Ստեղծուած է «Սասունցի Դաւիթ» Դիւցազնավէպի Թեմայով Հայկական Առաջին Ելեկտրոնային Յաւելուածը


ԵՐԵՒԱՆ․- «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի պահպանման եւ նպատակով ստեղծուած է դիւցազնավէպի թեմայով հայկական առաջին ելեկտրոնային յաւելուածը:

Յաւելուածը կարելի է ներբեռնել` օգտուելով Android բջիջային համակարգի Play store բաժինէն` գրելով «Սասունցի Դաւիթ»` հայերէն կամ անգլերէն:

Յաւելուածի հիմնական բաժիններն են` ասմունք, զարգացման խաղեր (հարցեր դիւցազնավէպի մասին), հանելուկ եւ ուիքիփետիայի «Սասունցի Դաւիթ», «Սասնայ ծռեր» շարժապատկերներու եւ Ժան Էլոյեանի ասմունքի յղումները: Դիւցազնավէպէն հարցումներուն ճիշդ պատասխանելու նպատակով յաւելուածին մէջ առկայ է նաեւ ելեկտրոնային գիրք, ուր կը ներկայացուին դիւցազնավէպին` պատասխաններուն առնչուող հատուածները:

Իսկ iOS բջջիջային համակարգին համար յաւելուածը հասանելի պիտի ըլլայ քանի մը ամիսէն:

Յաւելուածի ստեղծումը կարեւոր է, որպէսզի նոր սերունդը տեղեակ ըլլայ ազգային, աւանդական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն եւ հայրենասիրական ոգիով մեծնայ։