Սուրիահայերը Հայաստանի Զարդը Դարձած են Իրենց Գործունէութեամբ, Աշխատասիրութեամբ եւ Բարեացակամութեամբ․ Հրանոյշ Յակոբեան


“Արմէնփրես”․- Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կը կարծէ, որ սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու մեծ մասը պիտի շարունակէ ապրիլ Հայաստանի մէջ: Նախարարը կը նշէ, որ սուրիահայերը Հայաստանի զարդը դարձած են իրենց գործունէութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ բարեացակամութեամբ:

Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծած է, որ սուրիահայերը Հայաստանի մէջ ոչինչէ գործեր կը ստեղծեն, այդ մէկը կը վկայէ, որ անոնք պրպտող են, աշխատասէր են, մտածող, կը փորձեն եւ հիմնականօրէն յաջողութեան կը հասնին:

«Շատ ու շատ սուրիահայերու հետ ես կը զրուցեմ, անոնց մեծամասնութիւնը չի ցանկար երթալ, բայց գիտէք, կեանք է` ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ անոնց մօտեցումները յաւերժ են ու վերջնական: Մեր սիրելի, համեստ, խելացի ու կազմակերպուած, աշխատող ու գրագէտ սուրիահայերը Սուրիոյ մէջ ձգած են տուն, գործ, ինքնաշարժ, պատմութիւն, պատմական ու մշակութային ժառանգութիւն: Ատիկա փաստ է: Այն, որ անոնց հայեացքը դէպի Սուրիա է, ատիկա ալ փաստ է: Անոնք օր մը պիտի երթան իրենց ունեցուածքի վերջնական գնահատականը ստանան, վաճառեն, վերցնեն, տեսնեն, թէ ինչ մնացած է իրենց ունեցուածքէն: Այս հարցերը անոնց համար դեռ հարցական են: Այնպէս որ, անոնք դեռ հոգեբանօրէն հանգիստ վիճակի մէջ չեն: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա պիտի ըլլայ այն ժամանակ, երբ Սուրիոյ մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատուի: Հիմա այնտեղ համեմատաբար հանգիստ վիճակ է, տայ Աստուած, որ այդպէս ալ մնայ, սակայն քանի դեռ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ ստորագրուած, այնտեղ լարուածութիւնը դեռ կայ, եւ սուրիահայերն ալ դեռ լարուածութեան մէջ են»,- ընդգծած է Հրանոյշ Յակոբեան:

 Նախարարը նկատել տուած է, որ 2017-ի «Հայաստան-սփիւռք» համաժողովի թեմաներէն մէկը նուիրուած էր սուրիահայերուն` յիշեցնելով, որ նման քննարկում ունեցած են նաեւ 2014-ին կայացած «Հայաստան- Սփիւռք» համաժողովի ժամանակ: «Գիտէք, այդ քննարկումները էականօրէն կը տարբերէին: Եթէ 2014-ին կար ջղային վիճակ, լարուածութիւն, պահանջատիրութիւն, դժգոհութիւններ, որ այս կամ այն հարցերը չեն լուծուած, ապա այս համաժողովի ընթացքին հանգիստ էր ամէն ինչ, որովհետեւ Հայաստանի նախագահի հովանիին ներքոյ 6 օդանաւ մարդասիական օգնութիւն հասած էր այնտեղ, մենք կը հովանաւորենք ծերանոցը, մանկատունը, հնարաւոր բոլոր տարբերակներով կը փորձենք օգնել սուրիահայութեան: Սուրիահայերն ալ այստեղ յարմարած են, համարկուած են: Եթէ առաջ կը պահանջէին, որ իրենց համար ըլլայ սուրիական դպրոց, որ իրենք իրենց ծրագիրով սորվին, ապա այսօր անոնք մեր հայաստանեան դպրոցներուն մէջ փայլուն արդիւնքներ կ՛արձանագրեն: Անոնք փայլուն արդիւնքներ կ՛արձանագրեն նաեւ մշակոյթի, տնտեսութեան, գործարարութեան ոլորտներու մէջ: Հիմա մենք գրեթէ չունինք սուրիահայ մը, որ ունի խնդիրներ, որոնք լուծում չեն ստանար»,- ընդգծած է Յակոբեան:

Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու համար, ի հարկէ, կան բարդութիւններ, դժուարութիւններ, քանի որ անոնք Հայաստանի մէջ չեն վաստակիր այնքան, որքան կը վաստակէին Սուրիոյ մէջ, չեն ապրիր նոյն կենսամակարդակով, ինչ որ Սուրիոյ մէջ: Բայց Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ անոնք արդէն հասկցած են, յարմարած են Հայաստանի պայմաններուն, քրտնաջան կ՛աշխատին: