ՍԱՐՖը 175,000 Տոլար Կը Տրամադրէ Հալէպի Գործատեղիներու Վերականգնումի Նպատակին


Վերջին շրջանին, որոշ չափով Սուրիոյ Մայր գաղութի խաղաղութեան բարի լուրերը կը տարածուին համայն հայութեան առօրեայէն ներս, երբ անցնող վեց տարիներուն սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքէն ներս, դաժան պատերազմի հետեւանքով, ունեցանք բազմաթիւ որբեւայրի,հաշմանդամ եւ կորուսեալ անհատներով լի ընտանիքներ, կիսակործան ու քանդուած կալուածներ, բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ, կեդրոններ եւ գործատեղիներ եւ աւելին, երկիրն ու հայկական թաղամասերը պաշտպանող՝ երիտասարդ անգին զոհեր…:

Հիմնուելով անցեալ տարուան Ապրիլին Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Անթիլիասի Մայրավանքի համագումարի որոշումներուն, ՍԱՐՖի գործադիր մարմինս անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ համարելով ծրագրեց օժանդակել Սուրիահայ Մայր գաղութի վերականգման եւ վերակառուցման ծրագիրներուն, կեդրոնանալով կիսաքանդ գործարաններու վերակառուցման, որպէսզի ինքնաբաւ դառնար եւ բարենպաստ պայմաններով ապրելու նորոգ յոյսերը՝ իրենց ամէնօրեայ կեանքի կարիքներու լուծման եւ գոյատեւման ծառայէր:

ՍԱՐՖը տակաւ պատնէշի վրայ է, վերականգնումի այս յոյժ կարեւոր ու անմիջական ծրագրի օժանդակութեան ի խնդիր եւ խորապէս կը գնահատէ մեր հայրենակիցներու յարատեւ ու ազնիւ աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը՝ Սուրիոյ պատերազմին անցնող վեց տարիներու ընթացքին, մեծահոգի ու առատաձեռն նուիրատուութեամբ օժանդակելու՝ Սուրիահայ մեր հայրենակիցներու գոյատեւման՝ միշտ հաւատալով, որ «ո՛չ մէկ հայ անհատ պիտի մնայ անտէր ու անօգնական»:

Առ ի տեղեկութիւն մեր հայրենակիցներուն, վերջին շրջանին ՍԱՐՖը Սուրիոյ ՇՏԱՊի եւ Վերականգնումի մարմնին փոխանցած է 175,000 տոլարի կոկիկ գումար մը, որ գլխաւորաբար պիտի օգտագործուի՝ գործատեղիներու եւ կրթական անմիջական կարիքներու նպատակպերուն:

Վարձքը կատա՛ր ՍԱՐՖի գործունէութեան նպաստող բարերար մեր հայրենակիցներու ն՝ իրենց ազնիւ նուիրատուութեանց եւ օժանդակութեան համար :
Միասնակա՛ն ջանքերով պիտի վերականգնե՛նք Սուրիահայ Մայր գաղութը:

ՍԱՐՖի Վերականգնումի Մարմին