Սահմանամերձ Գիւղի Դպրոցին Մէջ Գանատահայերու Հովանաւորութեամբ Համակարգիչի Սենեակ Բացուեցաւ


Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան Մաքենիս գիւղի դպրոցին մէջ բացուած համակարգչային սենեակին մէջ

Նոյեմբեր 23-ին, Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Մաքենիս սահմանամերձ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը գիւղի միջնակարգ դպրոցի համակարգչային դասասրահին, հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ մեկենասութեամբ՝ գանատահայ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու։

Մաքենիս գիւղը կը գտնուի Վարդենիս քաղաքէն 18-քմ հարաւ-արեւմուտք, ծովի մակերեսէն 2231 մեթր բարձրութեան վրայ։ Գիւղը յայտնի է Մաքենեաց վանքով, որ 9-13-րդ դարերուն եղած է Մեծ Հայքի Գեղարքունիք գաւառի ամէնէն նշանաւոր կրօնական-մշակութային կեդրոնը։

Միջնակարգի աշակերտները աղ ու հացով դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանը, անուհետեւ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական ծրագիրով։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ յայտնեց իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը, որ այս դպորցի զարգացման մէջ ունեցած են նաեւ իրենց լուման՝ համակագչային սենեակ բանալով, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գիւղին մէջ ապրող իւրաքանչիւրին, որոնք մեր երկրի սահմանապահներն են։

Հանդիսութեան ներկայ եղան Գեղարքունիքի նախկին մարզպետ եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ տիկինը՝ Լիանա Խաչատրեանը։ Սոյն ծրագիրը սկիզբ առած էր Սաղաթէլեանի մարզպետութեան ժամանակ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ դասասրահի պաշտօնական բացումը եւ օրհնութիւնը։

Համակարգչային սենեակի բացոմը՝ ձեռամբ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի

 

Համակարգչներէն օգտուող աշակերտները։

 

Դպրոցի աշակերտները աղ ու հացով կը դիմաւորեն Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը