Պոլսոյ Մէջ Բացուեցաւ Կոմիտասի Յուշարձանը


Պոլսոյ Պատրիարքարանի բակին մէջ տեղադրուած Կոմիտասի արձանը

«Արեւելք»,- Նոյեմբեր 23-ին, Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի բակին մէջ բացուեցաւ Հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, բանահաւաք, խմբավար Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանը։

Յուշարձանի բացումը կատարուած է Պոլսոյ Պատրիարքական տեղապահ Սահակ Արք․ Մաշալեանի հովանիին տակ, բարերաւոթեամբ՝ Սարգիս Կիւլեկեչի։

Յուշաձանի քանդակագործն է պոլսահայ յայտնի քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեան, որ բացման արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ Կոմիսատի հայկական երաժշտութեան մէջ ունեցած դերին եւ իր կատարած աշխատանքին մասին։

Մեծն Կոմիտասի յուշարձանը նուիրուած է անոր ծննդեան 150-ամեակին։ Կեանքի որոշ ժամանակաշրջան մը ան գործած է Պոլսոյ մէջ, ուր հիմնած է «Գուսան» երգչախումբը, որ մեծ դեր ունեցած է պոլսահայութեան մշակութային կեանքին մէջ։