«Ռազմատենչ Կոչերը, Հրադադարի Խախտումները Մեծապէս Կը Վտանգեն Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հասնելու Բոլոր Ջանքերը»․ Գարեգին Բ․


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը կը յայտնէ, թէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքի եւ Կովկասի իսլամներու ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ Սեպտեմբեր 8ին կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Արցախի հարցին խաղաղ լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները։

Մոսկուայի Ս. Դանիէլ պատրիարքանիստ վանքին մէջ կայացած սոյն հանդիպման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, կաթողիկոսը ըսած է. «Հակառակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումներու արդիւնքով կատարուող յայտարարութիւններուն, հոգեւոր առաջնորդներուս կոչերուն եւ պատգամներուն՝ այսօր հրադադարի պայմաններու մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ սահմանին վրայ, կը շարունակուին զոհուիլ զինուորներ եւ երբեմն նաեւ սահմանամերձ բնակավայրերու խաղաղ բնակիչներ: Յատկապէս մտահոգիչ կը համարենք քաղաքացիական բնակչութեան թիկունքին պատսպարուելու եւ այն միտումնաւոր թիրախի վերածելու դէպքերը: Սահմանէն անդին չեն դադարիր ռազմատենչ կոչերը, աճող սպառազինութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները: Այս ամէնը մեծապէս կը վտանգէ փոխվստահութեան եւ փոխըմբռնողութեան ոգիի մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղուած ջանքերը եւ, սասանելով արդէն իսկ փխրուն հրադադարը՝ կը վերափոխուի հակամարտութեան ուժգնացման նոր իրողութեան մը, որուն ականատեսը դարձանք 2016 թուականի Ապրիլին, երբ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ սանձազերծուեցան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ: Ամէնուս յայտնի է այդ օրերու ժամանակագրութիւնը՝ փաստագրուած նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ, մարտի դաշտին մէջ զոհուած զինուորներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած խոշտանգումները, վայրագութիւններն ու բռնութիւնները, պատճառուած կորուստներն ու աւերները։ Մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի, ինչպէս եւ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը՝ բացառապէ՛ս բանակցութիւններու միջոցով: Այլընտրանք չունի՛ նաեւ Արցախի մեր հաւատաւոր ժողովուրդին ազատ եւ անկախ կեանքը»:

Հանդիպման աւարտին կողմերը հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր նշուած է․

«Այսօր մենք` ազրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու  հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ Քիրիլ պատրիարքի հրաւէրով` քննարկելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղիները, առանց որոնց կարելի չէ հասնիլ Կովկասի մէջ  հաշտութեան եւ անվտանգութեան:

“Մենք յատուկ նշանակութիւն կ՛ընծայենք խաղաղարարական երկխօսութեան հետեւողական զարգացման, բանակցութիւններու շարունակութեան եւ միջազգային հանրութեան միջնորդական ջանքերուն, որոնք կ՛օգնեն հասնելու տագնապի համապարփակ լուծման:

“Համոզուած ենք, որ տարակարծութիւնները կարելի է յաղթահարել` յենելով բարի դրացնութեան սկզբունքներու եւ աւանդական կրօններու  կողմէ քարոզուող բարոյական արժէքներու` բարութեան, մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ, փոխադարձ ներողամտութեան եւ բարեգթութեան վրայ:

“Հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդները միշտ պիտի ապրին կողք-կողքի, այդ պատճառով չկայ այլընտրանք, քան խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը: Բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ մենք` մեր ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, պարտաւոր ենք փնտռելու  միացեալ պատասխաններ:

“Կ՛աղօթենք խաղաղութեան պահպանման եւ տագնապին հետ առնչուած բոլոր մարդասիրական հարցերու շուտափոյթ լուծման համար եւ առ այդ կը յորդորենք մեր ժողովուրդներու քաղաքական եւ հասարակական գործիչները:

“Կոչ կ՛ուղղենք համապատասխան անձերուն` նպաստելու բոլոր այն խաղաղ բնակիչներու ազատ արձակման, որոնք չեն մասնակցած  զինուորական գործողութիւններուն եւ յայտնուած են գերութեան մէջ:

“Իբրեւ հոգեւոր առաջնորդներ` մենք կոչուած ենք պաշտպանելու եկեղեցիները, մզկիթներն ու այլ սրբավայրեր: Հետեւաբար խիստ կարեւոր է ապահովել կրօնական նշանակութեան յուշարձաններու  անձեռնմխելիութիւնն ու յարգալից վերաբերմունքը անոնց նկատմամբ:

“Մենք` իբրեւ հոգեւոր առաջնորդներ, մեր կողմէ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք պաշտպանելու ղարաբաղեան տագնապի հանգուցալուծման ուղղուած խաղաղարարական նախաձեռնութիւնները: Մենք մեծ յոյսեր ունինք բանակցային հոլովոյթին առնչութեամբ:

“Մեր համայնքներու բոլոր զաւակներուն կ՛ուղղենք խաղաղութեան, բարօրութեան եւ բարի ձեռնարկումներու մէջ յաջողութիւններու  բարեմաղթանքներ»: