Սփիւռքակեդրոն Դաստիարակութիւն Ու Կրթական Մօտեցումներու Անհրաժեշտութիւն


Ռազմիկ Փանոսեան 


 

 
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի այս խօսքը ներկայացուած է Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին (Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017)։
 
Իմ զեկոյցս Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու նիւթին շուրջ մօտեցում մը պիտի ներկայացնէ, որ այս համաժողովին սպասածէն, կամ ոճէն, կը տարբերի: Խօսքերս սահմանափակուած են կրթական ծիրին, առանց անդրադառնալու որեւէ քաղաքական հարցի: Նիւթս արեւմտահայերէնի պահպանումն ու զարգացումն է սփիւռքեան իրականութեան (քոնթեքսթին) մէջ:
 
Հիմնական դրոյթս հետեւեալն է. եթէ իսկապէս կ’ուզենք արեւմտահայերէնը պահել ու ամրապնդել – յառաջացնել – պէտք է սփիւռքակեդրոն ըլլանք, սփիւռքակեդրոն մօտեցումներ ու ծրագիրներ մշակենք:
 
Աւելցնեմ, որ խօսքս աւելի ուղղուած է Սփիւռքի ղեկավարութեան, մտաւորականներուն եւ լեզուով ու մշակոյթով զբաղուող անձերուն:
 
Արեւմտահայերէնի հիմնական հարցը ի՞նչ է: Ուղղագրութի՞ւն, քերականական կանոննե՞ր, մերձեցո՞ւմ: Ըստ իս, ասոնք կարեւոր են, բայց այս հանգրուանին մեր հիմնական հարցերը չեն: Եթէ UNESCO-ի վերլուծումը լաւ կարդանք, պիտի տեսնենք որ հիմնական հարցը լեզուն յաջորդ սերունդին փոխանցելու մարտահրաւէրն է: Հո՛ս է, որ լեզուին ամէնէ լուրջ նահանջը կը տեսնենք: Ուրեմն՝ հո՛ս է որ շեշտը պէտք է դնենք ու մեր ներդրումները կատարենք:
 
Տեղեակ եմ որ մեր գաղութները փոխուած են, կեթթոներու մէջ չենք ապրիր, ու ազգային ինքնութիւն պահելու ընթացքները կը տարբերին անցեալէն: Այս ընդհանուր նիւթերուն մասին պիտի չխօսիմ ժամանակի սղութեան պատճառով: Շատ մելան կը հոսի այպանելու միջազգային իրողութիւններ եւ ընկերային հոսանքներ՝ արեւմտահայերէնի տկարութիւնները «մեկնաբանելու» համար (թէպէտեւ այս նիւթերուն մասին լուրջ ուսումնասիրութիւններ չկան): Սակայն, շատ քիչ կը խօսուի Սփիւռքի ղեկավարութեան դերին մասին:
 
Առաջին հերթին լեզուն պահելը կամ ոչ բարոյական որոշում մըն է: Կ’ուզե՞նք արեւմտահայերէնը գոյատեւէ կամ ոչ: Ինքնախաբէութեամբ չզբաղինք միասնաբար բացագանչելով «անշո՜ւշտ»: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի այն մտածելակերպը, որ եզրակացուցած է, թէ անիմաստ է լեզուն պահելը սփիւռքեան պայմաններու մէջ, եւ մեր ինքնութիւնը պէտք է կերտենք ուրիշ հիմքերու վրայ: Ես բացարձակապէս կը մերժեմ այս մօտեցումը ու անոր ենթադրած պարտուողականութիւնը: (Թէպէտեւ աւելցնեմ որ երբեք ալ չեմ ըսած, թէ ազգային ինքնութիւնը միայն լեզուի հետ կապուած է կամ միայն լեզուով կ՚արտայայտուի)։ Ուրեմն՝ խօսքս անոնց է, որ կը հաւատան որ լաւ կ՚ըլլայ եթէ արեւմտահայերէնը գոյատեւէ եւ զարգանայ:
 
Մենք՝ Սփիւռքի կրթական ու մշակութային ծիրին մէջ գործունեայ անհատներ ու կառոյցներ, պէտք է քիչ մը ինքնաքննադատութեամբ զբաղինք։ Ո՞ւր է որ ձախողեցանք ու կը ձախողինք: Շատ կը վերլուծենք լեզուի եւ դպրոցներու անկումը առանց հայելիին նայելու ու մենք մեզի հարցնելու թէ ո՞ւր սխալեցանք: Կ՚այպանենք միջազգայնացումը (globalisation), ծնողները, մեր ապրած երկիրներուն կրթական օրէնքները եւ նոյնիսկ երեխաները, բայց երբեք չենք հարցներ, թէ մենք – կրթական ծրագիրներու պատասխանատուներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ – ի՞նչ սխալ ըրինք:
 
Չորս կէտեր մէջբերեմ: Առաջինը քննարկում մըն է հայեցի դաստիարակութեան գաղափարին, որուն ընդմէջէն հայերէնն ու հայեցին նոյնացուցած ենք մեր դպրոցներուն եւ մեր մտածելակերպին մէջ: Կը կարծեմ, որ այս միացումը իր բացասական դերը սկսած է ունենալ: Լեզուն «կեթթոյացուցած» ենք եւ կեթթոյին անունը դրած ենք «հայեցի դաստիարակութիւն»: Այսինքն՝ հայերէնով հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, լեզու ու կրօնք կը սորվեցնենք առանց աշխարհի հետ հայերէնով առնչուելու։
 
Այս պատճառով, առանց անդրադառնալու կ՚ամրապնդենք այն գաղափարը թէ անգլերէնը, սպաներէնը կամ ֆրանսերէնը, օրինակ, աշխարհի հետ կապուելու լեզուներ են, բայց ո՛չ՝ հայերէնը։ Այս երեւոյթը իրապէս վտանգ մըն է մեր լեզուի կենսունակութեան, որովհետեւ լեզուն կը նուաստացնէ ու մէկ նիւթի լեզու կը դարձնէ, եւ այդպէս տարիներու ընթացքին լեզուն կը սկսի իր այժմէականութիւնը կորսնցնել դառնալով գեղեցիկ բայց սառած յուշապատկեր մը, ծրար մը – մեծ հօր ու մեծ մօր լեզուն եւ ո՛չ մեր բարեկամներուն հետ յարաբերելու լեզուն, կամ նորարարութիւններու լեզուն:
 
Երկրորդ՝ լեզուն վերածեցինք պարտադրանքի, բեռի, գաղափարախօսութեան եւ նոյնիսկ սրբութեան, երբ պզտիկին ու պատանիին համար պէտք է ըլլայ հաճոյքի, խաղի ու աշխարհին բացուելու լեզու: Եթէ 21-րդ դարու սկիզբը կ՚ուզենք արեւմտահայերէնը զարգացնել եւ ամրապնդել, պէտք է լեզուն անպայման դուրս գայ պարտադրանքի կամ պարտականութեան ծիրէն ու դառնայ գրաւիչ երիտասարդ սերունդին համար: Այո՛, ասիկա կարելի է իրականացնել:
Երրորդ՝ շարունակելով վերի գաղափարը, մանկավարժական մեր մօտեցումները չկրցանք թարմացնել, քայլ պահելով արդի կրթական մօտեցումներու, հայերէնի դասաւանդումին մէջ: Շարունակեցինք հայերէնը սորվեցնել որպէս «մայրենի» երբ արդէն վերածուած էր երկրորդ լեզուի, պահանջելով մեթոտաբանութեան փոփոխութիւն, մասնաւորապէս արեւմտեան Սփիւռքի մէջ: Կը խօսինք նահանջի մասին, կը տեսնենք արդիւնքի պակասը, բայց տակաւին դասական մօտեցումներու կառչած կը մնանք, պարտադրելով որ պզտիկն ու պատանին սորվին լեզուն տափակ մթնոլորտի մը մէջ, փոխանակ «իւրացնելու» զայն հաճելի պայմաններու տակ:
 
Չորրորդ՝ սկսանք հաւատալ որ մեր հարցերուն լուծումները ուրիշ տեղէ պիտի գան – այսինքն՝ Երեւանէն: (Վստահ եմ, որ այս կէտն է որ ամենէն շատ ընդվզումի պիտի առաջնորդէ այս սրահին մէջ): Հոս է, որ «սփիւռքակեդրոն»-ի գաղափարը պիտի ընդլայնեմ աւելի:
 
Յետեղեռնեան Սփիւռքի ղեկավարները, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ, մեր գաղութները կերտեցին: Հայախօսութեան ո՛չ թէ միայն կը հաւատային, այլ զայն իրագործեցին, իրենց ջանքերով ու իրենց գաղութներու հնարաւորութիւններով: Հիմնուեցան հարուստ աւանդութեան մը վրայ՝ Զարթօնքէն բխած եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարածուած հայկական դպրոցներու փորձառութիւնը եւ մանկավարժական գիտելիքները: Ուզեցին եւ կրցան շարունակել կրթական ու լեզուական իրենց աշխատանքները, ապաւինելով իրենց անցեալին եւ իրենց ժամանակակից կրթական նորարարութիւններուն:
 
Ներկայիս կարծէք սկսած ենք մեր հարցերուն պատասխանը փնտռել այլուր, երկրի մը մէջ որուն համար արեւմտահայերէնը այդքան ալ կեդրոնական հարց մը չէ։ Այո՛, որոշ հետաքրքրութիւն մը կայ, բայց մենք մեզ չխաբենք. այդ հետաքրքրութիւնը լուրջ արդիւնքի առաջնորդելու փաստերը չկան:
 
Թող սխալ չհասկցուիմ, որ հայրենիքը որեւէ դեր չունի արեւմտահայերէնի պահպանումին մէջ: Մասնագիտական ծիրին մէջ Հայաստանի համալսարանները եւ մասնագէտները որոշ դերակատարութիւն կրնան ունենալ հետազօտական աշխատանքներու մէջ, բայց ո՛չ՝ մանկավարժական ծիրին մէջ, ուր մեր կարեւորագոյն ներկայ պէտքերը կը գտնուին:
Կը խորհիմ, որ Սփիւռքի ղեկավարներն ու մտաւորականները իրենց պատասխանատուութիւնը կ՚ուրանան եւ անկէ կը խուսափին, երբ կ՚ըսեն, թէ նախաձեռնութիւնները, լուծումները եւ մարդուժը Հայաստանէն պէտք է գան: (Չմոռնանք, որ մեր ներկայ ազգային ինքնութիւնը, ներառեալ` մեր երկու աշխարհաբարները, կերտուած են սփիւռքեան գաղութներուն մէջ)։
 
Ուստի, արեւմտահայերէնի պարագային Սփիւռքն է, որ առաջնահերթ դեր ունի իր լեզուն պահելու ու զարգացնելու ընթացքին մէջ: Հայաստանը թող օգնէ կարգ մը ծրագիրներով, բայց արեւմտահայերէնի բանալին կը մնայ արեւմտահայերու ձեռքը, եթէ անշուշտ կ՚ուզենք, որ ան գոյատեւէ որպէս իւրայատուկ լեզուական ճիւղ:
 
Մանկավարժական եւ մեթոտաբանական գետնի վրայ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ մօտեցումներու շատ մեծ տարբերութիւններ կան։ Հայաստանի մանկավարժական մօտեցումը չի յարմարիր արեւմտեան Սփիւռքին։ Ո՛չ ալ հոգեբանութիւնը: Արեւմտեան Սփիւռքը յաջողած է լեզուն փոխանցել սերունդէ սերունդ երբ հիմնուած է ի՛ր տեղական մանկավարժական մօտեցումներուն վրայ ու օգտագործած ի՛ր միջոցները իր զաւակներուն կրթութեան համար։
 
Կը մնայ հարցնել՝ արդեօք Սփիւռքի ղեկավարները, մանաւանդ կրթական ծիրին մէջ, պատրա՞ստ են այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելու:
 
Ահաւասիկ ա՛յս է սփիւռքակեդրոն ըլլալու գաղափարը։ Հարկաւ՝ խօսքը դասական Սփիւռքի մասին է։ Նոր Սփիւռքը որ կազմուեցաւ յետ-անկախութեան շրջանին բոլորովին ուրիշ մարտահրաւէրներ ունի եւ լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ։ Հոն մեծ դեր վերապահուած է Հայաստանի ղեկավարութեան՝ արեւելահայերէնի ամրապնդումին ու զարգացումին մէջ։
Վերջացնեմ զեկոյցս գործնական օրինակներով: Դիւրին է խօսիլ, վերլուծել, քննադատել: Դժուար է վերլուծումը ծրագրի վերածել ու այդ ծրագիրը իրականացնել: Խօսիմ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աշխատանքներուն մասին:
 
Երկու ամառներէ ի վեր կը համախմբենք 40ի մօտ մասնագէտներ, ուսուցիչներ եւ արեւմտահայերէնով արտադրող մշակութային գործիչներ, մէկ շաբաթ տեւող սեմինար-ճամբարի մը, որուն ընթացքին անոնց առիթը կու տանք որ ստեղծեն արեւմտեան Սփիւռքի յատուկ մանկավարժական գործիքներ՝ խաղեր, երգեր, լեզուական դասընթացքներ: Տարուան ընթացքին կը հետեւինք անոնց աշխատանքներուն եւ 2018ին այս բոլորը հանրութեան ձրիաբար պիտի տրամադրենք՝ մասնայատուկ կայքէջի մը միջոցաւ: Ուսուցիչները եւ արտադասարանային հայերէն սորվեցնողները այս բոլոր «միջոցները» կամ «գործիքները» պիտի կարողանան օգտագործել իրենց դասարաններուն մէջ:
 
Զուգահեռ այս ծրագրին, 2017ի ամրան հարաւային Ֆրանսայի մէջ կազմակերպեցինք արեւմտահայերէնի ճամբար մը 10էն 15 տարեկան պատանիներուն համար, «Զարմանազան» անունով: Քառասունի մօտ պզտիկներ, այլազան երկիրներէ, մասնակցեցան տարբեր ձեռնարկներու արեւմտահայերէնով։ Այս խումբին մէջ կային հայերէն չգիտցող, հայերէն քիչ մը գիտցող եւ սահուն հայերէն խօսողներ։ Հասարակաց լեզուն արեւմտահայերէնն էր։ Պէտք է տեսնէիք, թէ այս չորս շաբթուան ընթացքին ինչպէ՛ս բարելաւուեցաւ անոնց հայերէն լեզուի իմացութիւնը։ Անոնք սկսան արեւմտահայերէնով բարդ գաղափարներ արտայայտել։ Եւ լեզուն սիրել, ուզելով սորվիլ հայերէն, տխրութեամբ մեկնիլ ճամբարէ մը որ հայերէնի նուիրուած էր: Երբ վերադարձան տուն, շարունակեցին խանդավառութիւնը եւ փոխադարձ կապերը պահեցին։
 
Ո՛չ մէկը անոնց հայկականութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն քարոզեց, մէկը անոնց լեզուն չպարտադրեց, ոչ ալ անընդհատ սրբագրեց: Բայց անոնք ինքնաբերաբար սորվեցան, որովհետեւ սիրեցին մթնոլորտը: Անոնք իրենց այժմէական մշակոյթը ստեղծեցին եւ ո՛չ թէ լեզուական կամ մշակութային «ծրար» մը ստացան որպէս պարտականութիւն:
 
«Զարմանազան»-ի մէկ մասն էր հայկական դպրոցներու 15 ուսուցիչներու վերաորակաւորումին՝ Փարիզի INALCO համալսարանի հետ գործակցաբար։ Ի՜նչ «յեղափոխական» գաղափար՝ ուսուցիչ պատրաստել աշակերտին ներկայութեան ու աշակերտին հետ առնչուելով… Ուրիշ նորութիւն մը. ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մէկ մասն էր նաեւ ուրիշ լեզու մը սորվիլ – այսինքն՝ նիւթը դիտել ո՛չ թէ միայն ուսուցիչի տեսանկիւնէն, ալ նաեւ աշակերտին:
 
Այս մանրամասնութիւնները կը յիշեմ միայն մանկավարժական փոփոխութիւններու եւ նորարարութիւններու օրինակներ ցոյց տալու համար:
 
Աւելի մեծահասակներուն համար (16էն 24 տարեկան), ուրիշ մէկ շաբթուան ճամբար մը կազմակերպեցինք «Վիքիմետիա Հայաստան»-ի հետ գործակցելով Վիքիփետիայի յօդուածներ գրելու համար: Միայն յօդուածներու թիւը կարեւոր չէր, այլ նաեւ գրելու եւ կարդալու սէրն ու խանդավառութիւնը: Ճամբարին մասնակցողները կարդացին արդի գրականութիւն ու խմբային աշխատանքներու մէջ մխրճուեցան կարդալով ու գրելով:
 
Ամէնքս գիտենք եւ կը խօսինք ելեկտրոնային գործիքներու կարեւորութեան մասին: Արեւմտահայերէնով ուղղագրութիւն սրբագրելու ծրագիրը յառաջիկայ տարի պատրաստ պիտի ըլլայ այլազան խելախօսներու (smartphone) համար եւ համակարգիչի ծրագիրներու համար: Կը հաւատանք որ ասիկա թափ պիտի տայ աւելի հայատառ գրելու:
Մասնայատուկ վերաորակաւորման ծրագիր մը իրականացուցինք «Հայկազեան» համալսարանի հետ Լիբանանի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն համար՝ 2017-18 ուսումնական տարեշրջանի դիմաց:
 
Եզրափակեմ. մարդուժ, մարդուժ եւ մարդուժ պէտք է պատրաստել Սփիւռքի մէջ, Սփիւռքի յատուկ, Սփիւռքի համար: Գործը մեծ է, բայց կարելի: Անշուշտ՝ նիւթական ներդրում կը պահանջէ, բայց աւելի կարեւոր, տեսլական մը կը պահանջէ որ պետականութեամբ տարուած չէ ու կը հաւատայ ինքն իրեն – ու իր լեզուին:
 
Եթէ արեւմտահայերէնը պիտի ամրապնդենք ու զարգացնենք – վստահ եմ, որ նշմարեցիք որ միայն պահպանումի մասին չեմ խօսիր – սփիւռքակեդրոն շարժումի մը պէտք ունինք, որ կը հաւատայ այս տեսլականին եւ պատրաստ է գործի լծուելու, վերլուծումէն գործի անցնելու:
 
19րդ դարու սկիզբը, խումբ մը «գրոց բրոց» մտաւորականներ ու վարդապետներ, Պոլիս, Թիֆլիս ու Վենետիկ նստած, մեր երկու աշխարհաբարները ստեծեցին: 21րդ դարու սկիզբը, օժտուած համացանցային բոլոր դիւրութիւններով, աշխարհասփիւռ հայերս պիտի չկրնա՞նք արեւմտահայերէնը զարգացնել եթէ ջանք թափենք ու մենք մեր ուժերուն վստահինք:
 
Չորս տարիէ ի վեր, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը այս գործին լծուած է, իր միւս ծրագիրներուն կողքին: