Սիսի Կաթողիկոսարանի Պահանջքով Հայ Դատը Կը Մտնէ Իրաւական Մարզ-1


Թուրքիոյ դէմ` Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին անցնող երեք տարիներու ընթացքին, զանազան առիթներով թէ՛ վեհափառ հայրապետը, եւ թէ կաթողիկոսարանի տեղեկատուութեան գրասենեակը որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Հիմա, որ 6 Դեկտեմբեր 2016ին թղթածրարը Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանը յանձնուած է, Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրանքով՝ դատի թղթածրարի պատրաստութեան յանձնախումբի անդամներէն դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան հետեւեալ հարցազրոյցը տուաւ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին, անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ու լուսաբանութիւնները համապարփակ կերպով ներկայացնելու մեր ժողովուրդին: Դոկտ. Պայրագտարեան-Գապաքեան միջազգային օրէնքի դասախօս է Լիբանանեան համալսարանին մէջ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս սկսաւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի գծով Թուրքիոյ դէմ դատ բանալու գաղափարը:

ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ-ԳԱՊԱՔԵԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս որոշեց Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը փոխադրել իրաւական դաշտ: Բնականաբար, սա դիւրին քայլ մը չէր: Վեհափառ հայրապետը առիթով մը կ՛ըսէր, թէ` «Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ յետոյ ի՞նչ ըրիք պիտի ըսէ պատմութիւնը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է մեր դատը նոր հորիզոններու առջեւ բանալ` զայն իրաւական դաշտ առաջնորդելով»: Այս հեռանկարով, վեհափառ հայրապետը նամակ յղեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին (Օգոստոս 2011), ապա` երկու վեհափառ հայրապետները միասնաբար (ապրիլ 2013), պահանջելով մեր եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը: Երկու նամակները մնացին անպատասխան: Նոյն առաջադրանքով, 2012ի Փետրուարին վեհափառին նախաձեռնութեամբ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային խորհրդաժողով մը`«Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէ հատուցում»(The Armenian Genocide: from Recognition to Reparation) թեմայով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին միջազգային օրէնքի աւելի քան երեսունհինգ մասնագէտներ` համաշխարհային համբաւ վայելող համալսարաններէ: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Եուկոսլաւիոյ Միջազգային դատարանի նախկին նախագահ դատաւոր Ֆոսթօ Փոքար եւ Միջազգային արդարադատութեան դատարանի դատաւոր Ճօ Վերհովըն: Հրաւիրուած էր նաեւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի նախագահը, սակայն վերջին ժամուն հրաժարեցաւ մասնակցելէ: Յիշեալ խորհրդաժողովը իւրայատուկ էր իր մասնակցութեան մակարդակով ու քննարկումներով եւ անկիւնադարձ մը հանդիսացաւ դէպի իրաւական դաշտ մեր երթին: Խորհրդաժողովին մասնագիտական բնոյթն ու որակը գնահատուելով Եւրոպայի Միջազգային քրէական օրէնքի պարբերաթերթի «International Criminal Law Review»ի (Միջազգային ոճրային օրէնքի պարբերաթերթ) խմբագրութիւնը յատուկ թիւ մը յատկացուց խորհրդաժողովին ներկայացուած նիւթերուն: Վեհափառ հայրապետին որոշումով յիշեալ թիւը (14/2014) առանձին հատորով լոյս տեսաւ կաթողիկոսարանին կողմէ Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation (2015) (Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման համար իրաւական ճամբաներ (2015)` զայն աւելի լայն խաւերու մատչելի դարձնելու համար: Խորհրդաժողովը քարոզչական նպատակով կազմակերպուած չէր, այլ կը միտէր առարկայական ու մասնագիտական մօտեցումներով եւ միջազգային թէ թրքական օրէնքներու լոյսին տակ քննարկումը կատարել Հայ Դատի իրաւական գործընթացին, պարզելով` կարելիութիւններն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ դրուած եւ ժամանակի շրջանցումին կապուած օրինական պատնէշները: Արդարեւ, խորհրդաժողովը մեկնակէտը հանդիսացաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատական գործընթացին:

Հ.-  Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին մօտեցումը ի՞նչ էր Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքը իրաւական ընթացքի մէջ դնելու նկատմամբ:

Ն. Պ. Գ.- Խորհրդաժողովը առաջին հերթին քննարկեց եւ համեմատեց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան իրաւական գործընթացի ուղիները եւ յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ հարկ է անջատել ճանաչման քաղաքական ուղին` անոր իրաւական հետապնդումէն: Ապա խորհրդաժողովը քննարկեց ներկայ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան հարցը եւ պատմաքաղաքական ու իրաւական փաստացի տուեալներով եզրակացուց, թէ ներկայ Թուրքիան ժառանգորդն է Օսմանեան կայսրութեան, եւ պետութեան յաջորդականութեան (state succession) սկզբունքի հիման վրայ, պատասխանատուութիւնը ունի վերացնելու Ցեղասպանութեան հետեւանքները: Ապա լայնօրէն քննարկուեցաւ 1948ի ՄԱԿի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուխտը յարաբերաբար մեր դատին: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լեմքինի բառերով «Հայոց ցեղասպանութիւնը հիմքը կազմած է Ուխտի յառաջացման», այդուհանդերձ, Ուխտը յետադարձ ակնարկի իրաւունքը չունենալով` անգործադրելի նկատուեցաւ մեր ցեղասպանութեան պարագային: Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած միջազգային ուխտերուն ու համաձայնութիւններուն, յատկապէս` նպաստաւոր համարելով Լոզանի դաշնագիրի (1923) 37էն մինչեւ 44րդ յօդուածները: Ինչպէս ծանօթ է, Լոզանի դաշնագիրը Թուրքիոյ կողմէ վաւերացուած ըլլալով, անոր գործադրութիւնը պարտաւորիչ կը դառնայ ներկայ թուրք պետութեան համար: Խորհրդաժողովը յատուկ քննարկումի նիւթ դարձուց միջազգային դատարանները ու առանձնաբար քննարկուեցան Միջազգային արդարութեան դատարանը, Միջազգային քրէական դատարանը եւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանը, եւ պարզուեցան իւրաքանչիւր դատարանի ընձեռած հնարաւորութիւններն ու արգելքները: Խոր քննարկումի նիւթ դարձան բարեկամ երկիրներու դատարաններուն մօտ դատ բանալու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ թրքական դատարաններուն մօտ դատական հայց ներկայացնելու կարելիութիւններն ու դժուարութիւնները եւ հատուցման այլազան ձեւերն ու պայմանները: Ահա թէ ինչո՛ւ, ինչպէս շեշտեցի, Անթիլիասի խորհրդաժողովը պատմական նշանակութիւն ունի Հայ Դատի պատմութեան մէջ:

Հ.- Ցեղասպանութենէն ետք եկեղեցապատկան կալուած մը վերադարձնելու պահանջքը փաստօրէն առաջին իրաւական քայլն է: Ինչո՞ւ հարիւր տարի սպասեցինք նման քայլ մը առնելու համար:

Ն. Պ. Գ.- Ճիշդ է, Ցեղասպանութենէն ետք եկեղեցապատկան կալուած մը պահանջելը առաջին իրաւական քայլն է. սակայն բոլորիս ծանօթ են յետցեղասպանութեան տարագրութեան դժուարին պայմանները, որոնք կը ստիպէին հայ ժողովուրդը կեդրոնանալու գաղութային կեանքի կազմակերպչական աշխատանքներու վրայ: Վաթսունական թուականներէն ետք է միայն, որ հայ ժողովուրդը իր եկեղեցիով եւ քաղաքական կազմակերպութիւններով բարձրացուց Հայ դատի պահանջատիրութեան ջահը, շեշտը դնելով ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին վրայ:  Արամ Ա. կաթողիկոս, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ատենապետութեան 15 տարիներու ընթացքին Հայ դատի պահանջատիրութիւնը ԵՀԽի օրակարգի մնայուն նիւթերէն մէկը դարձուց, իր անձնական կապերով եւ միջազգային բեմերէն ունեցած արտայայտութիւններով ապահովելով եկեղեցական աշխարհի զօրակցութիւնը եւ ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստաւոր կեցուածքներ: Բնականաբար, կարելի չէ մոռնալ Ֆրանչիսկոս պապին կատարած պատմական յայտարարութիւնը 2015ին: Դարձեալ մեր ժողովուրդի միասնական ոգիին ու հետեւողական աշխատանքին արդիւնքը եղաւ որ քսանէ աւելի պետութիւններ պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը, յատկապէս 100-ամեակի սեմին: Ընդհանուր համոզումը այն էր, թէ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման քայլին պիտի հետեւէր օրինական հետապնդման եւ պահանջատիրական թղթածրարներու արծարծումը: Հոս է, որ 2012ի Անթիլիասի միջազգային խորհրդաժողովը իր անկիւնադարձային նշանակութիւնը ստացաւ, երբ օրինական հիմնաւորումներով որոշ իմաստով անջատեց ճանաչման եւ իրաւական հետապնդումի ուղիները, եւ ուղղեց մեզ դէպի իրաւական գործընթաց, առանց սպասելու ճանաչման քաղաքական ուղիի վերջին հանգրուանը, այլ խօսքով, ցեղասպանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Հ.- Միջազգային օրէնքը ի՞նչ կ՛ըսէ այս մասին. այլ խօսքով, հարիւր տարիներու հնութիւն ունեցող դատ մը ինչպէ՞ս կարելի է առնչել միջազգային օրէնքի, որ լայն չափով մշակուած է վերջին շուրջ յիսուն տարիներուն:

Ն. Պ. Գ.- Միջազգային օրէնքը կայուն իրողութիւն մը չէ, այլ միշտ ենթակայ է մեկնաբանութեան: Առ այդ, միջազգային դատի մը բանաձեւումը կ՛ենթադրէ անոր համապատասխանող օրէնքները որոնել ու անոնց մեկնաբանութիւնը կատարել` պատշաճեցնելով անշուշտ, ըստ տրամաբանութեան եւ ըստ հնարաւորութեան, տուեալ դատի պահանջներուն: Միւս կողմէ հարկ է ի մտի ունենալ մեր դատին 100 տարիներու հնութիւնը, թերեւս աւելի ճիշդ է ըսել` ժամանցելիութեան խնդիրը, որ մեր առջեւ կանգնող հիմնական դժուարութիւններէն մէկն է: Արդ, միջազգային օրէնքի ընձեռած կարելիութիւններու քննարկումէն ետք, Անթիլիասի խորհրդաժողովի եզրակացութիւնները կարելի է խտացնել երեք հիմնական կէտերու մէջ.-  Ա) Սերտել Թուրքիոյ ներքին դատարաններու ընձեռած կարելիութիւնները` նկատի ունենալով անոնց մօտ դատական հայցի գործնական հետապնդման կարելիութիւնները: Բ) ՄԱԿէն ներս օգտուելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայութենէն, աշխատանք տանիլ Ապահովական ընդհանուր խորհուրդին մօտ, հայցելու Արդարութեան միջազգային դատարանի տեսակէտը` ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր հետեւանքներու քննարկման գծով: Գ) Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մօտ դատ բանալ, հիմնուելով անոր պաշտպանած` կալուածի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատումի սկզբունքին վրայ:

Հ.- Ի՞նչ ընթացք ունեցաւ դատի պատրաստութիւնը. որո՞նք մասնակցեցան թղթածրարի պատրաստութեան:

Ն. Պ. Գ.- Խորհրդաժողովէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը յառաջացուց մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէին միջազգային դատերու եւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի մօտ դատերու փաստաբաններ եւ միջազգային օրէնքի դասախօսներ փրոֆ. Փայամ Ախաւան եւ փրոֆ. Թիմ Այքէ, կալուածային ու մարդկային իրաւանց հարցերու փաստաբան` Ճեմ Մուրատ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ` դոկտ. Թաներ Աքչամ, միջազգային ու թրքական օրէնքներու մասնագէտներ ու դասախօսներ` դոկտ. Բուրակ Ժեմալմազ եւ դոկտ. Իշթար Կիւզայտը, ԺԹ. եւ Ի. դարերու Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան դասախօս դոկտ. Մակար Էլսին, մասնագէտ թարգմանիչ` Ֆաթիմա Սաքարիա: Տարի մը առաջ Թիմ Այքէ, Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ Անգլիոյ պետութեան դատաւորը նշանակուեցաւ. հետեւաբար, ան հրաժարեցաւ յանձնախումբի անդամակցութենէն ու փոխարինուեցաւ կրկին անգլիացի եւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ դատերու փորձառու մասնագէտ` փրոֆ. Թիմ Օթթիով: Աւելի ուշ եւ յատկապէս Եւրոպական դատարանի մօտ դատական թղթածրարի պատրաստութեան համար յանձնախումբին մաս կազմեցին Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի մասնագէտ փաստաբաններ` Ֆիլիփա Վեպ, Էրիք Պյորք, Կիւզէթ Եուքսէլ եւ Ճ. Օսմանօղլու: Յանձնախումբի վերջին նիստին ներկայ գտնուեցան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ փաստաբան Վահէ Եագուպեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի աշխատանքներու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Յանձնախումբի աշխատանքը համադրեց Վեպըսթըր համալսարանի  դասախօս Թենի Փիրի-Սիմոնեան: Երեք տարուան ընթացքին յանձնախումբը գումարեց չորս նիստեր Ժընեւի մէջ, եւ երկու մասնակի նիստեր Անթիլիասի մէջ: Վեհափառը ղեկավարեց բոլոր նիստերուն աշխատանքը եւ մօտէն հետեւեցաւ դատական թղթածրարի պատրաստութեան: Իր զանազան երեսներով քննարկելէ ետք եկեղեցական կալուածներու պահանջքի հարցը, յանձնախումբը կեդրոնացաւ Սիսի կաթողիկոսարանին վրայ` նկատի ունենալով անոր պատմական կարեւորութիւնը եւ խորհրդանշական իմաստը. եւ որոշեց դատը ներկայացնել ուղղակիօրէն Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան: Վեհափառը ամէն ջանք ի գործ դրաւ, դատը բացուած տեսնելու Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, ինչ որ կատարուեցաւ 27 Ապրիլ 2015ին:

(Շար. 1)