Սփիւռքահայ Երիտասարդները «Արի Տան» Կանչով Կրկին Հայաստան Պիտի Գան


Ամառը պիտի սկսի Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի տուն»-2017 ծրագիրը, որուն կ’ակնկալուի մինչեւ 1000 սփիւռքահայ պատանիի մասնակցութիւնը։

Ծրագիրը պիտի մեկնարկէ Յունիս 18էն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 26՝ ութ փուլերով, իւրաքանչիւր փուլ 14 օր, որմէ  9 օրը՝ հիւրընկալող ընտանիքին քով, 4 օրը՝ ճամբարի մէջ: Ծրագրին կրնան մասնակցիլ 13-18 տարեկան պատանի-երիտասարդներ, որոնք նախապէս չեն մասնակցած նոյն ծրագրին:

«Արի տուն» ծրագրին նպատակն է` աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան-հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, ծանօթացնել իր ժողովուրդի ավանդույթներուն ու սովորույթներուն, հայ ընտանիքին:

Այս տարուան ծրագրին ծանօթանալու եւ մասնակցելու համար կրնաք այցելել Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջ։