ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՕՐ ՄԸ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ․ Թէ Ինչպէս Գանատայի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը


Գանատայի խորհրդարանի շէնքը, Օթթաուա։

15  տարիներ առաջ, Գանատայի խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ M-380՝ ծանօթ բանաձեւով։ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ անհատ երեսփոխաններու տարիներու հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող բանաձեւով ՝ Գանատան պաշտօնապէս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։

“Թորոնթոհայ”ի խմբագիրին ստորեւ տրուած յօդուածը այդ օրուան եւ տիրող քաղաքական կացութեան մասին գաղափար մը կու տայ։

Կարին Սաղտըճեան

“Պատ­մա­կան օր”ը այս­պէս բան մը ըլ­լա­լու է.

Թուա­կան՝ 21 Ապ­րիլ 2004

Վայր՝ Օթ­թաուա, Գա­նա­տա

Ինչ­պէ՞ս հոն հա­սանք եւ ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ.

Առա­ւօ­տուն, Թո­րոն­թո­յի մէջ օդե­րե­ւոյ­թը գար­նա­նա­յին պայ­ծառ օդ չի խոս­տա­նար. փո­թոր­կա­խառն անձ­րե­ւոտ օր մը կը սպա­սէ մեզի: Գորշ երկ­նա­կա­մա­րը կը ճնշէ մեր վե­րեւ, երբ չորս հոգի­ով կը տե­ղա­ւոր­ուինք ինքնա­շար­ժին մէջ եւ կը բռնենք դէ­պի Օթ­թաուա մայ­րու­ղին: 401-ը Օն­թար­իո­յի նա­հան­գա­յին տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քին մայր երա­կը կը կազ­մէ: Անոր վրայ քշե­լը ովկ­ի­ա­նո­սի մէջ նա­ւար­կե­լու կը նմա­նի: Ինք­նա­շար­ժին առ­ջեւ, ետեւ եւ եր­կու կող­մե­րը ձգուող տա­րա­ծու­թիւն­նե­րը ան­դա­դար կը յի­շեց­նեն, որ ասի­կա աշ­խար­հի երկ­րորդ մե­ծա­գոյն եր­կիրն է, ուր մէկ քայ­լա­փո­խը ոչ մէկ տեղ կը հասց­նէ:

Երկ­րա­մա­սը նոր է, ընդ­հան­րա­պէս անբնակելի: Բնակ­ուած բա­ժի­նը դա­րե­րէ եկող պատ­մու­թիւն մը չու­նի: 1530-ական­նե­րուն, երբ ֆրան­սա­ցի հե­տա­խոյզ Ժագ Գարթիէ Սէն Լօ­րան գետն ի վեր իր բազ­մա­թիւ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օր մը գե­տափ մօ­տե­ցաւ, ինք­զինք գտաւ բնիկ հնդիկ­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը մէջ: Գարթի­էի հար­ցու­մին, թէ ՙո՞ւր կը գտնուինք՚, բնիկ­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին՝ ՙՔա­նա­թա՚, որ հիւ­րոն-Իրոք­ուա լե­զուով ՙբնա­կեց­ման վայր՚ կը նշա­նա­կէ: Հսկայ բնա­կեց­ման վայր. աշ­խար­հի ամե­նէն մե­ծը:

Ինք­նա­շար­ժին ետե­ւի աթո­ռին վրայ նստողները կը գան­գա­տին: ՙԱյս ճամ­բան երկար է, տակաւին պիտի վերադառնանք՚: ՙԻրի­կունն ալ պա­տա­րագ ու­նիմ՚, – կ՛ըսէ Հայր սուրբը: ՙԻրա­ւունք ու­նիս, Հայր սուրբ, բայց ասի­կա կրնայ պատ­մա­կան օր մը ըլ­լալ՚,- կը յա­րէ ըն­կե­րա­կիցս:

Գա­նա­տան նկա­րագ­րե­լու ատեն քա­նա­կա­կան ածա­կա­նը սո­վո­րա­կան բառ մըն է: Անի­կա ու­նի եր­կար գե­տեր, ամե­նէն մեծ լի­ճը, ամե­նէն բարձր աշ­տա­րա­կը եւ աշ­խար­հի ամե­նէն եր­կար ՙան­պաշտ­պան՚ սահ­մա­նը աշ­խար­հի մի­ակ գե­րուժին հետ: Չմոռ­նանք ըսե­լու, թէ 1990-ի ՄԱԿ-ի տուալ­նե­րը ցոյց տուին, որ Գա­նա­տան աշ­խար­հի մէջ ապ­րե­լու լա­ւա­գոյն տեղն է` որա­կա­կան ածա­կան մը աւելց­նե­լով անոր յատ­կա­նիշ­նե­րուն:

Այ­սօր անի­կա առի­թը ու­նի իր մե­ծու­թիւնը ան­գամ մը եւս փաս­տե­լու, թէ­կուզ այս ան­գամ փոքր ազ­գի մը հա­մար, ոչ փոքր ոճի­րի մը առի­թով:

Ճամ­բուն ըն­թաց­քին, մեր զգա­ցում­նե­րը խառն են: Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւը, որ խորհր­դա­րան ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ երես­փո­խան Մատ­լէն Տալ­ֆոն Կի­րա­լի կող­մէ եւ որ եր­կու օր առաջ քննարկ­ուե­ցաւ, վտան­գի տակ է: Այ­սօր, M-380 թիւով ծա­նօթ բա­նա­ձե­ւին քու­է­ար­կու­թեան օրն է, սա­կայն հա­կա­ռակ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու հայ­կա­կան լոպ­պին­կին, մե­տա­սա­նե­րերդ պա­հուն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պիլ Կրա­համ քա­ղա­քա­կան ռումբ մը պայ­թե­ցուց, երբ Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան ֆրակց­իա­յին (մե­ծա­մաս­նու­թիւն) թե­լադ­րեց ՙոչ՚ քու­է­ար­կել:

Օթ­թաուա­յի մէջ խորհր­դա­րան առաջ­նոր­դող փո­ղոց­նե­րը ամա­յի են: Անձ­րե­ւի խո­շոր կա­թիլ­ներ կը հար­ուա­ծեն մեր դէմ­քե­րը, մինչ հո­վը ան­դու­լօ­րէն կ’ար­գի­լէ մեր յա­ռա­ջըն­թա­ցը: Ար­դէն կէ­սօ­րէ ետք 4:30 է: Շու­տով քուա­էր­կու­թիւնը պի­տի սկսի:

Խորհր­դա­րա­նի երեք կա­ռոյց­նե­րը գա­նա­տա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սիր­տը ըլ­լա­լու կող­քին, կո­թա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գլուխ գոր­ծոց­ներ են: Մենք կÿուղղ­ուինք սրա­ծայր խա­ղա­ղու­թեան աշ­տա­րա­կը կրող կեդ­րո­նա­կան շէն­քը, ուր կը գտնուի խորհր­դա­րա­նը: Մուտ­քին՝ ապա­հո­վա­կան սո­վո­րա­կան խու­զար­կու­թեան են­թարկ­ուե­լէ ետք, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ մեզի հապ­ճէ­պով կը ծա­նօ­թաց­նեն ծա­գու­մով հայ, նախ­կին ծերա­կու­տա­կան Ռէյ­մոնտ Սեթ­լաք­ուի, որ դէ­պի վե­րե­լակ կը շտա­պէ: Արա­գօ­րէն ձեռն­ուե­լէ ետք, սե­նա­թո­րը՝ ՙկը նե­րէք, չեմ ու­զեր ու­շա­նալ՚, ըսե­լով կը հե­ռա­նայ: Սա­կայն նկա­տե­լով մեր մտա­հոգ դէմ­քե­րը, վե­րե­լա­կին մէ­ջէն կ՛ըսէ. ՙՄի՛ մտա­հոգ­ուիք, հար­ցը լուծուած է, տան տիլ (done deal)՚:

Տան տիլ, պիզ­նը­սի Ս. գր­քին մէջ՝ անշրջե­լի օրէնք, իսկ մե­զի հա­մար Սեթ­լաք­ուի կար­ծէք Աս­տու­ծոյ կող­մէ պատ­գամ մը փո­խան­ցած ըլ­լար` իր շեշ­տա­կի եր­կու վան­կե­րով: Ան շատ լաւ գի­տէր, թէ ինչ կÿըսէր: Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Սե­նա­թոր Սեթ­լաք­ուի իր քա­ղա­քա­կան եւ պիզ­նը­սի կա­պե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք տա­րաւ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւին ուղ­ղու­թամբ:

Խորհր­դա­րա­նին մէջ կա­ցու­թիւնը հե­տեւ­եալն է. մօ­տա­ւո­րապէս 150 գա­նա­տա­հա­յեր եւ նոյն­քան գա­նա­տա­ցի թուր­քեր նստած են դէմ դի­մաց գտնուող օթ­եակ­նե­րու մէջ: Հայ­կա­կան կող­մի առա­ջին շար­քը կը գրա­ւեն Գա­նա­տա­յի թե­մի առաջ­նորդ­ներ, Հայր սուր­բեր, Հա­յաս­տա­նի դես­պան Արա Պապ­եան, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ հա­յոր­դի­ներ: Դի­մա­ցը՝ թրքա­կան կողմն է. կեդ­րո­նա­կան դէմ­քը Օթ­թաուա­յի մէջ Թուրք­իոյ դես­պանատան կցորդն է, որ վեր­ջին շաբթ­ուան ըն­թաց­քին եր­կու ան­գամ դի­մեց խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն յանձ­նա­րա­րե­լով ՙոչ՚ քու­է­ար­կել, այ­լա­պէս Ան­գա­րա­յի հետ Օթ­թաուա­յի կա­պե­րը կրնան վտանգ­ուիլ: Եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ կը գտնուի խորհր­դա­րա­նի գետ­նա­յար­կի սրա­հը, որուն 301 ան­դամ­նե­րը կը սկսին իրենց տե­ղե­րը գրա­ւել՝ օրա­կար­գի վրայ ու­նե­նա­լով քա­նի մը բա­նա­ձեւ, որոնց­մէ վեր­ջի­նը Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է:

Վե­րը նստած, ի՞նչ կ՛անց­նի իւ­րա­քան­չիւ­րի մտքէն չեմ գի­տեր, սա­կայն պատ­մա­կան պահ­ուան ծան­րու­թիւն կը տի­րէ: Հաշ­ուե­տուու­թեան պահ մը. ոճի­րէն մօ­տա­ւո­րա­պէս դար մը ետք` եր­կու ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ դարձ­եալ դէմ դի­մաց: Եւ անոնց մի­ջեւ խորհր­դա­րան մը՝ մար­դու իրա­ւունք­նե­րու եւ ազա­տու­թեան ջա­հա­կիր: Սե­ղա­նին վրայ ճշմար­տու­թիւնը նժա­րի մէջ. պատ­մա­կան փաս­տը, թէ 1915-ի Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ոճիր է մարդ­կու­թեան դէմ:

Գա­նա­տա­յի մէջ մարդ­կա­յին իրա­ւուն­քի վե­րա­բե­րող բա­նա­ձե­ւեր կրնան պատ­րաստ­ուիլ եւ խորհր­դա­րան ներ­կա­յաց­ուիլ առ ի քննու­թիւն: Նման օրի­նա­գի­ծե­րու հիմ­քը կը կազ­մէ գա­նա­տա­կան Սահ­մա­նադ­րու­թեան մաս կազ­մող Մար­դու Իրա­ւուն­քի եւ Ազա­տու­թեան հատ­ուա­ծը, որ Սահ­մա­նադ­րու­թեան կցուե­ցաւ 1982-ին, երբ վար­չա­պետ Փի­եռ Թրիւ­տօ Անգլ­իա­յէն Օթ­թաուա փո­խադ­րեց երկ­րին օրի­նա­գիր­քը:

