Սուրիոյ Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Յիշատակուեցաւ Սուրբ Յարութեան Տօնը


«Գանձասար»․- Ապրիլ 1ին, Հալէպի հայկական եկեղեցիներուն զանգերը ղօղանջեցին՝ աւետելով Ս. Յարութեան տօնը։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագի արարողութիւնը հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան։

Պատարագի արարողութեան ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, փոխհիւպատոսը, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխանը, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ու Ազգ.Վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը։

Քարոզի պահուն, Սրբազան Հայրը Ս. Յարութեան տօնի իր պատգամը տուաւ։

Նոյն ժամերուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւս Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ։

Միջօրէին, Սրբազան Հայրը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս շնորհաւորութիւններ ընդունեց։

Սրբազան Հայրը եւ հայ առաքելական համայնքը շնորհաւորելու եկած էին Պաաս կուսակցութեան Սուրիոյ փոխկուսակցապետ Հիլալ ալՀիլալ, Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Դոկտ. Պշըր Եազճի, Հալէպի նահանգապետը, ոստիկանապետը եւ պետական ու զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, ապա նաեւ հալէպահայ միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Սուրբ Յարութեան տօնը նշուեցաւ նաեւ Հասիչէի եւ Տէրիքի մէջ

Մարտ 31ին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս.Յարութեան տօնի ճրագալոյցին առիթով:

Յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրուան խորհուրդը յղեց Տ. Պսակ Քահանայ Պէրպէրեան, որ կարդաց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահան Արք.Սարգիսեանի Ս.Յարութեան պատգամը:

Ապրիլ 1ի առաւօտուն, Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով՝ հանդիսապետութեամբ Տ.Պսակ Քհնյ.Պէրպէրեանի: Պատարագէն ետք, քահանայ հայրը եկեղեցւոյ շնորհաւորութիւններ ընդունեց: Իսկ Ապրիլ 2ին, Ազգային գերեզմանատան մէջ ննջեցեալներու հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ: