Պատարագ` Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ


“Էրմէնիհապեր”․- Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Սեպտեմբեր 9ին մատուցուած է Ս. պատարագ: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ Ս. պատարագը տեւած է շուրջ երկու ժամ:

Արարողութեան մասնակցած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյ,  թուրք պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հիւրեր` Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ:

Եկեղեցւոյ փոքրութեան պատճառով այցելուները խումբ առ խումբ մտած են ներս: Պատարագէն ետք նախարար Էրսոյն ու Արամ արք. Աթեշեանը խօսքեր արտասանած են:

Սրբազան հայրը` անդրադառնալով Ս. պատարագին, ըսած է, թէ Աղթամար կղզին եւ Ս. Խաչ եկեղեցին պատմական տեսանկիւնէ շատ կարեւոր են: Նախարար Էրսոյ ըսած է, թէ նախորդ երեք տարիներուն Ս. պատարագ չէ մատուցուած ապահովական պատճառներով:

Ս. պատարագէն օրեր առաջ պատրիարքի փոխանորդը ըսած էր, թէ 2011ին տեղի ունեցած  պատարագին մասնակցած էին 7000 հոգի: Այս տարի նոյն թիւի ակնկալութիւն չկայ, սակայն 2000-3000 հոգի հաւանաբար մասնակցին, ինչ որ քիչ թիւ չէ: «Որքան տեղեակ ենք, հիմա ալ Վան քաղաքին մէջ մեծ ոգեւորութիւն կը տիրէ, պանդոկները բոլոր ապահովուած են հիւրերու կողմէ», դիտել տուած է ան:

Աթէշեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք ջանք ու եռանդ ներդրած են պատարագի մատուցման համար: Ան պնդած է, որ «պետութեան ղեկավարները հնարաւոր ամէն բան ըրած են, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատեն երկրին մէջ»:

«Հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն նախարարին, նահանգապետին եւ մասնաւորապէս մեր յարգարժան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին», ըսած է ան:

Նշենք, որ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատուցելու արտօնութիւն տրուած է միայն տարին մէկ անգամ` Խաչվերաց տօնին նախորդող Կիրակին: