«Straits Times»․- Սինկափուրի հայկական եկեղեցին զբօսաշրջինկերու ամենասիրելի վայրերէն մէկն է:
Սինկափուրի մէջ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած է 1835ին իռլանտացի ճարտարապետ Ճորճ Քոլմանի նախագիծով, զբօսաշրջիկներու ամենասիրուած տեսարժան վայրերէն է: Այնտեղ ամէն օր կ’այցելէ աւելի քան 100 մարդ։
Անցեալ հարիւրամեակի 70ականներուն Սինկափուրի յայտնի հայերու շիրմաքարերը Պուկիտ Թիմահ գերեզմանոցէն տեղափոխուած են եկեղեցւոյ տարածք, որուն հարեւանութեամբ պանթէոն հիմնուած է: Եկեղեցին եւ կից տարածքը ներառուած է Սինկափուրի պատմական յուշարձաններու ցանկին մէջ:
Այժմ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վանահայր չունի: Տարին մէկ անգամ այստեղ ժամերգութիւն կը կատարէ տէր Զաւէնը, որ Սինկափուր կու գայ Մեանմարէն:
Սինկափուրի մէջ, ուր այժմ մօտ 100 հայ կ’ապրի, նաեւ կը գործէ Հայկական ժառանգութեան անսամպլ, որմով հետաքրքրուած են ոչ միայն հայերը, այլեւ սինկափուրցիները։