Պուէնոս Այրէսը Ապրիլ 24ը Հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր


«Prensa Armenia»․-  Պուէնոս Այրէսի քաղաքային օրէնսդիր մարմինը, Ապրիլ 20ին կայացած նիստով, հաւատարիմ մնալով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառութեան՝ Ապրիլ 24ը յայտարարած է թրքական պետութեան կողմէն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր` «Յիշողութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ փոխհատուցում» կարգախօսին ներքոյ:

Օրէնսդիր մարմնի մարդու իրաւունքներու երաշխաւորման եւ հակախտրականութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Գամպանիոլիի եւ օրէնսդիր Քարլոս Թոմատայի համահեղինակած բանաձեւը կը վերաբերի նաեւ Ապրիլ 24ին Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրին դիմաց նախատեսուած ձեռնարկին, որ պիտի յաջորդէ տեղի հայ համայնքին կազմակերպած երթին:

Քաղաքային օրէնսդիր մարմինը նաեւ հաւանութիւն տուած է այդ օրը կայանալիք ձեռնարկներուն: