Վթարի Հետեւանով Զոհուած է Պաշտպանութեան Բանակի 4 Զինուոր․ Կայ Նաեւ 17 Վիրաւոր


Նոյեմբեր 7ին Գորիս-Որոտան (Կուբաթլի) ճանապարհին Պաշտպանութեան նախարարութեան բեռնատար մը շրջուած է, կան զոհեր եւ վիրաւորներ, Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ յայտնեց Պաշտպանութեան նախարարութեամբ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։

Մէջ այլ գրութեամբ ան յայտնեց, որ վթարին հետեւանքով զոհուած է չորս ժամկէտային զինծառայող, որոնք են․ 

  1. Հայրապետ Վոլոդիայի Նայիրեան 1998-ի ծնունդ, 2017/1 զօրակոչ, Էրեբունիի ԶԿ
    2. Հրանդ Արայի Գասպարեան 1998-ի ծնունդ, 2017/1 զօրակոչ, Շահումեանի ԶԿ
    3. Էդգար Արմէնի Յունանեան 1998-ի ծնունդ, 2017/1 զօրակոչ, Հրազդանի ԶԿ
    4. Դաւիթ Բենիամինի Մելքոնեան 1998-ի ծնունդ, 2017/1 զօրակոչ, Թալինի ԶԿ

Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ կան նաեւ վիրաւորներ։

Վթարի ենթարկուած մեքենային մէջ եղած է 21 զինծառայող, որոնց 17ի կեանքին վտանգ չի սպառնար, 8 հոգին ստացած են տարբեր տեսակի մարմնական վնասուածքներ: Անոնք տեղափոխուած են տարբեր հիւանդանոցներ։ Բժշկական  զննումը կը շարունակուի։