Ռուբէն Սեւակի Նուիրուած Ձեռնարկ Թորոնթոյի Մէջ Մասնակցութեամբ` Սիրարփի Աճէմեանի


 Դե­րա­սա­նու­հի եւ բե­մադ­րիչ Սի­րար­փի Ա­ճէ­մեա­ն

Յա­րու­թիւն Դեր­ձա­կեան


Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ` Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցիի, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ` վաս­տա­կա­ւոր դե­րա­սա­նու­հի եւ բե­մադ­րիչ Սի­րար­փի Ա­ճէ­մեա­նի, ե­ղե­ռա­բախտ մտա­ւո­րա­կան, բժիշկ, բա­նաս­տեղծ եւ գե­ղան­կա­րիչ Ռու­բէն Սե­ւա­կի նո­ւի­րո­ւած գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ 5 Մա­յիս 2019 Կի­րա­կի յետմի­ջօ­րէին, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հին մէջ:

Սրա­հը լե­ցուն էր գրա­սէր­նե­րու հոծ բազ­մու­թեամբ: Ներ­կայ էին ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Հայր Ե­ղիա Ծ. Վրդ. Քի­րէ­ջեան եւ Միջյա­րա­նո­ւա­նա­կան Մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Յա­կոբ Ճան­պա­զեան։

Օ­րո­ւայ հան­դի­սա­վար Ե­դո­ւարդ Պա­լեան ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­լէ ետք հա­կիրճ տո­ղե­րով ծա­նօ­թա­ցուց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նին մաս­նակ­ցող ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հի Սի­րար­փի Ա­ճե­մեանն ու օ­րո­ւան բա­նա­խօս Շա­հան Տէ­ղիր­մէն­ճեա­նը։

Նախ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­լի երգ­չու­հի Ար­մե­նիա Սար­գի­սեան, որ իր քնքոյշ ձայ­նով գե­ղեց­կօ­րէն մեկ­նա­բա­նեց Կո­մի­տա­սի ՙՏլէ եա­ման՚ եւ Ա­լեք­սէյ Հե­քի­մեա­նի ՙԿռունկ բա­րով դառ­նաս՚ կտոր­նե­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ տու­տու­կա­հար Ճա­նիկ Ստե­փա­նեա­նի, ար­ժա­նա­նա­լով ներ­կա­նե­րու ջերմ գնա­հա­տան­քին։

Շա­հան Տէ­ղիր­մէն­ճեան ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով եւ հե­տաքրք­րա­կան դրո­ւագ­նե­րու մէջ­բե­րում­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց Ռու­բէն Սե­ւա­կի կեան­քը եւ գոր­ծե­րը։ Մերթ ընդ մերթ Սի­րար­փի Ա­ճէ­մեան իր դե­րա­սա­նա­կան զգա­յուն ո­ճով ար­տա­սա­նեց Ռու­բէն Սե­ւա­կի ՙՎեր­ջին օ­րօր՚, ՙԹրու­պա­տուր՚նե­րը եւ ՙՎեր­ջին հա­յե­րը՚ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։ Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին Հայր Ե­ղիա Ծ. Վրդ. Քի­րէ­ջեան բեմ բարձ­րա­նա­լով իր փակ­ման խօս­քը կա­տա­րեց վեր առ­նե­լով Սի­րար­փի Ա­ճէ­մեա­նի ար­ժա­նիք­նե­րը։

Հայր Սուր­բը հե­տե­ւեալ կեր­պով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ․ ՙԱր­ժա­նա­ւոր ու բազ­մա­վաս­տակ Սի­րար­փի Ա­ճէ­մեան ի­րեն կեան­քի եւ աս­պա­րէ­զի որ­պէս կողմ­նա­ցոյց եւ բնա­բան ընտ­րած է ՙՊա­հէ ա­ւան­դը՚ կար­գա­խօ­սը ու ա­հա եր­կա­րա­մեայ տա­րի­նե­րու ընդ­մէ­ջէն ան ոչ միայն պահ­պա­նած, այլ գուր­գու­րա­ցած է եւ այդ խո­րա­նին ծա­ռա­յե­լով ըն­ծա­յած եւ զո­հա­բե­րած է իր էու­թեան լա­ւա­գոյնն ու հարս­տա­գոյ­նը։ Այս պա­հուն յար­գա­լիր ու խնդա­գին կը խո­նար­հինք Սի­րար­փի Ա­ճէ­մեա­նի տքնա­ջան եւ ար­գա­սա­բեր, բե­ղուն վաս­տա­կին առ­ջեւ, ո­րով ան գե­ղա­րո­ւես­տին, գի­րին ու գա­ղա­փա­րին ան­սա­կարկ ու յա­րա­տեւ նո­ւի­րու­մո­վը իր դրա­կան եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը կա­տա­րած է հայ մշա­կոյ­թի ան­դաս­տա­նին՚, – ա­պա շա­րու­նա­կեց իր խօս­քը,- ՙՍի­րար­փի Ա­ճէ­մեան, իր ե­րի­տա­սարդ կո­րո­վով ու նաեւ ի­մաս­տուն եւ հա­րուստ ան­ցեա­լի փոր­ձա­ռու­թեամբ բայց մա­նա­ւանդ իր ի­մաս­տու­թեամբ շա­րու­նա­կեց եր­կար տա­րի­ներ հայ մշա­կոյ­թի ա­ւան­դը պա­հել, գուր­գու­րալ, ջեր­մաց­նել եւ փո­խան­ցել հա­յու­թեան, յատ­կա­պէս ար­տա­սահ­մա­նի բո­լոր խա­ւե­րուն՚։ Ա­ւար­տին, ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կայ գրա­սէր­նե­րուն ու կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին։

Ձե­ռամբ Հայր Ե­ղիա­յի, յու­շապ­նակ մը յանձ­նո­ւե­ցաւ օ­րո­ւայ բա­նա­խօս Շա­հան Տէ­ղիր­մէն­ճեա­նին, ինչ­պէս նաեւ Թո­րոն­թո­յի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Գրի­գոր լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­վի­ւին. Թո­րոն­թո­հայ Թա­տե­րա­սէր­նե­րու Խմբա­կի Ա­տե­նա­պետ Տոքթ. Պերճ Ար­թի­նեա­նի ա­նու­նով Տի­կին Ա­ճէ­մեա­նին յանձ­նո­ւե­ցաւ Յա­կոբ Ճան­պա­զեա­նի կող­մէ բծախնդ­րու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած գնա­հա­տա­գիր մը։ Ա­պա բո­լոր ա­րո­ւես­տա­գետ­նե­րը ստա­ցան գե­ղե­ցիկ ծաղ­կե­փուն­ջեր։ Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։ Ներ­կա­նե­րը ան­գամ մը եւս ա­ռի­թը ու­նե­ցան վա­յե­լե­լու վաս­տա­կա­ւոր դե­րա­սա­նու­հին եւ բե­մադ­րիչը։