Ռան Թորոսեան Վարձուած Է Թուրքիոյ Ի Նպաստ «Փի. Ար. »-ի Համար. Արդեօք Ան Իսկապէս Հա՞յ Է


Յարութ Սասունեան


Medium.com կայքին վրայ տեղադրուած Լուիզ Նոյի երկու յօդուածները կը բացայայտեն, որ Ռան Թորոսեան պայմանագիր կնքած է` ներկայացնելու Թուրքիան, ըլլալով անոր «Փի.Ար» (PR-public relations) գործակալը: Թորոսեան Նիւ Եորքի 5W հանրային կապերու ընկերութեան նախագահն է:

Արդարադատութեան նախարարութեան արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թորոսեան նշեալ պայմանագիրը կնքած է 25 մայիս 2017-ին: Անոր ընկերութիւնը կը ստանայ լրացուցիչ 60 հազար տոլար` 16 մայիսէն 16 նոյեմբեր 2017-ի միջեւ ինկած  ժամանակահատուածին համար, եւ այդ գործարքը ինքնագործ (automatic) կերպով կը նորոգուի յաջորդ վեց ամսուան համար: Այս վճարումը կ՛աւելնայ այն գումարին, որ նշուած է 10  օգոստոս 2016-ին կնքուած պայմանագիրին մէջ:

Յատկանշականը այն է, որ Թորոսեան Թուրքիոյ հետ պայմանագիր կնքած է ինը օր անց այն դէպքերէն, որոնց ընթացքին նախագահ Էրտողան կը դիտէր իր թիկնապահները, երբ անոնք կը ծեծէին խումբ մը ցուցարարներ` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Ցուցարարներու ծեծէն երեք օր ետք Թորոսեան մը յօդուած հրապարակեց «Ալկեմայնըր»-ի մէջ` «Արտաքսեցէ՛ք արմատական իսլամական քարոզիչը (Կիւլենը) եւ պաշտպանեցէ՛ք ամերիկեան շահերը» վերնագիրով:

Հետաքրքրականօրէն, Լուիզ Նոյ բացայայտեց, որ 17 փետրուար 2017-ին Թորոսեան մէկ այլ յօդուած գրած էր «Նիւզմեքս»-ի մէջ` քննադատելով Մայքըլ Ֆլինի հրաժարականին մասին լրատուական միջոցներու լուսաբանումը: Հեգնօրէն, Թորոսեան «Նիւզմեքս»-ի մէջ, 20  մայիս 2015-ին հրապարակուած իր նախկին յօդուածին մէջ, քննադատելով Levick Communications PR ընկերութեան աշխատանքը` Քաթարի դեսպանատան համար յայտարարած էր. «Կան մարդիկ, որոնք բնական կը համարեն «Փի.Ար.» ընել բռնակալներու եւ ահաբեկիչներու համար: Այնուամենայնիւ, տողերուս հեղինակը (Թորոսեան) համամիտ է աշխարհի մեծագոյն «Փի.Ար.» ընկերութեան սեփականատէր Ռիչըրտ Էտըլմընի հետ, որ կ՛ըսէ. «Փի.Ար.»-ը նման չէ օրէնքին. ոչ բոլորը արժանի են ներկայացման»: Ինքզինք հակասելով` Թորոսեան զբաղած է Թուրքիոյ բռնապետ Էրտողանի շահերը պաշտպանելու երկերեսանի գործողութեամբ…

Բացի ասկէ, Թորոսեան 27 յունուար 2017-ին գրած է «Օպզըրվըր»-ի մէջ, որուն հրատարակիչը նախագահ Թրամփի փեսան` Ճերըտ Քուշնըրն է, քննադատելով այն «Փի.Ար.» ընկերութիւնները, որոնք` «կ՛արդարացնեն ճնշող վարչակարգերը»: Ան եզրակացուցած է` ըսելով. «Բռնակալները եւ ահաբեկիչները արժանի չեն «Փի.Ար.»-ի աջակցութեան»:

Ես երկու անգամ հեռաձայնեցի Թորոսեանի գրասենեակը, եւ ամէն անգամ պաշտօնեան վստահեցուց զիս, որ ան պիտի պատասխանէ հեռաձայնիս: Բայց պատասխանող չեղաւ: Լուիզ Նոյ նոյն ճակատագիրին արժանացած էր, երբ փորձած էր կապուիլ Թորոսեանին հետ: Երբ Նոյ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր Թորոսեանի` Թուրքիոյ եւ Թրամփի հետ ունեցած կապերուն մասին, վերջինս պատասխանած էր. «Ես սպաննած եմ Քենետին… Իմ նախկին կինը ռուս է… Ես նոյնիսկ ձկնկիթ կերած եմ այս շաբաթ…»: Թորոսեան ոչ միայն անկիրթ է հեռաձայնային հաղորդագրութիւններուն պատասխանելու հարցով, այլ նաեւ, ըստ տեղեկութիւններու, վատ կը վերաբերի իր պաշտօնեաներուն եւ ուրիշներու հետ: «Նիւ Եորք Թայմզ» զայն կը նկարագրէ իբրեւ «անզուսպ եւ բացայայտ յարձակողապաշտ (aggressive) մը»: Նաեւ, ըստ Լուիզ Նոյի, ան գործարար կապեր ունի ստուերի մէջ գործող հրեայ եւ ռուս սակաւապետներու հետ: Թէեւ Թորոսեան հայկական մականուն ունի, սակայն ես չեմ կրնար հաստատել, որ անոր ծնողներէն մէկը կամ երկուքը հայ են, կամ ոեւէ մէկը հայ է…

Ըստ անոր «Լինքըտին»-ի դիմանկարին` Ռան Թորոսեան նաեւ «JetSmarter-ի գործընկեր է, շուկայադրման (marketing) պատասխանատու եւ խորհուրդի անդամ»: JetSmarter-ը վիճայարոյց ընկերութիւն է, կը ներկայացուի իբրեւ «uber ինքնաթիռներու համար»: JetSmarter-ի գործադիր տնօրէնը Սերգէյ Պետրոսովն է` Վաչագան Պետրոսովի որդին, որ հաստատօրէն հայկական անուն ունի:

Հիմնական պատճառը, որ ես հետաքրքրուեցայ Ռան Թորոսեանի` Թուրքիոյ համար որպէս «Փի.Ար.» գործակալ աշխատելուն հարցով, այն էր, որ նման իրավիճակի մը մէջ գտնուած էր նաեւ Պերի Զորթեան, որ հոկտեմբեր 1980-էն մինչեւ փետրուար 1984 աշխատած էր Թուրքիոյ կողմէ վարձուած Gray & Co լոպիական ընկերութեան մէջ: Զորթեան «Ամերիկայի ձայն»-ի եւ «Թայմ»-ի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր: 1968-1969 ան Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր ներկայացուցիչն էր Սայկոնի եւ Վիեթնամի մէջ:

Օրին, երբ իմացայ, որ Զորթեան նոյն ժամանակ բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր Թուրքիոյ համար լոպիստական ընկերութեան մէջ եւ վարչութեան անդամ` Ամերիկայի Հայկական համագումարին, հեռաձայնեցի իրեն եւ հարցուցի, թէ արդեօք իր երկակի դերը շահերու բախում չի յառաջացնե՞ր իր կամ իր ընկերութեան համար: Որպէս հայու նկատմամբ յարգանքի նշան` ես նախազգուշացուցի զինք, որ եթէ պատասխանէ հարցումներուս, կրնայ գործէն արձակուիլ:

63-ամեայ Զորթեան պատասխանեց, որ զինք չի մտահոգեր այն պարագան, որ ինք կրնայ կորսնցնել տարեկան 65 հազար տոլար եկամուտով իր գործը` իբրեւ Gray & Co ընկերութեան աւագ փոխնախագահ: Ան անկեղծօրէն պատասխանեց իմ բոլոր հարցումներուս: Զորթեան բացատրեց, որ ինք կ՛աշխատէր հանրային կապերու գրասենեակին մէջ, այլ ոչ թէ` Թուրքիոյ հաշուոյն, որով զբաղած էր ընկերութեան լոպիական բաժինը:

19 յունուար 1984-ին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի առաջին էջով յօդուածիս հրապարակումէն անմիջապէս ետք, թրքական «Թերճուման» թերթը յայտնեց Զորթեանի հետ իմ ունեցած հարցազրոյցիս մասին, որ մեծ իրարանցում յառաջացուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ` բացայայտելով, որ ամերիկահայ մը եղած է գործադիր տնօրէնը այն լոպիստական ընկերութեան, որ տարեկան 300 հազար տոլար կը ստանար Թուրքիայէն:

21 փետրուար 1984-ին լոպիական ընկերութեան փոխնախագահ Ալեխանտրօ Օրֆիլա Զորթեանին ըսած էր, որ Թուրքիոյ դեսպան Շուքրիւ Էլեքտաղ խիստ բարկացած է` կարդալով թերթին մէջ տպագրուած յօդուածը: Օրֆիլա մէջբերած է դեսպան Էլեքտաղի խօսքերը. «Տղանե՛ր, ես ձեզ վարձած էի, որ օգնէիք ինծի իմ քաղաքական հարցերուս մէջ, իսկ դուք ատոր փոխարէն` ինծի համար հարցեր կը ստեղծէք… Դուք պէտք է լուրջ քայլերու դիմէք, որպէսզի ես կարենամ զեկուցել իմ կառավարութեան, եթէ ոչ ստիպուած կ՛ըլլամ պայմանագիրը կասեցնելու»:

«Փի.Ար.»-ի ընկերութեան նախագահ Ռապըրթ Կրէյ ընդհատեց իր արձակուրդը Աքափուլքոյի մէջ (Մեքսիքա) եւ անմիջապէս վերադարձաւ Ուաշինկթըն: Զորթեան հեռացուեցաւ աշխատանքէն, Կրէյի հրաժարական տալու առաջարկը մերժելէ ետք:

Թէեւ ինծի համար այդքան ալ հաճելի չէր տեսնել, որ Զորթեան կորսնցուցած է իր գործը, սակայն միայն վեց ամսուան աշխատանքային փորձ ունեցող երիտասարդ լրագրող որպէս` ես շատ գոհ էի, որ անյայտ յօդուածս վերնագիրներու պատճառ դարձած էր թրքական մամուլին մէջ եւ արժանացած` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դեսպան Էլեքտաղի ուշադրութեան: Աւելի՛ն. 13 ապրիլ 1984-ին, «Ուաշինկթըն Փոստ»-ը ծաւալուն յօդուած մը գրեց` հատուածներ մէջբերելով յօդուածէս եւ նշելով իմ թերթս` իբրեւ այս միջազգային բանավէճին աղբիւրը:

Այդ օրերուն ես յորդորեցի Զորթեանը` դատի տալ Gray & Co ընկերութիւնը` իր ազգային ծագման պատճառով աշխատանքային խտրականութեան մեղադրանքով: Զորթեան դիմում ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ Մարդկային իրաւանց գրասենեակ` պնդելով, որ զինք գործէ արձակած են հա՛յ ըլլալուն պատճառով:

Ցաւօք, ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս աւարտեցաւ Զորթեանի դատական գործը: Ատկէ ետք ինք եւ իր կինը մահացած էին:

Եթէ Թորոսեան իրօք հայ է, ապա ան ինչպէ՞ս կրնայ «Փի.Ար.» ընել Թուրքիոյ համար: Սակայն աւելի կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիա կրնայ վարձել Թորոսեանը` հաշուի առնելով Զորթեանի փորձը: