Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրոպահայութեան 4րդ Համագումարը


Հոկտեմբեր 18-19ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնած՝ Եւրոպահայութեան 4րդ համագումարը:

Բացումը տեղի ունեցաւ Հայ Տան մէջ։ Ներկայ էին Եւրոպահայ քաղաքագէտներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներ: Երկօրեայ համագումարի առաջին օրուան ընթացքին քննարկուեցան մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումները, որոնց վերաբերեալ կատարուեցան ախտաճանաչումներ եւ առաջարկուեցան համապատասխան լուծումներ:

Պաշտօնական բացման ընթացքին ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան՝ ՀՅԴ Եւրոպայի հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Կարապետեան ողջունելով ներկաները ներկայացուց ՀՅԴ Եւրոպայի հայ դատի գրասենեակի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ համագումարին ընդհանուր ծրագիրն ու անկէ ակնկալուած արդիւնքները:

Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որուն խօսքի սկիզբը կարդացուեցաւ նախագահական հրամանագիր մը, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կը պարգեւէ «Երախտագիտութեան» մետալ: Ան նշեց, որ նշեալ գրասենեակը Արցախի ամէնէն աշխուժ գործընկերներէն մէկն է, եւ վեր առաւ գրասենեակին գործունէութեան եւ մատուցած ծառայութեան կարեւորութիւնը:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայ Դատը մեր եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար գոյութենական իրականութեան հարց է: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ մեր Դատը մարդկային իրաւանց դատ է եւ իբրեւ այդպիսին մեզի համար աստուածատուր իրաւունքի հարց է, որ ոեւէ մէկը չի կրնար խլել: «Իբրեւ եկեղեցի վերանորոգ թափով պիտի շարունակենք հայ ժողովուրդի իրաւունքի դատը», յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ Հայ դատը քաղաքական հարց մըն է, որ պէտք է տեղափոխուի իրաւական դաշտ` աւելցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը առած է առաջին քայլը` Սիսի կաթողիկոսութեան վերատիրացման հարցով դատ բանալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան պատմական մեծ հնչեղութիւն ունեցող իրողութիւն նկատեց Եւրոպայի հայերու 4րդ խորհրդաժողովի կայացումը: Ան անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ հայութեան կատարած աշխատանքին, որուն հիմամբ այդտեղ բնակող հայերուն կոչ ուղղեց` իրենց գլուխը բարձր պահելու եւ իրենք զիրենք նկատելու եւրոպացիներուն հաւասար:

 

Ան հարց տուաւ, թէ եւրոպական երկիրները ինչո՞ւ կը վախնան ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը` նշելով, որ այստեղ մենք պէտք է աւելի յարձակողական ըլլանք: Եւ աւելցնելով, որ Արցախը վերածուած է ժողովրդավարութեան փոքրիկ ու գեղեցիկ կղզեակի, եւ զարմանալի է, որ Ստալինի բռնարարքները դատապարտող Եւրոպան չի դատապարտեր Արցախի բռնակցումը Ազրպէյճանին:

ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ մենք ճանաչումէն անցած ենք պահանջատիրութեան եւ արդէն հասած հայկական իրաւական հարցերու վերլուծութեան կեդրոնի հաստատման: Ան կարեւոր նկատեց հայրենիքի պետականութեան կայացման օժանդակութիւնը, որ սփիւռքի ամէնօրեայ աշխատանքը պէտք է ըլլայ: Ան նաեւ ընդգծեց կարեւորութիւնը Արեւմտահայաստանի մէջ բնակող թաքուն հայերու հարցին եւ երիտասարդութիւնը ներկայի աշխատանքին միացնելու համար քաղաքականացման յատուկ օրակարգի գոյութեան:

Բացման խօսքերէն ետք տեղի ունեցան երեք կլոր սեղանները, որոնց ընթացքին ներկաները քննարկեցին Հայ Դատի եւ Հայապահպանման առնչուող հետեւեալ նիւթերը՝ Հայապահպանում՝ գոյատեւման հիմնական ազդակ, թուրքեւատրպէյճանական ազդեցութիւնը եւրոպայի մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումներու գործընթացը։

Հոկտեմբեր 19ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարի 2րդ նիստը: Օրուան բացման նիստին ընթացքին անգլերէնով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Եւրոպայի հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիարքի, Ֆրանք Էնկել եւ Էլենի Թէոխարուս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին որոշումներէն մէկը որդեգրուած է այստեղ` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլերը շատ կարեւոր են ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան դատապարտման համար, այլ նաեւ անոր կանխարգիլման համար:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է: Ան նաեւ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ վերջերս տեղի ունեցած Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանին, զայն կոչեց պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ իմաստալից երկխօսութեան կեդրոն մը, որ նուիրուած է խաղաղութեան ու արդարութեան: Վեհափառ հայրապետը ներկաներուն յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը այլեւս միայն հայ -թրքական յարաբերութիւններու վերաբերող հարց մը չէ, այլեւ մաս կը կազմէ միջազգային ընտանիքը հետաքրքրող հարցերուն:

Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պնդում մը չէ, այլ պատմական իրողութիւն մը, որ կարելի չէ ժխտել` աւելցնելով, որ զայն ինչ ալ կոչենք, անոր նպատակն ու գործադրութիւնը ցեղասպանական էին: Թուրքիան կրնայ զայն ժխտել եւ կարգ մը պետութիւններ կրնան մերժել զայն ճանչնալ` մեկնելով աշխարհաքաղաքական նկատառումներէ, սակա՛յն ատիկա պատմական իրողութիւն մըն է, իսկ լուռ մնալը երկրորդ ցեղասպանութիւն մըն է: «Գիտեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հարցը դիւրին հարց մը չէ, այլ բարդ ու բազմերես, սակայն պէտք է շարունակենք իրաւական լուծումներ գտնել», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` յոյս յայտնելով, որ եկեղեցական բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձը կրնայ փոխհատուցման առաջին շօշափելի եւ իրատեսական քայլը ըլլալ:

Երկօրեայ համագումարի աւարտին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց, որ երկու օրուան ընթացքին քննարկուած են հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն եւրոպահայութիւնը: Համագումարի կազմակերպումը դժուար ու բարդ էր: Ան համոզում յայտնեց, որ անիկա օգտակար էր, եւ 5րդ համագումարին ընթացքին հարցերը կը լուծուին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիարքիին, Ֆրանք Էնկելին եւ Էլենի Թէոխարուսին, որոնք օժանդակած են համագումարի կազմակերպման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ զեկուցաբերներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի անձնակազմին ու ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբին` ընդգծելով, որ Եւրոպայի հայերը միասնաբար պիտի պայքարին մեր դատերու արդար լուծման համար: