Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Գործընթացը Կրկին Յայնուած է Անորոշութեան Մէջ․ Էսդուգեան


«Արմենփրես»․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի պաշտօնին վրայ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի ընտրուելէն ետք կարծես նոր թափ ստացած պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը կրկին յայտնուած է փակուղիի մէջ: Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ այսօր չեն պատասխանած ընտրութիւններու իրականացմա վերաբերեալ պատրիարքարանի կողմէ ուղարկուած պաշտօնական գրութեան: Այս խնդիրներուն շուրջ իր կարծիքը յայտնած է «Ակօս» շաբաթաթերթ հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։

 «Օգոստոս 30ին Թուրքիոյ մէջ կը նշուէր «Յաղթանակի օրը»: Սա երկրին մէջ պետական տօն կը համարուի եւ ամէն տարի այդ օրուան ընդունելութեան կը հրաւիրուին նաեւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները: Այս տարի մեր պատրիարքարանին հրաւէր չէր եկած: Ընդունելութեան ներկայ էին յոյներու, ասորիներու, հրէաներու ներկայացուցիչները, սակայն Հայոց պատրիարքարանէն մասնակից չկար», պատմած է Էսդուգեան: Ան ընդգծած է, որ այս փաստը համայնքային որոշ շրջանակներ սկսած են մեկնաբանելու, իբրեւ պատրիարքի տեղապահի նկատմամբ ժխտողական դիրքորոշման դրսեւորում, իբրեւ քայլ մը, որով իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ չեն ճանչնար տեղապահը, թէեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յստակ ժխտողական պաշտօնական պատասխան չէ եղած:

«Կան որոշ մարդիկ, որոնք կը յայտարարեն, թէ սերտ կապի մէջ են պետութեան հետ, թէ պետութիւնը այսպէս կամ այնպէս ըսած է: Այդ մարդոց շարքը կը գլխաւորէ Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ բացայայտ համակրանք ունի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նկատմամբ եւ ամէն առիթով կ՛արտայայտէ այդ համակրանքը: Աւելին, ան կը յայտարարէ, թէ պետութիւնը սեփական դիրքորոշումը համայնքին կը փոխանցէ իր միջոցով: Դժուար է ըսել, թէ որքանով ընդունելի երեւոյթ է սա: Մենք պաշտօնական դիմում ներկայացուցած ենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ կ՛ակնկալենք պաշտօնական պատասխան` ըլլայ ատիկա դրական կամ ժխտական: Սակայն, այդ պատասխանը մինչեւ այսօր չենք ստացած», ընդգծած է Էսդուգեան:

Ան յայտնած է, որ պատրիարքական տեղապահ Պեքճեան եւ ընտրութիւններու Նախաձեռնող խումբը կը սպասեն մինչեւ Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը. եթէ մինչ այդ ալ պատասխան չըլլայ, պիտի դիմեն նահանգապետարան` դէմ առ դէմ խօսելու խնդրի մասին: «Մեր գլխաւոր զրուցակիցը ներքին գործերու նախարարութիւնն է, բայց նախարարութեան խնդրանքները կը փոխանցուին Սթամպուլի նահանգապետարանի միջոցով», աւելցուցած է ան:

 Էսդուգեան նշած է, որ ստեղծուած այս իրավիճակին մէջ որոշ շրջանակներ` գլխաւորապէս պատրիարքական նախկին փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմնակիցները զանազան բանբասանքներ կը տարածեն, որոնք իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին: Մասնաւորապէս, կը խօսուի Պեքչեանի հրաժարականի կամ Նախաձեռնող խումբի անդամներու նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու մասին: «Շիրինօղլուն պահանջած էր, որ Պեքճեան հրաժարական տայ, սակայն վերջինս չէր գացած այդ քայլին: Այժմ ալ կը ցանկայ, որ Նախաձեռնող խումբի անդամները հրաժարական տան, սակայն տեղապահը յայտարարած է, որ ատիկա բնական աշխատող յանձնախումբ է, եւ ինքը չի ցանկար զայն լուծարել», ըսած է Էսդուգեան:

Ան ցաւով արձանագրած է, որ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կրկին յայտնուած է անորոշութեան մէջ: «Ամենավատը այն է, որ իրադրութիւնը աւելի բարդանալու միտում ունի: Ափսոս, որ մեր փոքրիկ հաւաքականութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք կը ցանկան օգտուիլ այս իրավիճակէն: Մենք մեր մէջ խնդիր ունինք»,- եզրափակած է «Ակօս»-ի խմբագիրը։