀա­յա­գի­տա­կան Բարձ­րա­գոյն Հիմ­նարկ՚ի ա­ւար­տա­կան եր­կու դա­սա­րան­նե­րուն, քսան տա­րի շա­րու­նակ․ 30-է ա­ւե­լի ինք­նա­գիր մա­տեան­ներ, կազ­մած ու խմբագ­րած է ութ­սու­նէ ա­ւե­լի հա­տոր­ներ հայ մե­ծա­նուն գրող­նե­րէ, ո­րոնց շար­քին է նաեւ իր ու­սու­ցի­չը՝ Յա­կոբ Օ­շա­կան։  Մէկ խօս­քով, ամ­բողջ կեան­քը ապ­րած ու շնչած է հայ գրա­կա­նու­թեամբ։ Իր ա­շա­կերտ­նե­րէն եւ ա­պա­գայ գոր­ծա­կից­նե­րէն ինք­նին ու­սու­ցիչ եւ բա­նաս­տեղծ Յա­րու­թիւն Պէր­պէ­րեան հե­տե­ւեալը կ­’ը­սէ․ ՙԻբր ու­սու­ցիչ, Պօ­ղոս Սնա­պեա­նի մե­ծա­գոյն ար­ժա­նի­քը այն էր որ կրցաւ իր ան­հուն սէ­րը, իր կիր­քը հայ գրա­կա­նու­թեան, հայ լե­զո­ւին հան­դէպ փո­խան­ցել մե­զի։՚

ՙԱ­րեմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան օր­րան Պո­լի­սը եր­բեք չցամ­քե­ցաւ՚ կը գրէ խմբա­գիր, մտա­ւո­րա­կան Նա­զա­րէթ Պէր­պէ­րեան, ակ­նար­կե­լով բա­նաս­տեղծ Զա­րեհ Խրա­խու­նիի։ Ռու­բէն Ճան­պա­զեա­նի հա­մադ­րած  ներ­կա­յա­ցու­մը իր բա­ցա­կա­յու­թեան կ­’են­թեր­ցէ Ա­րեն Մնա­ցա­կա­նեան։ Խրա­խու­նի կը գրէ․ ՙԻմ կեն­սագ­րու­թիւ­նը շատ պարզ է․ Կա­րե­լի է զայն մէկ նա­խա­դա­սու­թեան մէջ ամ­փո­փել։ Ե­թէ ան­կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ մէկ­դի դնենք, այ­սինքն, օ­րի­նակ՝ նկա­տի չառ­նենք որ ծնած եմ Ե­շիլ­գիւ­ղի մէջ 16 Հոկ­տեմ­բեր 1926-ին, մկրտո­ւած եմ եւ Ս․ Միւ­ռոն ստա­ցած տեղ­ւոյն Ս․ Ստե­փա­նոս ե­կե­ղե­ցիի ա­ւա­զա­նին մէջ, ուս­մանս սկսած եմ դար­ձեալ գիւ­ղիս Գա­փա­մա­ճեան վար­ժա­րա­նէն, յե­տոյ շա­րու­նա­կած Բան­կալ­թըի Վիեն­նա­կան Մխի­թա­րեան լի­սէին մէջ, զոր պա­տո­ւոյ ցան­կին վրայ 1945-ին ա­ւար­տե­լէ յե­տոյ՝ տա­րի մը ի­րա­ւա­բա­նու­թեան հե­տե­ւե­լէ ետք, ան­ցած եմ Գրա­կա­նու­թեան Ֆա­քիւլ­թէի փի­լի­սո­փա­յու­թեան, հո­գե­բա­նու­թեան, ըն­կե­րա­բա­նու­թեան բա­ժի­նը, ուր­կէ չորս տա­րիէն վկա­յո­ւած եւ 1951-ին ա­ռա­ջին ան­գամ գա­ցած եմ Փա­րիզ, քիչ մը եւս խո­րա­նա­լու հա­մար գե­ղա­րո­ւես­տի եւ մշա­կոյ­թի պատ­մու­թեան ան­յա­տակ հո­րին մէջ»,- ա­ռանց ան­շուշտ խեղ­դո­ւե­լու,- հինգ տա­րի Է­սաեան լի­սէի մէջ, եր­կու տա­րի ալ Կեդ­րո­նա­կա­նի մէջ ու­սուց­չու­թիւն ը­րած եմ, յա­ջո­ղե­լով ա­ռա­ւե­լա­պէս հասց­նել ե­րի­տա­սարդ բա­նաս­տեղծ­ներ եւ գրող­ներ, քան թէ՝ ա­պա­գա­յի մեծ նո­ւի­րա­տու­ներ»։

Խրա­խու­նի լոյս ըն­ծա­յած է ա­ւե­լի քան 25 հա­տոր­ներ, ու­նե­ցած է խմբագ­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն եւ կա­տա­րած է թարգ­մա­նու­թիւն­ներ։ Ա­րեն կ­’ըն­թեր­ցէ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն ՙՄես­րո­պա­տօն՚ը։  Պոլ­սոյ ՙՄար­մա­րա՚ օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեա­նի բա­ռե­րովէ ՙԱն ալ ե­ղաւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցին իս­կա­կան ա­շա­կերտ­նե­րէն մէ­կը եւ Մես­րո­պին հան­դէպ իր պարտ­քը վճա­րեց ստեղ­ծե­լով Մես­րո­պա­տօ­նը»։

Մտա­ծել կու տայ, թէ ար­դեօք մենք, այ­սօր, Մես­րո­պին հան­դէպ պարտ­քի զգա­ցում ու­նի՞նք։ 

Գրա­սէր­նե­րու խմբա­կի տա­րե­դար­ձի կար­կան­դա­կին հա­տու­մով եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն վար­դե­րու տո­ւու­չու­թեամբ կ­’ա­ւար­տենք Հա­ւա­քը։