Վա­րը՝ խորհր­դա­րա­նի բան­բե­րը քա­նի մը օրի­նա­գիծ քու­է­ար­կու­թեան դնե­լէ ետք, կ’անց­նի M-380-ին: Անոր աջ կող­մը նստած են իշ­խող Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը, իսկ ձախ կող­մը ընդ­դի­մա­դիր Պահ­պա­նո­ղա­կան, Պլոգ Քե­պէգ­ուա եւ Նոր Դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեանց երես­փո­խան­նե­րը: Բանբերը եր­կու լե­զուով (ֆրան­սե­րէն, անգ­լե­րէն) կը հաշ­ուէ քուէ­նե­րը նախ՝ ձախ կող­մի, որ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ՙայո՚ կը քու­է­ար­կեն, ապա աջ կող­մի, ուր ՙոչ՚երը բազ­մա­թիւ են: Ծա­փա­հա­րու­թեանց ար­ձա­գան­գը կը տա­րու­բե­րի հայ­կա­կան եւ թրքա­կան կող­մե­րուն մի­ջեւ: Նկա­տե­լի է, որ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րը ՙոչ՚ կը քու­է­ար­կեն, սա­կայն Ազա­տա­կան միւս խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը մե­ծա­մաս­նու­թեամբէ ՙայո՚: Վեր­ջա­պէս բան­բե­րը կու տայ ար­դիւն­քը՝ 153 ՙայո՚ եւ 68 ՙոչ՚. բա­նա­ձե­ւը կ՛անց­նի:

Հայ­կա­կան կող­մը յու­զու­մի եւ ցնծու­թեան պահ­ուան մէջ կը կորսնց­նէ իր կար­գա­պա­հու­թիւնը. ապա­հո­վու­թեան հսկող անձ­նա­կազ­մը կը մի­ջամ­տէ: Մտքէս կ՛անց­նի հե­տեւ­եալ մտա­ծու­մը. աշ­խարհ կը գոր­ծէ բնա­գի­տու­թեան ան­փո­փո­խե­լի օրէն­քով, ոչ մէկ բան կը կորս­ուի, ոչ մէկ բան կը մոռց­ուի: Վա­րէն վեր կը բարձ­րա­նայ Ազա­տա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան Ճիմ Քա­րաճ­ի­ա­նիս, որ խումբ մը այլ երես­փո­խան­նե­րու հետ հայ­կա­կան լոպպի­ին հրե­տա­նին կը կազ­մէ: Փրո­թո­քո­լը մէկ կողմ դրած ան կը յուզ­ուի, կու լայ եւ կ՛ող­ջա­գուր­ուի Հայր սուր­բե­րուն եւ դես­պա­նին հետ: Քովս նստած եր­կու տե­ղա­ցի երի­տա­սար­դու­հի­ներ կը զար­մա­նան, երբ կը դի­տեն շուր­ջի յու­զում­նա­խառն իրա­րան­ցու­մը: ՙՈրո՞նց հետ եկած էք՚, կը հարց­նեմ փոր­ձե­լով հասկ­նալ, թէ ին­չը մղած է զի­րենք ներ­կայ գտնուե­լու: ՙՍա­րա Քոր­նին­կի ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­ներն ենք՚, կ՛ըսէ անոնց­մէ շէ­կը: Նո­վա Սքոթ­իա նա­հան­գէն Սա­րա Քոր­նինկ հա­զա­րա­ւոր հայ երե­խա­ներ փրկած է 1922-ի Զմիրն­իոյ ջար­դե­րէն:

Երբ խորհր­դա­րա­նէն դուրս կու գանք շրջա­փա­կին մէջ հա­մե­ցող գա­նա­տա­ցի թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու մի­ջեւ տե­ղի կ՛ու­նե­նան հե­տեւ­եալ բնոյ­թով վի­ճա­բա­նու­թիւն­ներ.

– Գա­նա­տա­ցի թուրք երի­տա­սարդ մը. ՙՑե­ղաս­պա­նու­թի՞ւն, ի՞նչ: Այո, մար­դիկ մե­ռան կռիւի ըն­թաց­քին, բայց ձեր նկա­րագ­րա­ծին պէս բա­ներ չպա­տա­հե­ցան՚:

-Հայ տա­րեց մը. ՙԵս քե­զի չեմ հա­ւա­տար. ես մեծ մօրս եւ մեծ հօրս պատ­մա­ծին կը հա­ւա­տամ՚:

– Ու­րիշ թուրք մը. ՙԻն­չո՞ւ հա­մար հոս կը բե­րէք ձեր հար­ցե­րը. գա­նա­տա­կան խորհր­դա­րա­նը պէտք չու­նի պատ­մու­թեան դա­տա­ւո­րը ըլ­լա­լու՚:

– Հայ երի­տա­սարդ մը. ՙԻնչ որ ես ներ­սը լսե­ցի այդ չէր: Բա­նա­ձե­ւը կ՛ըսէր Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մարդ­կու­թեան դէմ ոճիր է: Մեր եր­կու­քին հար­ցը չէ միայն՚:

Վեր­ջին թուրք երի­տա­սար­դին կար­ծի­քը ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան է հատ­ուա­ծի մը, որուն տե­սա­կէ­տը տեղ պի­տի գտնէր նա­եւ յա­ջոր­դող օրե­րու օրա­թեր­թե­րուն մէջ: Ըստ ասոնց, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ իրենց հար­ցե­րը այս եր­կի­րը պէտք չէ բե­րեն. հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, բազ­մա­թիւ ազ­գու­թիւն­ներ (ինչ­պէս ուք­րա­նա­ցի­ներ, պոսն­ի­ա­ցի­ներ) կրնան նոյն քայ­լին դի­մել խորհր­դա­րա­նէն պա­հան­ջե­լով դա­տա­պար­տու­մի բա­նա­ձե­ւեր որ­դեգ­րել իրենց դէմ գործ­ուած ոճիր­նե­րու գծով: Այս եր­կի­րը, ըստ նոյն մտա­ծու­մին, պատ­մա­կան հար­ցեր չու­նի. մար­դիկ հոս կու գան իրենց պատ­մու­թիւն­նե­րը ետեւ ձգե­լով եւ նոր կեանք մը սկսե­լով՝ նոր աշ­խար­հի մը մէջ:

Քա­նի մը խօսք այս մա­սին, թէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւը ինչ­պէս իր ճամ­բան գտաւ երկրին քա­ղա­քա­կան խա­ղին մէջ, որով­հե­տեւ քու­է­ար­կու­թիւնը, ինչ­պէս որե­ւէ որո­շում, յա­ջո­ղե­ցաւ քա­ղա­քա­կան որոշ ազ­դակ­նե­րու ներ­գոր­ծու­թեամբ:

Առա­ջին. վար­չա­պետ Փօլ Մար­թէն, որ Գրէթի­է­նի յա­ջոր­դեց, Դեկ­տեմ­բեր 2003-ին խոս­տա­ցած է իր ընտ­րու­թե­նէն ետք խորհր­դա­րա­նէն ներս ՙԺո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պա­կաս՚ը վե­րաց­նել: Ժո­ղովր­դա­վար լա­ւա­գոյն եր­կիր­նե­րուն մէջ ալ յա­ճախ իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւնը իր շար­քե­րէն ներս այ­լա­խո­հու­թիւն չի հան­դուր­ժեր՝ քա­ղա­քա­կան իր ծրա­գի­րը չխո­չըն­դո­տե­լու նպա­տա­կով: Վար­չա­պետ Մար­թէն թէ­եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն պատ­րադ­րեց դէմ քու­է­ար­կել, սա­կայն խորհր­դա­րա­նի միւս Ազա­տա­կան ան­դամ­նե­րը ազատ ձգեց: Այս վեր­ջին­նե­րը քու­է­ար­կե­ցին ըստ իրենց խղճին` հե­ռա­նա­լով կա­ռա­վա­րու­թեան վար­քա­գի­ծէն: Իսկ վար­չա­պե­տը ինք բա­ցա­կա­յե­ցաւ քու­է­ար­կու­թեան նիս­տէն, ինչ որ դրա­կան պատ­գամ մը կը ներ­փա­կէր M-380-ի քու­է­ար­կու­թիւնը յա­ջողց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Երկ­րորդ, խորհր­դա­րա­նի Ան­հա­ջար­կի (Private Members Motion) օրէն­քը փո­փո­խու­թեան են­թարկ­ուե­ցաւ: Նա­խա­պէս ան­հա­տա­կան օրի­նա­գի­ծեր կը մերժ­ուէ­ին, եթէ մի­ա­ձայ­նու­թեամբ չըն­դուն­ուէ­ին խորհր­դա­րա­նին կող­մէ: Օրէն­քի փո­փո­խու­թե­նէն ետք, ան­հա­տա­կան առա­ջարկ մը կ՛ըն­դուն­ուի պարզ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ: Այս ձե­ւով էր, որ Մատ­լէն Տալ­ֆոն Կի­րա­լի M-380 բա­նա­ձե­ւը ըն­դուն­ուե­ցաւ:

Եր­րորդ, բաց­ուած այս դռնե­րը կրնա­յին շու­տով գոց­ուիլ, եթէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թղթած­րա­րը եւ լոպ­պին կազմ ու պատ­րաստ չըլ­լա­յին: Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ հայ թէ տե­ղա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ վեր­ջին ամս­ուան ըն­թաց­քին ամէն տե­սա­կի աշ­խա­տանք տա­րին, որ­պէս­զի բա­նա­ձե­ւը խորհր­դա­րան հաս­նի իբ­րեւ մար­դու իրա­ւուն­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն: 1980-ական­նե­րէն ի վեր այս հին­գե­րորդ փորձն էր (նոյ­նինքն Տալ­ֆոն Կի­րա­լի եր­րոր­դը) եւ յա­րա­տե­ւու­թիւնը ինք­զինք ար­դա­րա­ցուց:

Սա­կայն աշ­խա­տան­քը չէ աւար­տած:

Արեւմտ­եան եւ­րո­պա­կան կարգ մը եր­կիր­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի մէջ հրէ­ա­կան Հո­լո­քոս­թը մեր­ժե­լու կամ ու­րա­նա­լու որե­ւէ քայլ հա­մա­զօր է քրէ­ա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան եւ հե­տե­ւա­բար՝ են­թա­կայ է դա­տա­կան հե­տապն­դու­մի: Նոյ­նը պէտք է ըլ­լայ պա­րա­գան Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, մա­նա­ւանդ որ, երբ երկ­րի մը գե­րա­գոյն օրէնս­դիր մար­մի­նը՝ խորհր­դա­րա­նը, որ­դեգ­րած է որո­շում, որ զայն կ՛որա­կէ մարդ­կու­թեան դէմ ոճիր: Այս տրա­մա­բա­նու­թիւնը առիթ կու տայ, որ յետ այ­սու, Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րը տար­ուին ձեռք ձգուած այս իրա­ւուն­քին լրիւ գի­տակ­ցու­թեամբ: Աւե­լին. եթէ խորհր­դա­րա­նը երկ­րի մը ընտր­եալ, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան բարձ­րա­գոյն մար­մինն է, ապա անոր որո­շում­նե­րը պար­տա­ո­րիչ են իրենց կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատմական հանդիպումը Գանատայի վարչապետ Փօլ Մարթինի հետ, Ապրիլ 21-ին, M-380 բանաձեւի քուէարկութեան նախօրեակին, ժամը 14:15-ին: Նկարը, ձախէն աջ՝ Փօլ Տուզճեան, Արիս Պապիկեան, երեսփոխան Էլենի Պաքոփանոս, Ռուբէն Գույումճեան, վարչապետ Փօլ Մարթին, երեսփոխան Ճիմ Գարիճիանիս եւ երեսփոխան Ճոն Գանիս:ū