Պիտի Կառուցուի Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան Կապող Երրորդ Ճանապարհը


“Սիվիլնեթ”․- Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախին կապող նոր` երրորդ մայրուղին պիտի կառուցուի, յայտնած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան` Հոկտեմբեր 15ին լիբանանահայ գործարարներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Աւելի քան 200 սփիւռքահայ (հիմնականօրէն` լիբանանահայ եւ Լիբանանէն հեռացած) գործարարներէ կազմուած ԱՐԻ` «Արցախ Րութս Ինուեսթմընթ» (Artsakh Roots Investment) ներդրումային ընկերութեան բաժնետէրերու խումբը` շուրջ 25 հոգի, հերթական այցով, Հոկտեմբեր 13էն 16, ժամանած է Արցախ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նախորդ տարիներու գործունէութեան արդիւնքներուն, հանդիպումներ ունենալու Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ քննարկելու «Արցախ-2028» խորհրդաժողովի իրականացման մանրամասնութիւնները:

ԱՐԻի բաժնետէրերու հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Սահակեան նշած է, որ յառաջիկային կը նախատեսուի կառուցել Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը իրարու կապող երրորդ` հարաւային մայրուղին` Արաքսի ափամերձ հատուածով:

Սահակեան նշած է, որ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը ոչ միայն մէկ աստիճանով բարձրացուցած է Արցախի անվտանգութիւնը, այլեւ ունեցած է տնտեսական ազդեցութիւն, մասնաւորապէս` աճած է զբօսաշրջութիւնը, Թարթառ եւ Լեւ գետերու երկայնքով կառուցուած են ու կը կառուցուին սնունդի, սպասարկման կառոյցներ, ջրաելեկտրակայաններ:

Արցախեան պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստան համահայկական հիմնադրամը սկսաւ կառուցելու Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին: Վերջերս աւարտուցաւ եւ շահագործման յանձնուեցաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը: