Սիմոն Մարտիրոսեան Դարձաւ Ծանրամարտի Եւրոպայի Ախոյեան


ՀՀ ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան ոսկէ մետալ նուաճեց Եւրոպայի 2019ի ախոյեանութեան:

Բաթումի մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ան կը մասնակցի 109 քկ․ դասակարգին մէջ: Պոկում վարժութեան մէջ 22-ամեայ ծանրորդը 192 քկ․ արդիւնքով փոքր ոսկէ մետալ նուաճեց: Հրում վարժութեան մէջ առաջին մօտեցումով Սիմոնը բարձրացուց 225 քկ․: Երկրորդին բարձրացուց 235 քկ․ ծանրաձողը` ապահովելով Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը:

Այսպիսով, երկամարտի 427 քկ․ արդիւնքով Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկէ մետալը:

Իսկ ՀՀ ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Սամուէլ Գասպարեան արծաթէ մետալ նուաճեց։ Մարզիկը 102 քկ․ դասակարգին մէջ 2-րդն է երկամարտի 377 քկ․ արդիւնքով: