Սուրիոյ Հայաբնակ Քաղաքները` Թրքական Զինուած Ուժերու Կրակին Տակ


Ռաս Ուլ Այնի ռմբակոծումներէն պատկեր մը

«Եռագոյն», «Արմռատիօ»,- Թուրքիոյ զինուած ուժերը ռազմական գործողութիւններու սկսած են Սուրիոյ հիւսիս-արերեւեալ քրտաբնակ շրջաններուն վրայ, ուր կը բնակին նաեւ մեծ թիւով հայեր։

Հայահոծ Գամիշլիի մէջ ռմբակոծուած են շրջանի ծայրամասերը՝ յատկապէս այնտեղ, ուր կը գտնուին քրտական զօրակայանները։ Օդային հարուածները կը տեղան տարբեր կողմերէ, նոյնիսկ Գամիշլիին կից գտնուող Մծբին քաղաքէն։ Ճաղճաղ գետի միւս ափին գտնուող Պշերիէ թաղամասին բնակչութիւնը տեղափոխուած է Ուսթա հայաբնակ թաղամասը, ուր աւելի ապահով է։ Ռմբակոծումներէն վնասուած է Ասորիներու Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Փակուած է օդակայանը։ Ապահովութեան նկատառումներով քաղաքին մէջ այսօր դպրոցները փակ են։ Հրթիռակոծումներու հետեւանքով զոհուած է 8 եւ վիրաւորուած՝ 20 մարդ։

Կը ռմբակոծուի նաեւ Թել Ապիատ քաղաքը, ուր 16 հայ ընտանիք կայ: Կը նախատեսուի զանոնք շուտով դուրս հանել, Ֆէյսպուքի մէջ գրած է ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, սփիւռքի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի հետ:

«Այժմ թուրքերը կը ռմբակոծեն Թել Ապիատ քաղաքը, ուր 16 հայ ընտանիք կայ: Կը նախատեսուի շուտով կազմակերպել անոնց տարհանումը: Բացի այդ, Գամիշլին, ուր նոյնպէս հայ բնակիչներ կան, կը ռմբակոծուի․․․», գրած է ան:

ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութիւն այս առնչութեամբ յայատարարութիւն տարածած է դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ սկսած  ռազմական ներխուժումը, կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ջանքեր գործադրելու այս ռազմական ներխուժումը դադրեցնելու, զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու եւ Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ բնակչութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ: