Սարդարապատի Հերոսամարտի Եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակի Հանդիսութիւն


Ե­լոյ­թին ներ­կայ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րե­րը, Փո­խա­ռաջ­նոր­նե­րը եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը:

Մա­տաթ Բ․ Մա­մու­րեան


Օրհ­նու­թեամբ՝ Աբ­գար Եպս․ Յո­վա­կի­մեա­նի եւ Բաբ­գէն Արք․ Չա­րեա­նի« Ե­րեք­շաբ­թի, 15 Մա­յիս 2018ի ե­րե­կո­յեան, Թո­րոն­թո­յի Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ ՙՄա­րալ Իշ­խա­նեան՚ սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ գիր­քի շնոր­հա­հան­դէս եւ վա­ւե­րագ­րա­կան ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թիւն նո­ւի­րո­ւած՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Ա․ Յով­սէ­փեա­նի կեան­քին ու վաս­տա­կին։

Գիր­քը ներ­կա­յա­ցուց Մոնթ­րէա­լի Ս․ Յա­կոբ Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ  հո­վիւ Գառ­նիկ Ա․ Քհնյ․ Գո­յու­նեան։ Ներ­կայ էին զոյգ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րե­րը, Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի փո­խա­ռաջ­նորդ, Ս․ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Զա­րեհ Ա․ Քհնյ․ Զար­գա­րեան, փո­խա­ռաջ­նորդ եւ Ս․ Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Գե­ղարդ Ծ․ Վրդ․ Քիւս­պէ­կեան, Ս․ Աս­տո­ւա­ծա­ծին Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Կո­մի­տաս Ա․ Քհնյ․ Փա­նո­սեան։

Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք, օ­րո­ւայ հան­դի­սա­վար` Տիկ․ Պէթ­թի Փա­նո­սեան հա­կիրճ նե­րա­ծա­կա­նով անդ­րա­դար­ձաւ Սար­դա­րա­պա­տի հե­րո­սա­մար­տի եւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հպար­տա­ռիթ այս հան­դի­սու­թեան ընդ­մէ­ջէն  անձ­նո­ւէր հո­վիւ, յանձ­նա­ռու ու­սու­ցիչ, հայ­րե­նա­սէր, հա­յա­գէտ եւ գիտ­նա­կան՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Ա­ռա­ջին Յով­սէ­փեա­նի կեան­քին ու վաս­տա­կին։ Ա­պա բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Գառ­նիկ Ա․ Քհնյ․ Գո­յու­նեան ներ­կա­յաց­նե­լու վա­ւե­րագ­րա­կան եւ ար­խի­ւա­յին բնոյ­թի զոյգ հա­տոր­նե­րը՝ նո­ւի­րո­ւած եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Գա­րե­գին Ա․ Յով­սէ­փեան կա­թո­ղի­կո­սի հա­րուստ եւ բազ­մաշ­նորհ գոր­ծու­նէու­թեան։ Զոյգ հա­տոր­նե­րուն ա­ռա­ջի­նը տպո­ւած է Մայր Ա­թոռ Ս․ Էջ­միած­նի, իսկ երկ­րոր­դը՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ։ Զոյգ գիր­քե­րու շնոր­հա­հան­դէ­սէն ետք, խօսք ա­ռաւ Աբ­գար Եպս․ Յո­վա­կի­մեան՝ ընդգ­ծե­լով, որ Գա­րե­գին Ա․ Յով­սէ­փեան կա­թո­ղի­կոս ե­կե­ղե­ցա­կան ըլ­լա­լուն կող­քին նաեւ հայ­րե­նի­քի հան­դէպ դրսե­ւո­րած է հե­րո­սա­կան եւ նո­ւի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն՝ մաս­նակ­ցե­լով Սար­դա­րա­պա­տի հե­րո­սա­մար­տին։ Ներ­կա­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան վա­ւե­րագ­րա­կան տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թեան, որ պատ­րաս­տո­ւած էր ՙՇո­ղա­կաթ՚ հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան կող­մէ։ Սրտի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Զա­րեհ Ա․ Քհնյ․ Զար­գա­րեան՝ ար­ժե­ւո­րե­լով եւ գնա­հա­տե­լով զոյգ հա­տոր­նե­րու լոյս ըն­ծայ­ման աշ­խա­տան­քը։

Բակ­ման խօս­քին մէջ Բաբ­գէն Արք․ Չա­րեան նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Տ․ Աբ­գար եպս․ Յո­վա­կի­մեա­նին՝ հա­մե­րաշխ եւ միաս­նա­կան ո­գիով սոյն ե­րե­կո­յի կազ­մա­կերպ­ման առ­թիւ, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Գա­րե­գին Ա․ Յով­սէ­փեան Կա­թո­ղի­կո­սի  կեան­քին ու բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­նոր բե­րած մեծ նպաս­տին։

Զոյգ սրբա­զան­նե­րու ՙՊահ­պա­նիչ՚ով վերջ գտաւ հան­դի­սու­թիւ­նը։

Զա­րեհ Ա․ Քհնյ․ Զար­գա­րեա­նի հրա­ւէ­րով հիւ­րե­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ս․Եր­րոր­դու­թիւն Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ ՙՍա­սուն՚ պա­րա­խում­բի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած Տոհ­միկ պա­րին, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

 

Մոնթ­րէա­լի Ս․ Յա­կոբ Հայց․ Ա­ռաք․ Ե­կե­ղեց­ւոյ  հո­վիւ Գառ­նիկ Ա․ Քհնյ․Գո­յու­նեան