Պատմական Երզնկայի Հայկական Սուրբ Տրդատ Վանական Համալիրը Սեփականաշնորհուած է


“Էրմէնի Հապեր”․- Այժմեան Թուրքիոյ Էրզինճան (պատմական հայկական Երզնկա) նահանգին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Տրդատ վանական համալիրը սեփականաշնորհուած է: 

Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըի խօսքով` պետութիւնը եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը տրամադրած է 16 գիւղացիներու: «Այժմ եկեղեցի երթալու, աղօթելու համար ոչ թէ պետութենէն, այլ սեփականատէրերէն պէտք է արտօնութիւն ստանանք», նշած է Տաղճըն:

էրզինճանի Քամահ շրջանի Տողանքէոյ (Թորթան) գիւղին մէջ գտնուող վանական համալիրը 2005ին «Տողանքէոյի եկեղեցի» անունով ներառուած էր յատուկ պահպանուող տարածքներու ցանկին մէջ:  Աւելի ուշ, Սուրբ Տրդատը գանձախոյզներու յարձակումների թիրախ դարձած էր:

2017 Մայիս 23ին, վանական համալիրը պաշտօնապէս սեփականութեան տրուած էր Եուսուֆ Տիւնտար, Մեհմետ Տիւնտար եւ Ռըզա Տէմիրպաշ անուամբ երեք գիւղացիներու: Վերջիններուս մահէն յետոյ ալ, Սուրբ Տրդատը, փաստօրէն, դարձած է անոնց 16 ժառանգներուն համատեղ սեփականութիւնը:

Փաստին վերաբերեալ մեկնաբանութիւն կատարած Ազիզ Տաղճըն յիշեցուցած է, որ եկեղեցին չի կրնար սեփականաշնորհուիլ ոեւէ անհատի կողմէ: Համաձայն եկեղեցական հիմնադրամներու մասին օրէնքին` եկեղեցին փոքրամասնութիւններուն պէտք է պատկանի. «Եթէ հայերը որեւէ միութիւն կամ հիմնադրամ ստեղծեն, այն ժամանակ կրնան ձեռք բերել եկեղեցւոյ սեփականութեան իրաւունքը: Եթէ միայն մէկ հայ մնայ ու ան ալ մեռնի, այն ժամանակ այդ մարդիկ կրնան սեփականաշնորհել եկեղեցին: Բայց, ինչպէս կը տեսնենք, մենք` հայերս, այստեղ ենք, իսկ եկեղեցին ուրիշներուն տրուած է»:

Տաղճըն աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները ենթակայ են պատրիարքարանին, հետեւաբար անոնք չեն կրնար սեփականաշնորհուիլ ոեւէ մէկուն կողմէ: Իսկ սեփականաշնորհուելու պարագային, ըստ Սասունի հայերու միութեան նախագահին, կը խախտուին Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի եւ Լոզանի պայմանագրի դրոյթները: