«Սասուն» Պարախումբի 15ամեակ


Պէթ­թի Փա­նո­սեան


Ա­րեւմ­տեան Սփիւռ­քի մէջ ազ­գու­թիւն եւ յատ­կա­պէս մշա­կոյթ պա­հե­լը միշտ ալ մար­տահ­րա­ւէր ե­ղած է։ Սա­կայն, տես­լա­կան ու­նե­ցող խումբ մը հա­յոր­դի­ներ միշտ ալ կրցած են շրջան­ցել ար­գելք­նե­րը, ան­տե­սել կարծ­րա­տի­պե­րը,  հիմ­նել մշա­կոյ­թի ո­րե­ւէ բնա­գա­ւա­ռի յա­տուկ մի­ջա­վայր եւ ստեղ­ծա­գոր­ծել միեւ­նոյն տես­լա­կա­նը բաժ­նեկ­ցող այ­լոց հետ։

 Պա­րա­րո­ւես­տի մշա­կոյ­թին յա­տուկ, նմա­նա­տիպ մի­ջա­վայ­րե­րէն մէկն է Թո­րոն­թո­յի ՙՍա­սուն՚ պա­րա­խում­բը, որ ար­դէն 15 տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գոր­ծէ նախ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն՝ Գա­նա­տա­հայ Հա­մայն­քի Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ՙԲա­րեւ՚ կեր­դո­նի հո­վա­նիին ներ­քոյ։

Ու­նե­նա­լով Սե­ւակ Ա­ւա­գեա­նի նման ժրա­ջան եւ ստեղ­ծա­գործ միտք ու­նե­ցող գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար, խում­բի թի­ւը այ­սօր կը կազ­մէ շուրջ 70 պա­րող­ներ, ո­րոնք ըստ տա­րի­քա­յին բա­ժա­նում­նե­րու մաս կը կազ­մեն ե­րէց եւ կրտսեր խում­բե­րուն։

Յե­տա­դարձ ակ­նար­կով, 15 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պա­րա­խում­բին մաս կազ­մած են շուրջ 350 ան­դամ­ներ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով ա­ւե­լի քան 200 պա­րեր։ Ա­նոնք հայ­կա­կան մշա­կոյթն ու պա­րը ծա­նօ­թա­ցու­ցած են օ­տար­նե­րուն, մաս­նակ­ցե­լով տե­ղա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու, նաեւ բե­մա­հար­թա­կը բաժ­նեկ­ցած են հայ­րե­նի եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող եր­գիչ­նե­րու հետ£

 8 Յու­նիս 2019ին ՙՍա­սուն՚ի 15րդ ­տա­րե­կան ե­լոյթն էր ՙՀա­տըն­տիր՚ խո­րա­գի­րով։

Մա­րալ Մա­քաս­ճըի բաց­ման խօս­քէն ետք, պա­րու­սոյց Սե­ւակ Ա­ւա­գեա­նի պատ­րաս­տու­թեամբ տե­սե­րիզ մը ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ, ուր շնոր­հա­ւո­րան­քի ջերմ ու սրտա­բուխ խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան նախ­կին ՙՍա­սուն՚ցի­ներ։ Ա­նոնք ի­րենց յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն թար­մա­ցու­ցին ՙՍա­սուն՚ի մէջ ապ­րած ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րը եւ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներն ու շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րը։

Ե­լոյ­թը կը ներ­կա­յա­ցէր 15 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին խում­բին ներ­կա­յա­ցու­ցած լա­ւա­գոյն եւ ա­մե­նա­սի­րո­ւած պա­րե­րէն ցանկ մը, որ յա­ճախ կը հա­մե­մո­ւէր հայ­րե­նի հան­րա­ծա­նօթ մեկ­նա­բան Ռու­բէն Սա­սուն­ցիի կա­տա­րած ճոխ եւ հա­յեր­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով, ո­գե­ւո­րե­լով պա­րող­ներն ու հան­դի­սա­տե­սը հա­ւա­սա­րա­պէս։

Նե­կա­յա­ցո­ւե­ցան 18 պա­րեր (3 բե­մադ­րու­թիւն՝ Հ.Հ. Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի Ա­նո­ւան Եր­գի ու Պա­րի Ան­սամպլ, 6 բե­մադ­րու­թիւն ՀՀ ­Պա­րի  Պետ. Ան­սամպ­լի եւ 3 բե­մադ­րու­թիւն Սե­ւակ Ա­ւա­գեա­նի, 4 բե­մադ­րու­թիւն Սա­րին Ա­ւա­գեա­նի  եւ 2 բե­մադ­րու­թիւն Սե­ւակ եւ Սա­րին Ա­ւա­գեան­նե­րու)։  Յատ­կան­շա­կան էր ՙԱզ­գագ­րա­կան պար՚ը, ո­րուն մաս կազ­մած էին պա­րող­նե­րու ծնող­նե­րը։

Տե­ղին է յի­շել, որ պա­րա­խում­բի նո­ւա­ճած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է պա­րու­սոյ­ցի օգ­նա­կան եւ զգեստ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Սա­րին Ա­ւա­գեա­նը, որ եղ­բօ­րը հետ ձեռք ձեռ­քի տո­ւած՝ կը սա­տա­րեն հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման եւ փո­խանց­ման։

Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝  Տ. Աբ­գար եպս. Յո­վա­կի­մեան, Փո­խա­ռաջ­նորդ եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Տ. Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան բարձր գնա­հա­տե­ցին տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը եւ այս առ­թիւ գնա­հա­տագ­րով եւ ՙՍ. Էջ­միա­ծին՚ շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րե­ցին պա­րու­սոյց Սե­ւակ Ա­ւա­գեա­նը, մաղ­թե­լով յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն եւ նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­ներ։ Իր ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մին հա­մար Սա­րին Ա­ւա­գեա­նը եւս պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Գնա­հա­տա­գի­րով։

ՙՊահ­պա­նիչ՚ ով վերջ գտաւ ե­րե­կոն։