Ստեփանակերտի Մէջ Երկու Նոր Թաղամաս Պիտի Կառուցուի


“Արցախփրես”,- Ստեփանակերտի մէջ, յաջորդ տարի, պիտի կառուցուի ընդհանուր մօտ 500 բնակարանէ բաղկացած 2 թաղամաս՝ քաղաքի Տիգրան Մեծ եւ Թումանեան փողոցներուն վրայ։ Կառուցուող բնակարաններուն մօտ 30 տոկոսը պիտի գնուի պետութեան կողմէ, իսկ մօտ 70 տոկոսը պիտի իրացուի հիփոթեքային ծրագիրներով։ 

Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Դեկտեմբեր 27ին՝ տարուան ամփոփիչ ասուլին ժամանակ նշած է, որ առաջին խումբի բնակարանները՝ պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւններու ծիրէն ներս՝ պիտի նուիրաբերուին համապատասխան հասարակական խումբերուն պատկանող անձերու, իսկ երկրորդ խումբի բնակարանները պիտի իրացուին 1 մ2 280 հազ. դրամ արժէքով։ Բնակարանները պիտի ըլլան 2, 3 եւ 4-սենեականոց։ 2-սենեականոց բնակարաններուն մակերեսը նախատեսուած է 55 մ2, 3-սենեականոցը` 75 մ2, 4-սենեականոցը` 95 մ2։

«Յաջորդ տարին գիւղական բնակավայրերու մէջ բնակող քաղաքացիներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման համար տրամադրուող փոխառութիւններու տարեկան տոկոսադրոյքը առաջնային շուկայի մէջ պիտի սահմանուի 1 տոկոս՝ գործող 5 տոկոսի փոխարէն, իսկ կանխավճարը՝ 5 տոկոս՝ գործող 10 տոկոսի փոխարէն, երկրորդային շուկայէն բնակարանի ձեռքբերման պարագային՝ փոխառութեան մարման ժամկէտը պիտի սահմանուի 10 տարի՝ գործող 6 տարուան փոխարէն», ըսած է ան։

Արցախի մէջ 2018 Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն իրականացուած շինարարութեան ծաւալը կազմած է աւելի քան 43 միլիառ դրամ՝ ապահովելով նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշի նկատմամբ 10.5% իրական աճ: Շինարարութեան շուրջ 45%-ը կատարուած է պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին (19.6 միլիառ դրամ):

Մարտիրոսեան ընդգծած է, որ 2018ի ընթացքին հիփոթեքային վարկաւորման պետական աջակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս՝ 433 ընտանիք բարելաւած է իր բնակարանային պայմանները, անոնց 238ը՝ նոր բնակարան գնած է ։

Անդրադառնալով պետական պիւտճէին, պետական նախարարը ըսած է, որ 2018 Յունուար-Նոյեմբերի ընթացքին պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտները եւ տուրքերը կազմած են 48 միլիառ դրամ` նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը գերազանցելով 38.3 տոկոսով կամ 13.3 միլիառ դրամով։