Սինկափուրեան Խոլորձի Նոր Տեսակը Պիտի Կրէ ՀՀ Վարչապետին եւ Անոր Տիկնոջ Անունը


Պաշտօնական այցի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան Յուլիս 9-ին այցելեցին Սինկափուրի բուսաբանական այգի, ուր տեղի ունեցաւ երկրի ազգային խորհրդանիշը համարուող ծաղիկի` «Սինկափուրեան խոլորձի» նոր տեսակի` Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի անունով անուանակոչելու արարողութիւնը:

Սինկափուրի մէջ այսպիսի միջոցառումներ տեղի կ՛ունենան ի պատիւ երկրի բարձրաստիճան հիւրերու եւ անուանի գործիչներու:

 «Վանտա Միսս Ճոակիմ» (Vanda Miss Joachim) անունը կրող խոլորձի տեսակը, որ յայտնի է նաեւ որպէս «Սինկափուրեան խոլորձ» կամ «Ալոհա արքայադստեր խոլորձ», իր անուանումը ստացած է` ի պատիւ հայ ծաղկաբոյծ Ագնէս Ջոակիմի (Աշխէն Յովակիմեան), որ յայտնաբերած է այս ծաղկատեսակը:

 Ագնէս Ջոակիմ (Աշխէն Յովակիմեան) ծնած է 1854-ին Սինկափուրի մէջ` Բարսեղ եւ Ուրելիա Ջոակիմներու (Յովակիմեան) ընտանիքին մէջ: