“Սարերն Ի Վեր”. Համազգայինի Էրեբունի Պարախումբի Ելոյթները Գանատայի 150ամեակին Նուիրուած


Արտա Տէր Յակոբեան Էլէյճեան


Հայուն նկարագրի հիմնական գիծերէն մէկն է իր մշակոյթին հանդէպ անսահման սէրը։ Հայրենիքէն ներս թէ սփիւռքի մէջ չկայ հայ մը, որ օրուան ընթացքին քանի մը վայրկեան չի նուիրէ հայկական մշակոյթին, ըլլայ ան պար մը դիտելով կամ երգ մը լսելով, իսկ Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը միշտ առաջնակարգ դիրքի վրայ է հայուն ծարաւը յագեցնելու իր մշակոյթին հանդէպ։

24 եւ 25 Յունիս 2017ին Թորոնթոյի Համազգայինի ” Գլաձոր” մասնաճիւղի Պարախումբի Ուսումնարանի եւ Էրեբունի Պարախումբի տարեկան ելոյթն էր, “Սարերն ի վեր” խորագրով։

Հակառակ պարախումբի այս տարեշրջանին կրած դժուարութիւններուն, երբ նախկին պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Լոռի Նաճարեանի Հայաստան մէկնումէն վերջ պարախումբը մնացած էր առաց պարուսոյցի, Փետրուար ամիսէն սկսեալ Արեւիկ եւ Արման Աւոյեանի ղեկավարութեամբ պարախումբի փորձերը արդէն մտած էին իրենց հունին մէջ։ Հարկ է յիշել թէ պարախումբի եւ ուսումնարանի մեծերու խումբի փորձերը Սեպտեմբերէն մինչ Յունուար շարունակուեցան Դաւիթ Մանուկեանի եւ Յովհաննէս Յարութիւնեանի փորձավարութեամբ։

«Սարերն ի վեր» ելոյթը նուիրուած էր Գանատայի 150ամեակին, ” Երկիր մը, ուր ամէն հնարաւորութիւն ընծայած է մեզի որպէսզի գոյատեւենք իբրեւ ազգ եւ մեր գործօն ներդրումը ունենանք թէ Գանատայի մէջ եւ թէ աշխարհի տարածքին”, ըսաւ “Գլաձոր” մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը իր Անգլերէն/ Հայերէն բացման խօսքին մէջ։

Գանատայի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի քայլերգերը մեներգեց Լեւոն Գառակիւլեանը, ապա փոքրիկն Սարին Գաբրիէլեանի մանկական քաղցր ու հայաշունչ ձայնը, Համօ Սահեանի “Իմ Արմատները” ասմունքով, մեզի տարաւ “Սարերն ի վեր”։

Յայտագիրը սկսաւ Փոքրիկներուն “Հզօր Հայաստան” պարի ներկայացումով, բեմադրութիւն Արեւիկ եւ Արման Աւոյեանի,ու յաջորդաբար ներկայացուեցան Էրեբունիի աղջիկներու “Կակաչներ” պարը, բեմադրութիւն՝ Վանուշ Խանամիրեանի, Փոքրիկներուն “Պարմանի” պարը, երաժշտութիւն Խաչատուր Աւետիսեանի, բեմադրութիւն Արեւիկ եւ Արման Աւոյեանի, “Սրտի Առաջին Խօսք”, Անտրէ, մենակատարութեամբ Վանի Եագուպեանի ու Յովհաննէս Յարութիւնեանի, բեմադրութիւն Յովհաննէս Յարութիւնեանի, “Ուզունտարա” պարը, մենակատարութեամբ Մարիա Մանուկեանի, բեմադրութիւն Վանուշ Խանամիրեանի, Էրեբունի պարախումբի “Շալախօ” պարը, մենակատարութեամբ Մարիա Մանուկեանի եւ Գօգօ Ակիկեանի, բեմադրութիւն Վանուշ Խանամիրեանի, ու Մեծերու “Սարդարապատ” պարը, բեմադրութիւն Արեւիկ եւ Արման Աւոյեանի։ Քանոնահար Մատիանա Թորոսեան, Խաչատուր Աւետիսեանի “Մախմուր Աղջիկ” նուագով երաժշտական երանգ մը աւելցուց պարարուեստի զանազան տեսակի պարերով հարուստ գեղարուեստական երեկոյին։

Բեմին վրայ տարազներու գեղեցկութիւնն ու կոկիկութիւնը, փոքրիկ պարողներուն կեդրոնացումը, տղոց ռազմական ու աղջիկներուն քնքուշ ձեռքի շարժումներն ու անոնց քնարական կեցուածքը կը ցոլացնէր պարուսոյցներուն բծախնդրութիւնը,իւրաքանչիւր պարողի փորձերուն լուրջ մօտեցումը ու պարախումբի յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց օգնականներուն նուիրական աշխատանքին արգասիքը։

Համազգայինը պատիւը ունեցաւ պարախումբի ելոյթին հիւրընկալելու Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Պր․Շօն Չէնն ու Օնթարիոյի Խորհրդարանի անդամ Տիկին Սու Վանկը։ Յարգարժան հիւրերը իրենց ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը բաժնեցին ներկաներուն հետ, բարձր գնահատելով Թորոնթոյի Հայկական Գաղութին ունեցած մեծ ներդրումը,յատկապէս նոր ժամանած Սուրիահայերու աջակցութեան եւ Գանատայի բազմատեսակ կառոյցը պահելու աշխատանքին մէջ։ Անոնք շնորհաւորեցին Համազգայինն ու բոլոր ներկաները պարախումբի գեղեցիկ ելոյթին առթիւ, ու գնահատանքի վկայագիր մը նուիրեցին Համազգայինին։

Յայտագրին երկրորդ մասը կ՛ընդգրկէր Փոքրիկներուն “Իմ Անուշ Հայաստան” պարը, մենակատարութեամբ Ռաֆֆի Օհանեանի եւ Աննա Խոսրովաֆեանի, բեմադրութիւն Արեւիկ եւ Արման Աւոյեանի, Էրեբունի աղջիկներուն “Կտոր մը Երկինք” պարը, բեմադրութիւն Յովհաննէս Յարութիւնեանի, Պատանիներու “Կատակ Պար”ը, մենակատարութեամբ Սարօ Աբելեանի եւ Էլեն Ատամեանի, բեմադրութիւն Վանուշ Խանամիրեանի, Մեծ Աղջիկներուն “Տաւիղ” Պարը, մենակատարութեամբ Իզապէլ Ճանսըզեանի, բեմադրութիւն Վանուշ Խանամիրեանի, մասնակցութեամբ Մատիանա Թորոսեանի՝ Քանոնի վրայ, “Կինտոների Պար”ը, մենակատարութեամբ Ծիլլա Գույումճեանի, Գօգօ Ակիկեանի, Յովհաննէս Յարութիւնեանի, Դաւիթ Մանուկեանի, Արէն Մարսէլեանի, Նարեկ Գասեմճեանի, Հրակ Գարամարտեանի եւ Հայկ Մարտոյեանի, բեմադրութիւն Վանուշ Խանամիրեանի, Պատանիներուն ” Պար Ծիրանի”ն երաժշտութիւն Խաչատուր Աւետիսեանի, բեմադրութիւն Արեւիկ եւ Արման Աւոյեանի, եւ վերջապէս “Հարսանեկան” պար, մենակատարութեամբ Բերլա Փուշմանեանի (հարս), Գօգօ Ակիկեանի (փեսայ), Դաւիթ Մանուկեանի (քաւոր), Ատրինէ Արթինի (քաւորկին), բեմադրութիւն Կարէն Գէորգեանի։

Հարսանեկան խանդավառ խրախճանքի մթնոլորտի մէջ ելոյթը հասաւ իր աւարտին, ուր ընկերուհի Թամար շնորհակալութիւն յայտնեց պարուսոյցներուն Արեւիկ եւ Արման Աւոյեաններուն, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին հսկայ աշխատանք տարին պարախումբի ելոյթը մէջտեղ բերելու համար, պարախումբի յանձնախումբի անդամներուն իրենց յանձնառութեանեւ նուիրումին համար, օգնականներուն, ելոյթի բոլոր մասնակցողներուն եւ անոնց ծնողներուն իրենց ծով համբերութեան համար, առաւել բոլոր նուիրատուներուն յատկապէս գլխաւոր նուիրատու Տէր եւ Տիկին Ալէն եւ Ասիկ Տէր Մինասեաններուն, որոնք պարգեւատրուեցան վարչութեան կողմէ յուշանուէրով մը։

Համազգայինի Ուսումնարանի ցարդ յատուկ անունով մը չէ օժտուած եւ պահը հասած էր որ Ուսումնարանը անուն մը ունենայ։ Այս առիթով, հանդիսավարը հրաւիրեց

Ուսումանարանէն Լիլիթ Նաճարեանը.- “Չպոկուես հողից իմ խրոխտ Արցախ, Առաւել ամուր կառչիր այդ հողին. դու այս հողի տէրն՝ այստեղ ես ծնուել որ յարատեւես, որ արծուի նման տիրես լեռներին եւ արծուի նման տիրաբար թեւես”։ Վահագն Դաւթեանի այս խօսքերէն ետք, մասնաճիղի ատենապետը ուրախութեամբյայտարարեց ուսումնարանին անունը՝ Համազգայինի Արցախ Պարարուեստի Ուսումնարան. աւելցնելով՝ թող Արցախեան յաղթական ոգիով առաջնորդուի իւրաքանչիւր պարող։ Թող Ուսումնարանը Արցախի նման կառչած մնայ իր աշխատանքին, իր պարման-պարմանուհիներուն մէջ ցանելով Հայկական մշակոյթին տէր դառնալու կամքը։

Աւարտին, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէքեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ պահպանիչով փակեց երեկոն։

“Սարերն ի վեր” խորագիրը շատ բան ըսաւ ելոյթի հանդիսատեսներուն։ Երբ Համազգայնականը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ հաւաքական աշխատանքը հասցնելու իր լաւագոյնին, անոր քայլերը անկասկած ուղղուած կ՛ըլլան “Սարերն ի վեր”։

Կտոր մը երկինք . Էրեբունի աղջիկներ

Ի անուշ Հայաստան – Փոքրեր Բ

 

Հարսանեկան – Փակում հարս՝ Բերլա Փուշմանեան, փեսայ՝ Գօգօ Ակիկեան

Պար Ծիրանի – Պատանիներ

Կատակ Պար – Պատանիներ

Սարդարապատ – Մեծեր

Տաւիղ – Մեծեր

Ուզունտարա – Մեծեր. մենակատար Մարիա Մանուկեան

Շալախօ

Կակաչներ