Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Համագումար` Անթիլիասի Մէջ


Արամ Ա. կաթողիկոսին hրաւէրով ու նախագահութեամբ` Ապրիլ 29ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար :

Համագումարին ներկայ էին Արամ Ա․ հայրապետը, կաթողիկէ հայոց Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, Սուրիոյ հայութեան շտապ մարմինի անդամները` առաջնորդութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Պետրոս արք. Միրիաթեան, վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Արմաշ եպս. Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ համայնքի պատասխանատուներ, ՀԲԸՄի եւ ՍՕԽի ներկայացուցիչներ: Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնը, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ատենապետները: Լիբանանէն կը մասնակցէին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համակարգող մարմինի ներկայացուցիչներ:

Համագումարը, նախ եւ առաջ, առիթ մը եղաւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատկերացումը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով, հոգեւոր պետերուն ողջոյնի ու քաջալերանքի խօսքերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին կողմէ վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները: Ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում ու արժեւորում եւ ճշդուեցան յառաջիկայ ամիսներուն կատարուելիք աշխատանքին առաջնահերթութիւնները, ընթացքն ու հանգրուանները:

Համագումարը ողջունելով անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին համահայկական տարողութեամբ Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութիւնը, մաղթեց, որ նո՛յն ոգիով ու մօտեցումով շարունակուի համահայկական զօրակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Հետեւելով վեհափառ հայրապետին պատկերացումին` համագումարը քննարկեց կարելիութիւններ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին մէջ գաղութին վերականգնման նպաստող ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան:

Որոշուեցաւ Օգոստոսի առաջին կիսուն համահայկական տարողութեամբ համագումար մը կազմակերպել` մասնակցութեամբ Հայաստանի պետութեան, հայկական գաղութներու, թեմերու, կազմակերպութիւններու ու բարերարներու: Սոյն համագումարին նպատակը պիտի ըլլայ ընդհանուր զեկուցում մը ներկայացնել կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին ու ներկայացնել պատրաստուած ծրագիրները, որպէսզի անոնք որդեգրուին ներկաներուն կողմէ: