Պոլսոյ Պատրիարքարանի Հոգեւոր Խորհուրդը Զրկած է Աթէշեանը Փոխանորդի Լիազօրութիւններէն


«Ակօս»․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդը որոշում կայացուցած է դադրեցնելու Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի լիազօրութիւնները՝ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ:

Հոգեւոր խորհուրդի նիստը տեղի ունեցած է Յունիս 28ին: Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան յայտնած է, որ որոշումը կայացուած է 22 կողմ եւ երկու դէմ ձայներով:

Աթէշեան Մայիս 24­ին յայտարարած էր պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն հեռանալու մտադրութեան մասին` Մարտ 15­ին պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը հրաւիրելով Պոլիս: Այդուհանդերձ, ան մինչեւ այսօր պաշտօնապէս հրաժարական չէր տուած:

Պեքճեանի եւ Աթէշեանի միջեւ Յունիս 24ին հանդիպում մը տեղի ունեցած էր: Հանդիպման Աթէշեան յայտնած էր, որ չի մտածեր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին: