Ջաւախքը Պէտք Է Դառնայ Հայ-Վրացական Յարաբերութեանց Ուժեղագոյն Օղակը. Կիրօ Մանոյեան


ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով գումարուեցաւ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ժողով մը, որուն մասին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակի առիթը նման ժողով գումարելու հնարաւորութիւն ստեղծեցին:

«Ժողովը լսեց զեկոյցներ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինին եւ Դաշնակցութեան Բիւրոյի վարած քաղաքականութեան մասին, յատկապէս՝ վերջին իրադարձութիւններու հետ կապուած, ապա եղան քննարկումներ: Մասնակիցներն արտայայտեցին իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները: Եզրակացութիւնն այն էր, որ, բնականաբար, կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ հայաստանակեդրոն իր քաղաքականութիւնը, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեանն ու ժողովուրդին եւ, ընդհանրապէս՝ սփիւռքահայութեան: Այս ամէնը վերահաստատեց կուսակցութեան միակամութիւնն այս հարցով, եւ շեշտեցին, որ շարժման յաջողութեան համար կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը եղած է ճիշդ ու ողջունելի», մանրամասնեց Մանոյեան:

Նշենք, որ ՀՅԴն կազմակերպած էր նաեւ բարեգործական ճաշկերոյթ, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Ջաւախքին: Ճաշկերոյթի ժամանակ նաեւ կատարուեցաւ հանգանակութիւն. տարբեր երկիրներէ ժամանած ՀՅԴականները գումարներ հանգանակեցին՝ Ջաւախքի հարցերուն լուծման ի նպաստ։

Անդրադառնալով վարչապետ Փաշինեանի Ջաւախք կատարած այցին՝ Մանոյեան ըսաւ, որ ինք չի յիշեր, թէ վերջին 15 տարիներուն, Հայաստանի մէջ քաղաքական ամենազօրաւոր լիազօրութիւնները ունեցող անձը այցելած ըլլայ Ջաւախք: Ան աւելցուց, որ նոյնիսկ որոշ արտաքին գործոց նախարարներ չեն այցելած Ջաւախք:

«Մեր իշխանութիւններու մօտ չէ եղած այն դրսեւորումը, որ իսկապէ՛ս կարեւոր կը համարեն Ջաւախքը, որպէս Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններու՝ վերջին 27 տարիներու ամենաթոյլ, բայց արդէն անհրաժեշտ կենսական եւ ամենաուժեղ օղակը», ըսաւ ան: Մանոյեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ վարչապետին այս այցելութիւնը պիտի ծառայէ այդ նպատակին:

«Հիմա Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ նման վերաբերմունքի կ՛արժանանան Ջաւախքը, ջաւախքահայութիւնը, Ջաւախքի հարցերը, բայց նաեւ Վրաստանի իշխանութիւնները կը տեսնեն, կը հասկանան, որ իսկապէ՛ս անհրաժեշտ է Ջաւախքի խնդիրները լուծել, որպէսզի Ջաւախքը դառնայ հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամենաուժեղ օղակը, որովհետեւ իսկապէս Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները իւրայատուկ են անոնց բնոյթով: Պէտք է հասկնանք, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներու համար ալ ունին կենսական նշանակութիւն, եւ անհրաժեշտ է գուրգուրել ու աւելի սերտացնել այդ յարաբերութիւնները, որու համար ալ անհրաժեշտ է Ջաւախքի խնդիրներու կարգաւորումը, որպէսզի մենք չունենանք այնպիսի վտանգներ, որ կրնան սպառնալ երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ», եզրափակեց Մանոյեան: