Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը Գամիշլիի Մէջ Կազմակերպեց Շտապ Օգնութեան Դասընթացք


Դասընթքացքին մասնակիցնեը՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի հետ

Բժշկհ. Մարի Մելքոն


“Գանձասար”,- Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, Հոկտեմբերին, Սուրիոյ Օգնութեամ Խաչի  «Արցախ» մասնաճիւղի Վարչութիւնը կազմակերպեց շտապ օգնութեան դասընթացք մը, որուն նպատակն էր գործնական վաժութիւններով մարզել խաչուհիները, որպէսզի նախնական դարմանումով անակնկալ պատահարներու եւ արկածներու պարագային կարենան վիրաւորներու կեանքը փրկել։

Բուժքոյր Շուշանիկ Ղազարեան, երկու շաբթուան ընթացքին, 43 խաչուհիներուն տեսերիզի  միջոցով եւ գործնական դասերով բացատրեց կոտրուածքներու, այրուածքներու տեսակները, ասեղի սրսկման ձեւն ու բժշկական անհրաժեշտ գիտելիքներ փոխանցեց։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը այցելեց «Արցախ» Մասնաճիւղի կեդրոն եւ մասնակցեցաւ վերջին դասապահին, որմէ ետք ան բարձրօրէն գնահատեց ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի Վարչութիւնը, մասնակցող խաչուհիները եւ դասատու բուժքոյր Շուշանիկ Ղազարեանը, նկատել տալով, որ նման դասընթացքներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է իւրաքանչիւր անձի համար, նամանաւանդ երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ։

ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Սարգիսեան խորհրդանշական յուշանուէրով մը պատուեց դասատուն։

Դասընթացքէն պատկեր մը