Սուրիոյ Առաջին Տիկինը Հանդիպում Ունեցած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան Հետ


 «Գանձասար»․- Յունուար 9ին, Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ասատ հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Դամասկոսի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն եւ ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան անդամ Սոնա Անտրեանի հետ։

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ բարեսիրական աշխատանքներու կարեւորութեան շուրջ:

Վարչութեան անդամները ներկայացուցին իրենց գործունէութեան բնոյթն ու տարողութիւնը:

Ասմա Ասատ, գնահատելով տարուած աշխատանքը՝ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու միութեան բարեսիրական եւ ընկերային գործունէութեան: