Պա­տա­րագ՝ Կու­լի­կա­մի ­Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ


Կու­լի­կա­մը Ա­խալ­քա­լա­քի շրջա­նի հա­յաբնակ գիւ­ղե­րէն է: Ա­նի­կա կը գտնո­ւի Ա­խալ­քա­լա­քէն 2 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ` դէ­պի հիւ­սիս-ա­րե­ւելք, ծո­վու մա­կար­դա­կէն 1680-1740 մեթր բարձ­րու­թեան վրայ, ջրա­ռատ Աբ­լար վտա­կին աջ ու ձախ ա­փե­րուն:

Գիւ­ղը կ­՝ա­ռանձ­նա­նայ գե­ղա­տե­սիլ բնու­թեամբ եւ սառ­նո­րակ ջու­րով:

­Կու­լի­կամ գիւ­ղի ­Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած է 19րդ ­դա­րու կէ­սե­րուն` 1865ին:

Ե­կե­ղե­ցին վե­րա­նո­րո­գո­ւած է եւ կը գոր­ծէ 2000էն ի վեր: ­Սա­կայն օ­ծո­ւած չըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով՝ եր­կար տա­րի­ներ է ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ չէ մա­տու­ցո­ւած: ­Ջա­ւախ­քի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նոր­դու­թեան մամ­լոյ դի­ւա­նին հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ­Վի­րա­հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Վազ­գէն Ե­պիս­կո­պոս ­Միր­զա­խա­նեա­նի կող­մէ օ­րեր ա­ռաջ օ­ծո­ւած ­Վէմ­քա­րը տե­ղադ­րե­լէ յե­տոյ՝ ­Նո­յեմ­բե­րի 26ին ­Կու­լի­կա­մի ­Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, օրհ­նու­թեամբ ­Սամցխէ-­Ջա­ւախ­քի եւ ­Ծալ­կա­յի ընդ­հա­նուր ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Բաբ­գէն ­Վար­դա­պետ ­Սալ­բի­յեա­նի, ձե­ռամբ Ա­խալ­քա­լա­քի եւ յա­րա­կից գիւ­ղե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Տա­թեւ ­Քա­հա­նայ ­Մա­րու­քեա­նի, եր­կա­րա­տեւ դա­դա­րէ յե­տոյ մա­տու­ցո­ւած է ­Պա­տա­րագ:

gooligam