Պոլսահայ Համայնքի Երկընտրանքը՝ Նոր Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցով


Յարութ Սասունեան


Քանի մը տարիէ ի վեր, Պոլսոյ մէջ մեծ վէճ մը սկսած էր հասուննալու պոլսահայ համայնքի անդամներուն միջեւ՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան ծրագիրներուն վերաբերեալ։

Առճակատումը պատմական խոր արմատներ ունի, եւ վերջերս աւելի սրած է Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքի անբուժելի հիւանդութենէն ետք. վերջինս ի վիճակի չէ կատարելու իր պարտականութիւնները՝ «Ալզայմըր» հիւանդութիւնը ունենալուն պատճառաւ։

Harout-Sassounian Երբ պոլսահայ համայնքի որոշ անդամներ փորձեցին նոր պատրիարք ընտրել՝ Մեսրոպ պատրիարքը նորով մը փոխարինելու համար, Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ քանի որ գործող պատրիարքը տակաւին ողջ է, նոր պատրիարք չի կրնար ընտրուիլ: Նոյնիսկ աթոռակից պատրիարք ընտրելու խնդրանքը մերժուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետին կողմէ։

Թուրքիոյ իշխանութիւնները օգտուեցան այն պատրուակէն, որ 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեամբ հայ համայնքին նախատեսուած չէ աթոռակից պատրիարքի պաշտօն ունենալ: Սակայն խնդիրը այն է, որ տասնամեակներ առաջ թրքական կառավարութիւնը անվաւեր հռչակած էր այդ սահմանադրութիւնը: Եթէ կառավարութիւնը իր որոշումը կը կայացնէ չգործող սահմանադրութեան հիման վրայ, ուրեմն եւ կը ճանչնայ անոր վաւերականութիւնը: Եթէ սահմանադրութիւնը վաւերական է, ուրեմն հայ համայնքը իրաւունք ունի ընտրելու պատուիրակներ, որոնք ալ, իրենց կարգին, կրնան ընտրել նոր պատրիարք: Դժբախտաբար, հայ համայնքը չմտածեց այս հակասութիւնը թրքական կառավարութեան ուշադրութեան յանձնելու մասին։

Կը յիշենք, որ Մեսրոպ պատրիարք մինչեւ 1998ի իր ընտրութիւնը նոյնպէս արժանացաւ թրքական իշխանութիւններու դիմադրութեան: Վերջապէս ան գնաց Անգարա եւ փակ դռներու ետին «գործարք կնքեց» թուրք պաշտօնեաներու հետ, բան մը, որ իրեն հնարաւորութիւն տուաւ պատրիարք ընտրուելու: Շուտով ան սկսաւ աջակցելու թրքական զանազան հարցերու, ներառեալ՝ դէպի Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներ այցելութիւններ, հանդէս գալով Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան օգտին եւ շարք մը այցելութիւններ դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր թրքական իշխանութիւններուն խնդրանքով հրապարակային ելոյթներ ունենալու համար։

Այս տարուան սկիզբը պոլսահայ համայնքի քանի մը անդամներ որոշեցին կատարել նոր պատրիարք ընտրելու այլ փորձ մը, որուն շարժառիթը պատրիարքարանի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հանդէպ ունեցած իրենց դժգոհութիւնն էր եւ լիարժէք պատրիարք ունենալու փափաքը: Խնդիրը այն էր, որ Արամ արք. Աթէշեան չհրաժարելով իր պաշտօնէն, կը փակէր նոր ընտրութիւններու դուռը: Տեղական եւ համաշխարհային հայութեան, մասնաւորապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կողմէ ի գործ դրուած ճնշումներէն ետք, համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ Արամ արք. Աթէշեան հրաժարական տայ եւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան ընտրուի տեղապահ՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով։

Այս համաձայնութենէն շատ չանցած, խումբ մը յայտնի պոլսահայեր յանձնախումբ մը կազմեցին՝ պատրիարքի ընտրութիւնները նախաձեռնելու համար, թէեւ համայնքին մէջ բոլորն ալ գիտէին, որ թրքական իշխանութիւնները դէմ էին այս ընտրութիւններուն: Փաստօրէն, մինչ Գարեգին արք. Պէքճեան կ՛ընտրուէր տեղապահ, Արամ արք. Աթէշեան նամակ ստացաւ Պոլսոյ նահանգապետէն՝ տեղեկանալով, որ թրքական իշխանութիւնները չեն ճանչնար Գարեգին արք. Պէքճեանի ընտրութիւնը եւ կը շարունակեն Արամ արք. Աթէշեանը համարել օրինական փոխանորդ: Դժբախտաբար, Արամ արք. Աթէշեան այդ նամակը ներկայացուց Նախաձեռնակ մարմինին միայն Գարեգին արք. Պէքճեանի տեղապահ ընտրուելէն ետք: Այս դրուագը առաւել խորացուց թշնամութիւնը Արամ արք. Աթէշեանի դէմ հանդէս եկողներուն  մօտ, եւ անոնք շարունակեցին աջակցիլ Գարեգին արք. Պէքճեանին։

Այս երկընտրանքի լուծման համար Գարեգին արք. Պէքճեան նամակ գրեց Պոլսոյ նահանգապետին՝ հանդիպման խնդրանքով: 60 օր պատասխանի սպասելէ ետք, Գարեգին արք. Պէքճեան մեկնեցաւ Գերմանիա՝ տեսակցելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ, անոր այցելութեան ընթացքին։

Մինչ Գարեգին արք. Պէքճեան կը գտնուէր Թուրքիայէն դուրս, Պոլսոյ նահանգապետը Արամ արք. Աթէշեանին, Սահակ եպս. Մաշալեանին եւ Նախաձեռնակ մարմինի ղեկավարին հրաւիրեց հանդիպման: Պարզ էր, որ նահանգապետը չէր փափաքեր տեսակցիլ Գարեգին արք. Պէքճեան հետ, որուն ընտրութիւնը ան չէր ընդունած։

Բանավէճը աւելի սաստկացաւ տեղւոյն հայ համայնքի այն անդամներուն միջեւ, որոնք իրենք զիրենք աւելի իրատես կը համարէին՝ ընդունելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դերը պատրիարքի ընտրութիւններուն մէջ, եւ անոնց, որոնք կը մերժէին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ տեսակի միջամտութիւն: Գարեգին արք. Պէքճեանի կողմնակիցները կ՛ընդգծէին, թէ անիմաստ է դէմ դնել փափաքներուն թրքական հզօր իշխանութեանց, որոնք ձերբակալած էին ընդդիմութեան հազարաւոր անդամներ եւ նոյնիսկ ձեռնոց նետած այնպիսի հզօր երկիրներու, ինչպիսիք են Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները: Աւելին, Արամ արք. Աթէշեանի կողմնակիցները կը նշէին, որ եթէ Գարեգին Բ. կաթողիկոս կրնայ միջամտել Պոլսոյ պատրիարքարանի՝ ինքնավար հաստատութեան ընտրութիւններուն, ապա, անկախ անկէ, թէ որքան անբաղձալի է, կը հասկցուի, որ Թուրքիոյ նախագահը իրաւունք կ՛ունենայ միջամտելու իր երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն։

Դրութիւնը աւելի վատթարացաւ, երբ, մինչեւ Գարեգին արք. Պէքճեան Գերմանիայէն վերա-դարձը, Նախաձեռնակ մարմինի հինգ անդամները հրաժարական տուին՝ Պոլսոյ նահանգապետին հետ իրենց հանդիպումէն ետք: Նախաձեռնակ մարմինի միւս անդամները, մինչ որոշում կայացնելը, ուզեցին սպասել Գարեգին արք. Պէքճեանի վերադարձին։

Գարեգին արք. Պէքճեան Պոլիս վերադառնալէ եւ Նախաձեռնակ մարմինին հետ խորհրդակցելէ ետք յայտարարեց, որ ինք նամակ պիտի գրէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարին՝ դէմ առ դէմ տեսակցելու խնդրանքով: Հաշուի չառնելով Պոլսոյ նահանգնապետի յստակ հրահանգները, Գարեգին արք. Պէքճեան շարունակեց մնալ իր պաշտօնին վրայ։

Գարեգին արք. Պէքճեանի մտադրութիւնը՝ յատուկ տեսակցութիւն ունենալու ներքին գործոց նախարարին հետ,  յղի է որոգայթներով: Ինչպէս Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի  պարագային, այդպէս ալ Գարեգին արք. Պէքճեան կրնայ յատուկ գործարք կնքել նախարարին հետ՝ խոստանալով այսուհետեւ կատարել թրքական իշխանութիւններուն յանձնարարութիւնները: Գարեգին արք. Պէքճեան՝ իբրեւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, իր պաշտօնավարման ընթացքին պարբերաբար խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

Միւս տարբերակը այն է, որ Գարեգին արք. Պէքճեան կրնայ հրաժարիլ իր պաշտօնէն՝ դուռ բանալով Արամ արք. Աթէշեանի պատրիարք ընտրուելուն, ինչ որ դէմ կ՛ըլլայ պոլսահայ համայնքի մեծամասնութեան փափաքին, սակայն կը համապատասխանէ  թրքական իշխանութեան նախապատուութեան: