Սուրիոյ Ղնեմիէ Գիւղի Իրավիճակը Այսօր


“Գանձասար”․- Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վահէ Արըճեան կը տեղեկացնէ․

«18 Յուլիս 2012ը Ղնեմիէի բնակչութեան համար աղիտալի օր դարձաւ, երբ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներ գիւղը գրաւեցին ու Ղնեմիէն դատարկուեցաւ իր բնակչութենէն:

“Երկար, տառապալի չորս տարիներէ ետք, 19 Փետրուար 2016ին, սուրիական բանակին շնորհիւ գիւղը ազատագրուեցաւ: Քանի մը օր վերջ, նահանգապետին արտօնութեամբ եւ զօրքին ընկերակցութեամբ դէպի Ղնեմիէ ժողովրդային առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ: Երկարատեւ բացակայութենէ ետք գիւղացիները գիւղին ազատագրումը հրաշքի համազօր նկատելով, նախքան իրենց բնակարաններ այցելելը եկեղեցի այցելեցին եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած շնորհակալութիւն յայտնեցին:

“Յիշենք, թէ Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ քարերը 90 առ հարիւր տոկոսով կողոպտուած էին, սակայն նահանգապետին ջանքերուն շնորհիւ,  Նոյեմբեր 16ին, քարերը մեծամասնութեամբ վերադարձուեցան եւ եկեղեցին բարեկարգուելով իր նախկին տեսքը ստացաւ:

“Ամիսներ առաջ, Ղնմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խաչը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ վերաօծուեցաւ, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիսեանի, իսկ Յուլիս 28ին, Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, խաչը տեղադրուեցաւ գմբէթին վրայ:

“Գիւղը տակաւին անբնակելի է, կենցաղային պայմաններու չգոյութեան պատճառով, սակայն կառավարութեան արտօնութեամբ, մէկ տարիէ իվեր ամէնօրեայ դրութեամբ գիւղի հայ երիտասարդութիւնը հերթական հսկողոթիւն կը կատարէ:

“Թեմիս Ազգ. Իշխանութիւնը նահանգապետին հետ մնայուն կապի մէջ է` գիւղի կենցաղային պայմաններու ապահովման աշխատանքները հետապնդելու համար, որպէսզի ազատագրուած Ղնեմիէն վերակենդանանայ ու բնակչութիւնը վերադառնայ»:

Աւարտին ան աւելցուց. «Կոչ կ’ուղղեմ բոլոր ղնեմիէցիներուն, որ այս գիւղը չլքեն, որովհետեւ այս հողը մերն է, մենք հոս ծնած ու ապրած ենք, վերադարձէք, որ այս ժառանգութիւնը պահպանենք»: