Պրիւքսելի մէջ Հայ Դատի Աշխատանքներուն Համար Հանգանակուեցաւ 2.400.000 Տոլար


Հայ դատի գրասենեակներուն կազմակերպած ճաշկերոյթ-դրամահաւաքին ներկայ հիւրերէն մաս մը։

Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-դրամահաւաքը, որուն ընթացքին Հայ դատի աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 2.400.000 ամ. տոլար։ Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, Հայ դատի գրասենեակներու պատասխանատուներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր:

Նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ անդրադարձաւ Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան շարք մը հիմնարար գաղափարներու:

«Աշխարհին մէջ տեղի կ՛ունենան բաւական աշխուժ եւ լուրջ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժեր ու փոփոխութիւններ: Անոնց շարքին` այդ փոփոխութիւններու կարեւոր մէկ հոսանքը կ՛ընթանայ մեր եւ յարակից շրջաններուն մէջ: Ատիկա կը պահանջէ աւելի մեծ զգօնութիւն, փոխադարձ գործակցութեան համակարգման աստիճանի բարձրացում, տարբեր երկիրներու հետ տարուող աշխատանքներու, մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան մէջ յստակեցումներու եւ փոփոխութիւններու իրականացում», իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Սահակեան։

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, զարգացնել ու խորացնել մնայուն գործնական կապերը Արցախի եւ անոր բարեկամներուն միջեւ:

Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայ դատի աշխատանքներու կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութեան: Ան ըսաւ, որ Հայ դատը միայն սփիւռքի կամ միայն Հայաստանի ու Արցախի դատը չէ, անիկա ամբողջ հայ ժողովուրդին դատն է:

«Մեզի համար Հայաստանի հզօրացումը պայքար է: Արցախի անկախութեան պահպանումը պայքար է: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք եւ մեզի համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդին համար Հայ դատը ամէնօրեայ պայքար է:

«Այսօր Հայ դատի մարմինները ի սփիւռս աշխարհի բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ, նախանձախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ մանաւանդ կամքով եւ հաւատքով կը հետապնդեն մեր ժողովուրդի իրաւունքները.. Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մէջ անկասկած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունեցաւ, ունի եւ պիտի ունենայ իր առանցքային տեղը եւ դերը», ըսաւ Արամ Ա․։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ ձեռնարկը երախտագիտութեան զգացումի կողքին նաեւ առիթ է հաշուետուութեան՝ ներկայացնելու Հայ դատի գրասենեակներուն գործունէութիւնը ամէնուրեք:

«1991 թուականէն սկսեալ, երբ հպարտութեամբ ողջունեցինք Հայաստանի վերանկախացումը, Արցախի գոյամարտի արդիւնքը հանդիսացող Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը, հարստացաւ նաեւ մեր Հայ դատի օրակարգը: Եթէ դասականօրէն կը զբաղէինք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով, այսօր ցեղասպանութիւնը երկրորդ մակարդակի վրայ է, որովհետեւ առաջին մակարդակի վրայ եղած է` մեր բոլոր Հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն համար, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցութեան խնդիրը,  անոր միջազգային վարկի, հեղինակութեան բարձրացումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման խնդիրը` կա՛մ ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորումով եւ կա՛մ, ուր որ կարելի է, Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին արծարծումով: Երկրորդ կարգի վրայ կու գայ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը, որ արդէն բաւական ճամբայ կտրած է, եւ, ասոր կողքին, մենք բացած ենք հատուցումներու օրինական երեսներու քննարկման հարցը մեր հիմնած Հայ իրաւանց խորհուրդին կողմէ, որ կ՛ուսումնասիրէ անհատական եւ հաւաքական հատուցումներու հարցը: Երրորդը` հայապատկան հողերու վրայ հայութեան  իրաւունքներու վերադարձի, հայակերտումի խնդիրն է, իսկ չորրորդը` ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան քաղաքականացումն է եւ անոնց առիթներ եւ հնարաւորութիւններ տալու կարելիութիւնը, ոչ թէ իբրեւ խօսք եւ օդային ծրագիրներ, այլ շատ յստակ ծրագիրներ, որոնց մասին տակաւին առիթ պիտի ըլլայ խօսելու, որոնց ընդմէջէն մենք կը փորձենք բանալ դռներ միջազգային մայրաքաղաքներու մէջ, որպէսզի կարենանք մեր այդ երիտասարդները զետեղել քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, մտաւորական համալսարանական շրջանակներու մէջ, եւ այդպիսով երբեմն հպարտանանք ըսելով, որ բերդը ներսէն գրաւած ենք», յայտնեց Տէր Խաչատուրեան: Ան տեղեկացուց, որ երիտասարդութեան վերաբերող այս ծրագիրին մէջ արդէն կարելի եղած է ներգրաւել շուրջ 200 երիտասարդներ Ուաշինկթընէն եւ եւրոպական զանազան մայրաքաղաքներէ:

«Բայց 21-րդ դարուն կ՛անդրադառնանք նաեւ, որ միայն կամաւոր աշխատանքը բաւարար չէ, մենք պէտք է ունենանք արհեստավարժ կեդրոններ: Ուրախ ենք ըսելու, որ վերջին  15 տարուան ընթացքին մենք կրցած ենք ստեղծել նման կառոյցներ», յայտնեց ան` աւելցնելով,- “Մեր Հայ դատի զինուորագրեալները, մէկ մասը` արհեստավարժ, ջախջախիչ մասը կամաւոր բանակ, իսկապէս անոնք երկրորդ բանակը կը հանդիսանան` Հայաստանի ու Արցախի բանակներուն կողքին, անոնք մեր քաղաքական դաշտի բանակն են, որ Արցախի եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողքին կը պայքարին առաջադրուած չորս հիմնական ոլորտներուն մէջ»։